Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁԵՌՔԵՐԴ ԻՆՁ ԵՐԿԱՐԷ

Իմաստութեան եւ խորհուրդներու շքեղ լամպարս մինչեւ այսօր,
Մատեաններու եւ թիւերու մշուշին մէջ,
Եւ ճակատիս ու հոգիիս յոգնութեանը հանդէպ՝
Եղբա՛յր, մինչեւ այսօր, կ՚ըսեմ, իր մահը միայն վառեց…։

Ու ձեռքս այրեցաւ մտածումիս անբերրի կրակէն,
Ու նպատակիս ճանապարհն անհունօրէն անհունացաւ…։
Ըմբոստի կամքս պայքարին սարսափէն կը մոխրանայ՝
Եղբա՛յր, եւ այն երդումը, զոր արեւծագի մը մէջէն քեզի մրմնջեցի,
ժամանակին յաւերժական շրջանին երկաթէ օրէնքէն
Սկսաւ, տերեւ առ տերեւ, կեանքիս աշունին հետ, դէպի հողը թափիլ…
Ինծի կարկառէ՛ ձեռքդ եւ ուղղէ՛ նայուածքդ տառապագին նայուածքիս,
Երկարէ՛ ձեռքդ, որպէսզի զօրաւորի երակներուդ արիւնը կարմիր
Իմ օտարացեալի արիւնս գոնէ կայծով մը գարնանացնէ…
Ես գիտեմ որ սիրտս քու սրտիդ եղբայրօրէն պիտի խօսի,
Երբ նայուածքներդ գան իմ նայուածքներուս մէջ
Նախկին բարեկամի մեր կորուսեալ ժպիտները փնտռելու։

Եւ գիտեմ թէ ի՜նչ է ցեխը եւ ի՜նչ է Ոսկին,
Ստրուկներուն օրօրոցն է եւ անկողինը եւ դագաղն է այն,
Եւ Ոսկին ըմբոստներուն եւ մեծերուն գահն է
Եւ հոգին է, եւ օրուան հացը, եւ բաժակին ջուրը, եւ պսակն անոնց ճակտին…։

Ձեռքերդ ինձ երկարէ՛, դեռ իմիններս անպիղծ են՝
Եւ եկո՛ւր, որպէսզի նայուածքի դէմ,
Ես՝ ի քեզ՝ հերոսն սքանչանամ Հայրենիքին նուիրուած,
Եւ դուն քնարիս մրրկաթեւ լարերէն թերեւս ճանչնաս
Այն հին օրերու ընկերը, որ Ցեղիս եւ ձեր բոլորին անչափելի ցաւերէն
Փորձեց բարկութեան եւ ընդվզումի պղինձները հնչեցնել…։