Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱՒԱՐ

Ու ես պիտի մեկնիմ տրտմութեանս եւ ստուերիս հետ մենաւոր,
Արշալոյսի մը, կամ վերջալոյսի մը արիւններու ժամուն,
Իմ ատելութենէ ու սէրէ ու ընդվզումէ ամբոխեալ հոգիս
Անոնց յոյսի լոյսերէն վերջին անգամ մըն ալ թրջելով…
Ու քեզի կը ձգեմ, ո՜վ հերոսական ընկեր եւ մտածումի եղբայր,
Այն մետաքսէ ծիրանեգոյն վերարկուս երկար,
Որուն ծալքերուն մէջն իմ տառապանքս եւ ըմբոստացումս կարմիր՝
Օրերով ու խաւարներով ապարդիւնօրէն պտտցուցի…
Եւ սա՛ լուսեղէն առուակին քովը պիտի դնեմ քեզի համար
Իմ կաղնիէ ցուպս հաստատուն եւ դարերու աւանդ,
Որ տարիներով յոգնութիւնս ինծի հետ, ճամբաներուն վրայ,
Եղբօր մը պէս եւ բարեկամի մը նման բաժնեց…
Եւ ահաւասի՛կ հողէ սափորս հրաշագեղ, զոր ես թրծեցի,
Ջուրերուն ամենէն քաղցրահամովն առլցուն,
Եւ ահաւասի՛կ խաղողի ոսկեղէն ողկոյզ մը ծանրակշիռ,
Հայրենական այգիներուս արեւներուն տակ հասունցած…
Եւ ահաւասի՛կ հողիս խարտեաշ ցորեանէն բաժին մը հաց,
Որ ծաղկազարդ զամբիւղիս մէջն այսօր,
Երազիս անտառներուն քով, ջուրին եզերքը դրի…
Եւ ահաւասի՛կ դեռ եբենոսէ անվարժ քնարս աղմկայոյզ,
Որ պարտութենէս, օր մը, իմ դողդոջուն ձեռքերուս մէջ ջախջախուեցաւ…
Եւ ահաւասի՛կ, վերջապէս, քեզի՝ իմ վաղնջական սուրս պողպատեայ,
Որովհետեւ իմ յաղթուածի բազուկներս անարժան են անոր բոցին,
Ահաւասի՛կ որ թշնամիներու արիւնին ծարաւէն, մինչեւ այսօր,
Իր ոսկիէ պատեանին մէջ կատաղօրէն կը կայծկլտայ…
Ես դո՛ւն, ընկե՛ր, արդէն գիտես արիաբար քալել
Մեծ նպատակին այն ազատաբեր ճամբաներէն,
Ուրկէ քու երկաթեղէն քայլերդ, հազարաւորներու քայլերուն հետ,
Յաղթանակներու խոստացուած հնչիւնը պիտի հնչեցնեն…
Բայց եկո՛ւր, եւ ահաւասիկ ինչ որ քեզմէ պիտի խնդրեմ,
Եկո՛ւր եւ քու բարեկամի ու սիրուածի մատուըներովդ գորովածանր,
Այն երկու կաթիլ լոյսը, որոնք աչուըներս յոյսով եւ հպարտութիւնով կ՚ադամանդեն,
Եկո՛ւր զանոնք յաւերժութեան մը համար դէպի Խաւարը փակելու…
Որովհետեւ, Յոյսին ձայնէն՝ ինչպէս ձայնեն Փրկութեան կամ ձայնէն Տառապանքին…
Կրնայ ըլլալ որ իմ մեռեալի աչուըներս նորէն արցունքոտին…