ԾԱՐԱՒ
Ա
Հոգիս
վերջալոյսին
մահը
մտիկ
կ՚ընէ,
Չարչարանքի
հեռաւոր
հողին
վրայ
ծնրադիր,
Հոգիս
վերջալոյսին
ու
հողին
վէրքերը
կը
խմէ…
Եւ
իր
մէջ
դեռ
արցունքին
անձրեւումը
կը
զգայ…
Բ
Ու
ջարդուած
կեանքերուն
աստղերը
բոլոր՝
Աւերուած
աչուըներու
այնչա՜փ
նման,
Սրտիս
աւազաններուն
մէջն
այս
իրիկուն
Յուսահատութենէ
եւ
սպասումէ
կ՚ոգեվարին…
Գ
Ու
բոլոր
մեռածներուն
ուրուականներն
այս
գիշեր
Աչքերուս
եւ
հոգիիս
հետ
Արշալոյսը
պիտի
սպասեն…
Որպէսզի,
կեանքերնուս
ծարաւն
յագեցնելու
համար՛
Թերեւս
վերէն
իրենց
վրայ
կաթիլ
մը
լո՛յս
իյնայ…