ՔՆԱՐԻՍ
ԼԱՐԵՐԸ
ԴԵՌ
ԹԱՑ
ԵՆ
Ա
Դո՛ւն,
դառնապէս
տրտում
քո՛յր,
եւ
դո՛ւն,
պատուհասեալ
պարմանի՛,
Քաղցրօրէն
երկուքդ
մէկ
բանաստեղծի
շրթունքներուս
յառաջացէք,
Ճշմարիտ
է
որ
անսուտ
բերանս
ձեր
ճակտին
որբ
վարդերուն
վրայ
Հեռուներէն
հասնող
եղբօր
մը
կրակէ
կարօտն
է
որ
պիտի
համբուրէ…։
Բ
Տարիներով
եւ
խաւարներով
ձեր
մահացու
ցաւն
իմ
կարմիր
ցաւս
եղաւ,
Ու
տառապանքիս
տիեզերքին
մէջ
ձեր
արցունքն
իբր
անձրեւ,
հոգիիս
վրայ
կը
տեղար։
Ձեր
հեծեծանքներն
մահուան
հովերուն
պէս
մենաւորի
լուսամուտիս
փեղկերը
կոտրտելու
եկան…
Եւ
անհնարին
սոսկումներ
ապրեցայ
ա՛ն
անտառին
մէջ,
որ
ձեր
հայրերուն
ոսկորներէն
էր
կազմուած…։
Գ
Բարբարոսներէն
թափուած
արիւնը,
կեանքիս
առջեւ,
այն
կմախքատեսիլ
աւազանն
էր,
Որուն
խորերը,
ես
քանի՜
անգամ
մաքառումի
եւ
ուխտի
արդար
ընկերներուս
հետ,
Իմ
նորավարժ
քնարս,
գրիչս,
սուգերու
սրինգս
եւ
անբիծ
սուրս
արծաթեայ,
Եկայ,
եղերականօրէ՜ն
ահաւոր
մկրտութեան
մը
համար,
անոր
մէջը
թաթխելու…։
Դ
Այսպէս,
իմ
ճշմարտասէր
հոգիս,
ձեր
ճշմարիտ
ցաւին
համար
կարմիր
մատեաններու
մէջը
խամրեցաւ…
Եւ
քանի՜—քանի՜
արեգակներ
մեռան,
բայց
քնարիս
լարերը
դեռ
թա՛ց
են,
եղբայրնե՛ր,
դեռ
իր
լարերը
թա՛ց
են,
Ա՜հ,
գթացէ՛ք
մատուըներուս,
եւ
թո՛ղ
երգերս
մրրկին,
թո՛ղ
արցունքս
թորայ,
թո՛ղ
շեփորս
հերոսներուն
իր
հրաւէրն
որոտայ…
Որովհետեւ
Արդարութեան
առաւօտը
դաժանօրէն
հեռու
է,
եւ
իտէալիս
երկինքներն՝
անյատակ…