ԳԻՇԵՐ
ՄԸ
Աւերումի
գիշե՜ր…
Հեռուներէն
մահազանգակի
ցնորաբեր
ձա՜յն։
Սպանդանոցի
խորունկ
վախ
մը
դուռներուն
ետեւ,
Ու
գետնափորներու
մէջ
մոխրի
վրայ
աղօթող
այրի
կիներ
ծնրադիր…
Դուրսը
թիարանի
պատրական
լռութիւն
մը
կը
յաւերժանայ…
Ու
քարանձաւներէն
ստուերներ
վար
կը
թաւալին՝
Գինով
ոճրագործի
այսահար
ամբոխներու
նման…
Բոլոր
պատուհաններուն
լոյսերն
աւրուած
աչքերու
տանջանքն
ունին…
Ու
կարծես
բոլոր
աստղերն
ալ
խաւարին
մէջ
կը
խեղդուին։
Օ՜,
պէտք
է
գթալ
այն
մենաւոր
հոգիներուն,
որ
կը
վախնան՝
Ջուրի
մը
խորը
տեսնուած
ծաղիկներու
կերպարանքներով,
Ու
մանաւանդ
անոնց,
որոնք
այլուր
ըլլալ
կ՚ուզեն,
Հիւանդ
անդամալոյծներու
այլաբաղձութիւններով
թրթռուն։
Բոլոր
ամուրիները
հողէն
հանուած
մարմիններու
սարսափն
ունին,
Ու
բոլոր
նորածինները
հեռաւոր
մայրեր
կ՚երազեն…
Օ՜,
այդ
բոլոր
որբ
հոգիներն,
որ
իրարու
մէջ
կը
նային
Քնաշրջիկներու
խօլական
ու
հայցող
նայուածքներով,
Անկարող
իրարու
մէջ
ապաստան
մը
գտնելու…
Ու
այնքան
նման
այն
մահամերձներուն,
Որ
մէկմէկու
նայուածքի
տակ
իրենք
իրենց
մահը
կը
տեսնեն…։
Աւերումի
ցնորաբեր
գիշե՜ր…։
Ու
տարօրինակ
երազ
մը
գիւղացիներն
յաճախեց.
Ուխտաւորներու
երկայն
վերարկուներով,
Գետին
ափերէն,
դաժանօրէն
մեռելական,
Ոտքերնին
բոպիկ
Ու
իրենց
ձեռքերն
արծաթէ
խնկամաններ
բռնած՝
Շա՜տ
բարեպաշտօրէն,
Դէպի
փրկարար
Ուխտը
ճամբայ
կ՚ելլեն։
Յաւիտենական
վախէն
զգայախաբ,
Ամբողջ
գիւղն
երազի
մէջէն,
խաչակնքելով
կը
փախչի,
Կոյր
ոչխարներու
ճերմակ
հօտերուն
նման,
Որ
փոթորկի
գիշեր
մը,
աճապարանքով
ջուրէ
մը
պիտի
անցնին…
Աւերումի
ու
արիւնի
գիշե՜ր…
Օ՜,
նայեցէ՛ք,
Եփրատին
զահանդական
եզերքներէն
Բորենիի
աչուըներով
մարդակերներուն
շտապը՝
Երազին
վրայէն,
ծորերն
ի
վեր,
Անհունօրէն,
դէպի
գիւղ…
Օ՜,
այն
ընդհարումներն
ոսկորի
ու
սուրերու,
Որ
իրենց
գիշատողի
շարժումներէն
Խուլօրէն
կ՚արձագանգուին
Լեռներուն
տակն
ահարկու։
Ու
իրենց
նայուածքներն
մանաւանդ,
Ու
ակռաներուն
խշրտուքը
սղոցուող
մարմարի,
Ու
մրրկումը
զանգուածեղ
խուժանին,
Որ
տեղափոխուող
անտառներու
ցնորքն
ունի…
Ու
բոլորը
մէկ
Արիւնը
կ՚երգեն…
Ու
բառերը
իրենց
յովազի
բերաններէն
մթին,
Յանկարծօրէն
կտրուած
վէրքերու
նման,
Քարերուն
վրայ
ծանրօրէն
կ՚իյնան…։
Աւերումի
ու
արիւնի
գիշե՜ր…
Օ՜,
բոլորդ
մէկտեղ
անմիջապէս
աղօթքի
կեցէ՛ք,
Ո՜վ
դատապարտուածներու
ցաւագին
եղբայրներ.
Ինծի
այնպէս
կու
գայ,
որ
ամբողջ
գիւղը
սարսափահար
արթնցաւ…
Ու
հիմա
բոլոր
մարմիններն
իրարու
կը
փաթթուին,
Բոլոր
նայուածքները
իրար
կը
պաղատի՜ն…
Ու
բոլոր
բազուկներն
խելայեղօրէն
պարապը
կ՚երկննան…։
Ու
ամէնը
մէկ
մահագուժօրէն
«Աստուա՜ծ,
Աստուա՜ծ,
Աստուա՜ծ»
Կ՚աղաղակեն…
Աւերումի
անդառնալի
գիշե՜ր…
Ագռաւներու
հանդիսաւոր
խենթութիւն
մը
գիւղին
վրայ…
Ու
արծիւներու
ճերմակ
ուրուականներ
անոնց
հետ։
Բոլոր
թաղերն
ածխահանքերու
երեւոյթն
ունին,
Ու
օդին
մէջ
արիւնի
ու
մոխիրի
նախճիր
մը
կը
հեւայ…
Դիակնե՜ր,
դիակնե՜ր
ու
մարմիններէ
բաժնուած
գլուխներ,
Դեւերու
ամեհի
ու
անձայն
նայուածքներով,
Ահեղօրէն,
սեւ
պատերու
երկայնքն
ի
վեր
կ՚աշտարակուին…
Օ,
լսեցէ՛ք
հոգեվարքներուն
հեծկլտանքը
այս
բոլորին
մէջէն…
Կարապներու
սպիտակ
կոտորածի
մը
այնչա՜փ
նման,
Ու
կիսամեռներուն
մտածումը,
որ
իրար
կը
ճանչնան…
Ու
անոնց,
որ
իրար
փրկել
պիտի
ուզէին,
Կոյսերու
նման,
որ
ձիւնի
օր
մը
վանքերու
մէջ
կը
գլխատուին…
Կարծես
խաւարներուն
յաւերժութեանը
մէջերէն
Հեռաւոր
դահիճներ
արիւնի
սահանքը
բացեր
են
Աշուններու
բոլոր
տժգոյն
հոգիներուն
վրայ,
Ու
այգիներուն
բոլոր
պայծառ
աւազաններուն
մէջ,
Ուր
հիմա
անգամի
մը
համար,
Արիւնին
ոգեկոչող
հաւաքումին
տակ,
Տիրական
Մահը,
Մտածումները
ու
բոլոր
չբացատրուած
Սէրերը
Նայուածք
նայուածքի
պիտի
գան…
Գերեզմանոցներուն
վրայ,
արշալոյսին
մէջէն,
Հինաւուրց
ուրուականներն
այսպէս
երեգեցին.
«Խաղաղութի՜ւն
անոնց,
որ
գերեզման
չունեցան,
Ու
խաղաղութի՜ւն
անոնց
ալ,
հոգեվարքէ
կը
տանջուին…»:
1899
Փարիզ