Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԻ ԵՐԱԶ

Գարնան ու կոտորումներու իրիկուն,
Հոգիս վրէժի շատրուան մըն է նորէն կատաղօրէն դէպի վեր,
Ու տերեւներ յուսահատ հոգիներու նման՝
Աւազաններուն պայծառութեանը մէջ ու մեր բոլորին վրայ կ՚իյնան,
Անդունդներու մէջէն սրածումներու ձայն,
Ու դէպի հոն օգնութեան աճապարող,
Արդէն մեռնող ճիչեր, արդէն մեռնող կեանքեր։
Ու նորէն այս գիշեր,
Տաճարներուն մէջ անմեղներու դիակներ անհամար.
Ու տանիքիս վրայ տեղատարափ մը երկաթեայ,
Հրդեհներու մրրիկ մը գանկիս տակ,
Ու տեղափոխուող ջուրերուն վրան
Խաչուած նահատակներ կ՚երեւան…
Ու անձրեւի ու պատուհասի իրիկունով՝
Վերահաս խողխողումներու արհաւիրք մը քաղաքէ քաղաք…
Ու հոգիիս մէջ դժոխային երկիւղ մը կը մրրկի…
Պարապ դագաղ մը իմ խե՜ղճ ձեռուըներուս հպումին տակ,
Ու մարմարեայ անսահման սանդուխներու կատարներէն…
Օ՜, օգնութեան եկէ՜ք, գլխատուած մարմիններ դէպի զիս կ՚աշաւեն…
Բայց, ո՜վ դուք, երեկոներու եւ չարչարանքի եղբայրական հոգինե՜ր,
Փոթորիկին եւ բարբարոսներու խուժումէն առաջ, այս գիշեր,
Յամառօրէն ու արիաբար դուք ձեր ճամբան վճռեցէ՛ք…

19Օ3