Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ

Արեւին հուրն քեզ ընծայ,
Ընծայ բերին արիւնն իրենց գարունին,
Ոսկորներու կուտակումներ կնդրուկի պէս վառեցին,
Արցունք եւ ցաւ, ցասում եւ յոյս ծով առ ծով
Եկան հոսիլ ոտքերուդ տակ…
Ո՜վ գաղափար, ո՜վ դիւցազուն, ո՜վ հսկայ։
Հովերուն հեւքն ու մրրիկներն իբրեւ թեւ
Քեզ ընծայեց բնութիւնն ազատագութ,
Եւ ժամէ ժամ յաղթութիւնը քեզ տուաւ
Աստուածեղէն անմահութիւն մարմարեայ…
Եւ երբ օր մը զինիթէն նժոյգիդ վրան բարբարոս
Ամեհօրէն նպատակիդ արշաւեցիր,
Մտածումիդ մեծութեանն ի խնդիր՝
Մարտիրոսուած մեռելներն յանկարծ նորէն բարձրացան
Ու իրենց ոսկի ոսկորներն ուխտուածի,
Անգամ մը եւս աչքիդ առջեւ փշրելէն,
Բոլորը մէկ, ես լսեցի, ըսին քեզի.
Յառաջացի՛ր, յառաջացի՛ր, Գաղափա՛ր,
Թէեւ ճիշտ է, դու յաղթեցիր,
Բայց պարտութիւնն իբր օրէնք
Տիեզերքի ժանտ շրջանին,
Հայուն համար, չարիքին հետ դեռ կը սպասէ։
Եւ կ՚աղերսենք մենք քեզի, որ՝
Կամքերուն կարմիր մուրճը ձեռքիդ մէջ,
Կայծակներու անտառներէն անդադար,
Արարատին կատարներն իբրեւ սալ,
Դուն՝ ռազմէն հասնող ռազմիկներուդ համար,
Նորէն յամառօրէն, ոսկիաշէն սուսերներդ դարբնես…
Եւ քեզ, վճիտ Գաղափա՛ր,
Մեռեալներէդ խօսք մը եւս…
Խօսք մը եւս անոնցմէ, որ դրօշիդ փառքին համար
Իրենց հոգւոյն արիւնը քեզ նուիրեցին.
Մի՛ մոռնար դուն շեղբերուն վրայ սուրերուդ
Կարմիր կամքիդ վճիռն այսպէս կայծագրել.
«Արդարութեան ադամանդի օրերուն,
Ո՜վ անքննելի եւ եղերական պողպատներ,
Ձիթենիի կանաչագեղ ոստեր եղէ՛ք…
Եւ շանթերո՛ւ, շանթերո՛ւ, շանթերո՛ւ պէս,
Պէտք է շողա՛ք, պէտք է շողա՛ք այն ատեն,
Երբ հայ արիւնը անմեղօրէն օր մը հոսի…»։