ՄԵՌԵԼՈՑԻ
ՕՐ
Գիտէք
թէ
ի՜նչ
սոսկումի
եւ
արիւնի
հեղեղներ
են,
ո՜վ
բարեկամ
հոգիներ,
Որ
այսօր
իմ
հայրենիքէ
որբի
եւ
ցաւերէ
սգաւորի
աչուըներուս
մէջը
կ՚արտահոսուին…
Անցեալներու
ի՜նչ
յիշատակ
եւ
սիրուած
մեռելներու
ի՜նչ
ահեղաբեր
յարութի՜ւն,
Ո՜րչափ
պատանքներ
տխրագին
ձեռքերովս
կտրուած
եւ
գերեզմաններէն
դեղին,
Որ
ահեղօրէն,
հայրենական
վրաններու
պէս,
ուսերուս
վրան
կ՚առագաստուին…
Ի՜նչ
խորտակում
դագաղներու
եւ
ի՜նչ
խլրտում
ոտքի
կեցող
ոսկորներու…
Եւ
մանաւանդ
ի՜նչ
կարօտի
համբոյրներ,
ի՜նչ
ողջագուրում
եւ
ի՜նչ
սէր՝
Շրթնաթափ
բերաններու
դէմ
եւ
աւերեալ
աչքերու
եւ
փշրուած
կուրծքերու…
Եւ
մանկութեան
օրերու
ի՜նչ
օրօրներ
եւ
ի՜նչ
գգուանք,
ի՜նչ
խոստում
եւ
ի՜նչ
հրաւէր,
Որ
այս
առաւօտ,
մեռելոցի
օր,
երկրիս
մեռելները
մահազանգերու
շունչերովը
ինծի
կ՚ուղղեն…։
Եւ
ահաւասի՛կ
մահազանգերն
են,
աղէտաւոր
մահազանգերը
գիշերուան
մէջ,
Եւ
իրենց
խենթութիւնը
եւ
կոչը
քրքիջը
եւ
հարուածը,
որ
մտածումիս
կը
կառչին…
Եւ
ահաւասի՛կ
իրենց
երկաթաքայլ
հողը
հին
մահերը
վերստին
գուժող,
Եւ
ահաւասի՛կ
աւերակներուն
հողը
եւ
ցաւերու
մոխիրն,
որ
անապատ
առ
անապատ,
Ամէն
մէկ
ղօղանջէ,
աւազակոյտերու
նման
հորիզոնները
կ՚ալեկոծեն…
Եւ
ագռաւներու,
արիւնաթաթախ
թեւեր
պատերուս
վրան
կը
մահածփին,
Անգղի
երամներու
հետ
իրենց
բերաններէն
նորածիններ
եւ
գլուխներ
առկախ…
Ու
հեծկլտանք
եւ
վրէժի
ահեղագոչ
ձայն
եւ
սիրոյ
մրմունջ
եւ
ատելութեան
որոտմունք,
Եւ
գերեզմանի
հող
եւ
խաչերու
փշրանք
եւ
դամբանաքարեր,
Հողերէն
իրարու
ետեւէ
յանկարծօրէն
յառնող
տեսիլքներու
հետ…
Եւ
ահա
ինչ
որ
կմախքէ
բերաններն
այս
առաւօտ
մոլեգնաբար
որոտացին.
—
Եղբա՛յր,
զաւա՛կ,
ընկե՛ր,
ոտքի՛
կեցիր,
այսօր
անօգուտ
վերյիշումներու
օր.
Հեռացո՛ւր
քու
յուսահատ
ձեռքերդ
սա՛
ճակատիդ
վաղանցուկ
խորհուրդներէն
Եւ
բարկութեամբ
մտիկ
ըրէ՛
սա՛
աւերեալ
քաղաքներուն,
որոնք
իրենց
անվրէժ
Հեծեծանքի
եւ
աղօթքի
ստրկական
ղօղանջները
իրարու,
կը
փոխանցեն…
Ոտքի՛
կեցիր,
երազներդ
կոխոտելով
եւ
աչքերդ
հրավառելէն,
ոտքի՛,
Ու
ձեռքովդ
յափշտակէ՛
բոլոր
շղթաներն
այդ
սեւ
գանկերուն
Եւ
բազուկներուդ
բոլոր
թափովը
փոթորկէ՛
անոնց
երկաթները
թշնամիին
վրայ…
Քու
վրէժիդ
հեղեղին
եւ
ատելութեանդ
մռնչիւնին
զօրութեանը
համեմատ,
Վասնզի
ե՛ւ
մեռելներս,
ե՛ւ
ողջերդ,
արցունքի
տեղ,
այսուհետեւ
Միշտ
քինաշարժ
եւ
անդադրում
մրրկումի
պէտք
ունինք…