Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՂԲԻՒՐ

Արշալոյսիս եւ յոյսիս օրերուն էր որ զքեզ ապրեցայ,
Ո՜վ հայրենի եւ քաղցրահամ աղբիւր,
Եւ քու լուսավառ ձայնդ դեռ ինծի կը խօսի
Իմ յոգնածի եւ յուսահատի ուղեղիս մէջէն…
Քու ադամանդեայ վազքդ յորդառատ,
Հոգիիս խաւարչտին աւերակներուն վրայ,
Այսչափ ատենէ ի վեր յիշատակներս ու անցեալս կու լայ…
Չեմ մոռցած զքեզ, ո՜վ հեռաւոր ու եղբայրական աղբիւր,
Կը յիշեմ, երբ կու գայի թրջել քու ջուրիդ խորհուրդներուն առջեւ
Իմ երջանիկ տղու աչուըներս ու ճակատս պայծառ,
Եւ դուն գորովագութ՝ ազատութեան մտածումին նման,
Իմ արեւս ու կեանքս ու հոգիս կը քաղցրացնէիր…
Երբ իմ թեւերս դեռ չէին կոտրտած սա՛ յուսահատութեան ապառաժներէն,
Երբ նայուածքներս ուրախութենէ կը փակէի,
Երազուած յաղթանակներու արեգակին ի տես…
Չեմ մոռցած այն առուակը ոսկիէ մամուռով,
Որ քու երգիդ հոսանքին առջեւ կ՚ակօսուէր,
Եւ ես մանկական քայլերովս՝ երազելէն՝
Իրեն ճամբէն տարփանքով ու գինովութեամբ կ՚երթայի,
Ինչպէս կ՚երթան անոնք, որ սպասուած Յոյսին կ՚ուզեն հասնիլ…։
Բայց դեռ կը հոսի՞ս արդեօք, ո՜վ հայրենի աղբիւր,
Այնչափ յստակ, որչափ էր Արշալոյսն իմ անցեալիս,
Դեռ վճի՞տ են արդեօք սա ջուրերդ հին օրերու,
Եւ քու ձայնդ դեռ ե՞րգ մըն է, թէ՞ աղաղակ մը վրէժի…
Եւ չեկա՞ն արդեօք, ըսէ՛, չեկա՞ն, մեր արհաւիրքի օրերուն մէջ,
Դառնացնելու քու պայծառութիւնդ ադամանդէ,
Իմիններուս անմեղ արիւնէն՝ քանի մը կաթիլ արիւն,
Որոնց հոսանքներէն, աւա՜ղ, աւա՜ղ, իմ մտածումս պարտուածի
Սուգէ ու սարսուռէ ու սարսափէ անբուժելիօրէ՛ն խենթեցա՜ւ…։