ԳԹՈՒԹԻՒՆ
Տէ՛ր,
հիւանդներուն
եւ
լքուածներուն
սնարէն
Ոճրագործներդ
ու
իրենց
սուրերուն
սարսափը
հեռացո՛ւր,
Եւ
ջուրերդ
թո՛ղ
քիչ
մը
իրենց
կատաղութենէն
հանդարտին,
Որպէսզի
մահապարտները
աքսորանքի
նաւերուն
մէջ,
Թէեւ
քեզի
անիծելով,
բայց
գոնէ
խաղաղութեամբ
ոգեվարին…
Ես
թշուառներու
անհամար
տանիքներ
գիտեմ,
Որոնց
տակ
ազնուական
սերունդներ
բազկատարած՝
Քու
աւետարանական
ու
խարտեաշ
ցորեանիդ
Ու
սպիտակ
ու
երբեք
չի
հասնող
գթութեանդ
կը
սպասեն…
Չարիքիդ
ոգիներն,
ահաւասիկ,
դաշտերը
հրդեհեցին…
Ու
ահա
արիւնը
Արարատին
կատարները
կարմրցուց…
Ու
ահաւասիկ
որ
դժոխային
մանգաղներդ
ոսկիէ,
Անմեղներու
վիզերուն
ի
խնդիր՝
հորիզոնին
մէջ
կը
գալարուին…
Մինչդեռ՝
եդեմներուդ
բոլոր
հրեշտակներն
անդին,
Անձրեւներէ
ու
արեգակներէ
յուռթի
հողերուն
վրայ,
Քու
ձեռքերովդ
օրհնուած
ամբարներու
մէջէն,
Օ՜,
անգթօրէ՜ն,
անգթօրէ՜ն,
անգթօրէ՜ն,
Մոլախինդի
ու
կարմիր
թոյնի
հունտերէ,
Մեր
բոլորին
համար
վաղուան
մահը
սերմանեցին։