Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՐԲԵՐԸ

Ու դարձեալ հոգիիս քառուղիներէն կ՚անցնին,
Մահապարտներու պաղատող նայուածքներով,
Ապաշխարանքի կերոններ ձեռուընին,
Ու պաշտամունքի բուրվառներ դանդաղօրէն խնկարկելով։
Օ՜, իրենց կարաւանը տժգոյն միստիք ուխտաւորի,
Որ ա՛յնչափ երկիւղած ու մահագոյժ ու խոհուն
Դէպի նուիրումը աստուածային Ցաւին, անհունօրէն կ՚երկարի,
Այս գիշեր, հսկումէն յետոյ, Մեռելոցի իրիկուն։
Օ՜, անոնք հոն բոլորն ալ իրենց մահերը պիտի ճանչնան,
Հոգիիս անդնդային մեռելաստանին վրայ,
Անսահմանօրէն իրարու հետ, ճակատ ճակատի…
Ու արդէն, խելակորոյս բոլորը մէկ,
Գերեզմաններու վրայ ծունկի եկած՝
Մեռելներու յաճախանքէն իրենց հոգիներն ահաբեկ,
Որ գլուխնին ձեռուընուն մէջ ու աչուընին փակած՝
Իրենց ցաւին տարփաւորի արիւնը կու լան…։

Օ՜, չըլլայ որ երբեք այս գիշեր իմին վրաս մտածէք…
Աստուա՛ծ, մտիկ ըրէք սա ընդհարումները մարմիններու
Ու բոլոր որբերը, որ ա՛լ կը փաթթուին
Փոթորկոտօրէն գերեզմաններէն բարձրացող ամեհի կմախքներուն…
Ու այն բոլորին ճիչերը, որ իրար կը ճանչնան…
Ու անոնցը, որ խենթօրէն իրար կը փնտռեն…
Ու դեռ իրարու ետեւէ
Բացուող հողերուն մրրկումը ասոնց հետ,
Ու անոնց աղերսը, որ դեռ իրար կ՚ուզեն…
Ու երդումները անոնց, որ ա՛լ իրար պիտի պաշտեն առ յաւէտ…
Ու անոնք, որ իրար երբեք չճանչցան…
Ու դեռ անոնք, որ մէկմէկու մէջ ինզինքնին պիտի գտնէին,
Ու անոնք, որ վերջապէս այս գիշեր, ա՛յնչափ չարաշուքօրէն իրարու բախեցան,
Ու փախո՛ւստը ասոնց, այս ամէնուն, այս բոլորին
Իրարու մէջէ, մահագուժօրէն վայրագ ու խօլական,
Դէպի ո՜ր հեռաւոր հորիզոններէն իմ հոգիին
Կամ դէպի ո՛ր Աստուածը թերեւս աւելի ոճրական,
Ա՛լ վերջապէս, եղբայրաբար ըսէ՛ք,
Այսպէս իրարու մէջէ, բոլորը մէկ պիտի երթան…։

Չըլլա՜յ որ այս իրիկուն երբե՛ք իմին վրաս մտածէք։

19ՕՕ Փարիզ