ԱՓ
ՄԸ
ՄՈԽԻՐ,
ՀԱՅՐԵՆԻ՜
ՏՈՒՆ
Ա
Աւա՜ղ,
ապարանքի
մը
պէս
մեծ
էիր
եւ
շքեղ,
Ու
ես՝
երդիքներուդ
սպիտակ
կատարէն,
Աստղածորան
գիշերներու
լոյսին
հետ,
Վարէն,
ահեղավազ
Եփրատին
կ՚ունկնդրէի…։
Բ
Արցունքո՜վ,
արցունքո՜վ
լսեցի
որ
աւերակ
առ
աւերակ
Քու
լայնանիստ
պատերդ
իրարու
վրայ
կործանեցին,
Սարսափի
օր
մը,
կոտորածի
օր
մը,
օր
մը
արիւնի…
Զքեզ
եզերող
պարտէզիդ
ծաղկըներուն
վրայ։
Գ
Ու
մոխրացա՜ւ
այն
սենեակը
կապոյտ,
Որուն
որմերուն
ետեւ
եւ
գորգերուն
վրայ
Իմ
երջանիկ
մանկութիւնս
կը
հրճուէր,
Եւ
կեանքս
կ՚աճէր
եւ
հոգիս
իր
թեւերը
կ՚առնէր…
Դ
Փշրեցա՞ւ,
ուրեմն,
այն
հայելին
ոսկեծիր,
Որուն
եթերային
խորութեանը
մէջ
Երազներս,
յոյսերս,
սէրերս
եւ
կամքս
կարմիր,
Տարիներով,
մտածումիս
հետ,
ցոլացին…։
Ե
Ու
բակին
մէջ
երգող
աղբիւրը
մեռա՞ւ,
Ու
կոտրեցա՞ն
պարտէզիս
ուռին
ու
թթենին,
Եւ
այն
առուակը,
որ
ծառերուն
մէջէն
կը
հոսէր,
Ցամքեցա՞ւ,
ըսէ՛,
ո՞ւր
է,
ցամքեցա՞ւ,
ցամքեցա՞ւ…
Զ
Օ՜,
այն
վանդակին
կ՚երազեմ
յաճախ,
Որուն
մէջ
գորշագոյն
կաքաւս,
առաւօտուն,
Արեւածագին
հետ
եւ
վարդի
թուփերուն
դիմաց,
Զարթնումի
ժամուս՝
յստակօրէն
կը
կարգճէր…։
է
Հայրենի՜
տուն,
հաւատա՛
որ
մահէս
յետոյ,
Քու
աւերակներուդ
սեւին
վրայ
իմ
հոգիս
Պիտի
գայ,
որպէս
տատրակ
մը
տարագիր,
Իր
դժբախտի
երգն
եւ
արցունքը
լալու…։
Ը
Բայց
ո՜վ
պիտի
բերէ,
ո՜վ
պիտի
բերէ,
ըսէ՛,
Քու
սրբազան
մոխիրէդ
ափ
մը
մոխիր,
Մահուանս
օրը,
իմ
տրտում
դագաղիս
մէջ,
Հայրենիքս
երգողի
իմ
աճիւնին
խառնելու…