ՀԱՆԳԻՍՏԻ
ԻՐԻԿՈՒՆ
Բոլոր
խարտեաշ
իշխանուհիները
պորփիւրէ
պալատներուն,
Տօնի
երկայն
վերարկուներով,
Ապրիլի
կէսօրի
մը
մէջէն,
Իրենց
արծաթէ
կողովները
ծաղիկով
լեցուն,
Այցի
գացին
գիւղի
անձկոտ
աղքատներուն։
Գիշեր
մը
ամբողջ
անհունօրէն,
Հիւանդներու
քով
հսկեցի.
Ու
անտառին
մէջ
թափառող
բոլոր
կոյտերն,
Երկիւղածաբար,
այս
իրիկուն,
Մարմարէ
բագինն
առաջնորդեցի։
Թիապարտները
ամայի
պարտէզին
մէջ
կը
պտտին,
Իրենց
շղթաները
լուսնին
տակ
հնչեցնելով,
Ու
քաղցրօրէն,
սահող
գետերու
կը
խորհին,
Չհնձուած
կանաչ
դաշտերու
Ու
մայրերու,
որ
իրենց
ծաղիկներ
ու
լամպար
մը
կը
պատրաստեն
Հեռաւոր
ջուրի
մը
եզերքը
քանի
մը
դագաղ
գամեցին
Յաւիտենական
ոսկի
մուրճերովը
խենթութեան։
Ու
կարծեմ
թէ
բոլոր
գթութեան
քոյրերն
Ճերմակ
կտաւներ
կը
կարեն,
Անձրեւի
իրիկուն
մը,
Վրանի
մը
տակ,
ուր
վիրաւորներ
նայուածք
նայուածքի
կը
քնանան…։
Մառախուղին
մէջէն
գառնուկներու
խումբ
մը
անցաւ,
Որ
հիմա,
տխուր,
դէպի
սպանդանոց
կ՚աքսորուի,
Անդամահատուող
անմեղ,
պայծառ
տղաքներու
ճիչերով…
Ու
բարեկամներս
թունաւոր
ծաղիկներ
քաղեցին,
Իմ
հեռաւոր
գերեզմանս
զարդարելու
համար։
Ու
փոթորիկի
գիշեր
մը
թշնամիի
մը
ձեռքը
եղբայրաբար
սեղմեցի,
Հիւծախտաւոր
աղջիկ
մը
համբուրելէ
առաջ։
Օ՜,
բայց
ես
լամպարս
հիմա
պիտի
մարեմ
Ու
բոլոր
փեղկերը
պատուհաններուն՝
Ամէնը
մէկ
պիտի
փակեմ
շտապով։
Ագռաւներու
բոլոր
քրքիջներուն
դիմաց,
Որ
խաւարին
մէջէն,
ա՛յնչափ
մահագուժօրէն,
Այս
իրիկուն
դէպի
հոգիս
կը
թեւեն…։
Ու
վաղը
քեզի
հետ
արիւնոտ
գետը
նաւարկե՛նք,
Արշալոյսէն
առաջ,
արիւնոտ
գետը
նաւարկենք,
Հասնելու
համար,
ո՞ւր,
չեմ
գիտեր,
թերեւս
հոն,
Ուր
դուն
ալ,
ու
ես
ալ,
ու
ամէնքս
ալ
Հանգիստը
պիտի
գտնենք։