ՅԻՇԱՏԱԿ
Ահաւասիկ
որ
նոճիներու
խաւարներուն
մէջ՝
Վերջալոյսի
եւ
մահաջերմի
այս
ժամուն
Ագռաւներու
եղերաւոր
երամներ
մեռելաձայն,
Մտածումիս
եւ
վաղորդայնիս
գերեզմանները
կ՚ողբերգեն…
Եւ
ի՞նչ
Է
այդ
աղաղակը,
զոր
կ՚ողբաք
Իմ
գանկիս
եւ
երազներուս
հսկայական
որմերուն
ետեւ…
Ի՞նչ
Է
այդ
ղօղանջը,
զոր
կը
հնչեցնէք,
Ի՞նչ
է
այդ
պատանքը,
զոր
չորս
հովերուն
կ՚առագաստէք…
Ի՞նչ
է
այդ
արիւնը,
զոր
ձեր
բախումներովը
կործանարար,
Իմ
հոգիիս
մէջը
կը
ջրվէժէք…
Եւ
ի՛նչ
կտցահարում
եւ
ի՜նչ
բազմութիւն
իմ
անհունի
ներսիդիս…
Ի՜նչ
մեռելախումբ
անտառներու
հանգոյն
ոտքի՝
Եւ
դեղին
հողի
ի՜նչ
ցնորական
սրսկում…
Օ՜,
փառք
քեզի,
ո՜վ
անցեալներու
Յիշատակ,
Ահաւասիկ
որ
իմ
առջեւ
կը
մերկանաս,
Ինչպէս
հողին
արշալոյսը
փոթորիկներուն
առջեւ.
Բայց,
կը
դողդոջե՜մ,
մեղա՜յ
քեզ,
ո՜վ
մահագոյժ
ներկայ,
Անցեալիս
գեղեցկութիւնը
վերապրելու
ուժը
կը
պակսի
ինծի…
Ու
նորէն,
երազներու
ուխտուած
մարմնիս
վրան
Արիւնով
թրջուած
պատանքներուդ
խոնաւութիւնը
կը
զգամ,
Որ
չարազօր
ձեռուըներ
երկաթեղէն
ծանրութեամբ
Կը
մօտենա՛ն,
կը
մօտենա՛ն
արտեւանունքներս
փակելու,
Ու
բազուկներս,
որ
ատենով
յաղթանակներու
արեգակին
գալարուեցան…
Այսօր
ջախջախուած՝
սրտիս
սէրերուն
վրայ
կր
խաչաձեւուին։
Ըսէ՛ք,
ըսէ՛ք,
ո՞վ
պիտի
բերէ
յիշատակներուս
աստուածային
աղբիւրներէն
Այն
բաժակ
մը
ջուրը
կենդանարար,
Որ
հայրենացաւս
պիտի
ամոքէր՝
բոցավառ
մահաջերմս
մարելէն
Ու
խե՜ղճ
ճակատս,
ի՜նչ
մեծադրի
երազներու
աւերակ,
Պիտի
զովացնէր
իմ
անցեալիս
աշխարհներուն
վերերեւումէն…
Օ՜հ,
բաժակ
մը
ջո՜ւր,
բաժակ
մը
ջո՜ւր,
բաժակ
մը
ջո՜ւր
Իմ
յիշատակիս
եւ
հողիս
հայրենական
աղբիւրներէն,
Վասնզի
Մահը
ուսերուս
վրան
է
այս
իրիկուն,
Ու
մտի՜կ
ըրէք,
ակռաներս
մահագուժօրէն
կը
կրճտեն…։