Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՀԵՐԳ

Լեւոն Բաշալեանին

Ըսէ՛ք, դէպի ո՛ր Մահը դաժանօրէն եղերական,
Մեր հոգիները՝ հողին փառքէն վիրաւոր՝
Ու անոր ցնորքի ճամբաներէն տժգունած,
Ո՞ր հեռաւոր հորիզոններէն սգաւոր՝
Տրտմօրէն պիտի երթան։

Եբենոսէ ու երկաթէ մարմիններով,
Գիշերուան թռչունները բոլորը մէկէն,
Անծանօթ ծովերու դարաւոր՝
Մարմարէ ու կրանիթէ ափերէն,
Չեմ գիտեր ե՞րբ, քարայրի մը մէջ գետնափոր,
Մութէն արիւնած իրենց Ցաւը մեռելական,
Գիշեր մը, փոթորիկներու ամեհի գիշեր,
Վայրագօրէն մահերգելու եկան.
Օ՜, բոլոր այն ոսկորի ու բացուած թեւերու
Ընդհարումները կմախական,
Որ իրենց գիշատողի զահանդող մարմիններէն
Ծանրօրէն կ՚արձագանգուէին
Քարերուն տակ ահարկու.
Ու արիւնը, որ կը հոսէր հրաշէկ
Դէպի հանդարտ հոգեվարքներն անհուն,
Աչուըներուս ահաբեկ։
Ու իրենց մահերգը շտապուող, այսահար,
Ու իրենց նայուածքները ոճիրով լեցուն,
Ու հազերնին արիւնոտ ու անյատակ,
Ու իրենց բերանները թունաւորուած գինովի,
Ու ակռաներուն ձայնը փշրուող մարմարի,
Ու թեւերնուն թափը՝ քարայրին մէջ մթին,
Փոթորիկ մը անվայրափակ…
Այս բոլորը մարմնոյս վրան,
Խաւարին մէջ, անձաւին տակ՝
Անվերջօրէն սրսկեցին։
Ու իրենց լացե՛րը դիւային ու գինով,
Ուրկէ գետինը ինկած հոգիս վախէն,
Աչքերը վեր՝ ինծի համար,
Իր վիրաւոր աչքերը դէպի վեր՝
Կոյսի մը պէս դողահար,
Հողին վրայ ծունկի եկած կ՚աղօթէր…։
Ու ես, անմխիթար,
Հեռաւոր հոգիներու պայծառ լացն իմ վրաս,
Ուրիշ անծանօթ հորիզոններէ,
Գիշերներով իմացայ։
Ու մահագոյժ զանգակներու
Ոսկեհնչուն հսկայ քայլերը ցնորաբեր՝
Ոգեկոչող ու դիւական,
Ու քարայրին պարապը՝ քալող ուրուական՝
Մարմնոյս վրայ ահագնապէս փոթորկեցան,
Թերեւս դագաղի մը յիշատակին՝
Որուն վրայ արծաթ մուրճերը չի հնչեցին,
Վերջապէս գամելու համար
Վրդովուած անմեղութիւնը մոռացումին։
Ու ալ չեմ գիտեր ո՞ւր տարին,
Անբիծ մարմինս անիրաւօրէն լքուած,
Հողին բոլոր ապարդիւն փառքերէն վիրաւոր
Ու իր արիւնի բոլոր ճամբաներէն տժգունած…

Յետոյ հոգիս թռչուններուն հետ գիշակեր,
Խելայեղօրէն գերեզմանէ գերեզման,
Ամէն գիշեր,
Մութէն արիւնած իրենց Ցաւովը հպարտ,
Խենթութեան մահերգներն աքսորեցին
Հորիզոնէ հորիզոն,
Ձեր արեւներէն ու հողէն յուսահատ,
Հոգիներուն կեանքին։
Գիտէ՞ք, դէպի ո՞ր Մահը դաժանօրէն եղերական՝
Երբ ձեր հոգիները հողին փառքէն ալ վիրաւոր,
Ու իր երկար օրերէն յոգնած՝
Ո՞ր հեռաւոր միջոցներէն սգաւոր,
Տժգունօրէն պիտի երթան։