ՄԵ՜ՂՔԸ,
ՄԵ՜ՂՔԸ
«Գիր
տարւոյն»ը
արդէն
շատ
աղէկը
ցոյց
չէր
ի
տար:
Հովերը
գէշ
փչեր
էին:
Տէր
Պօղոսին
աչքը
ընկած
տեղը
կը
պաղէր:
Խորանին
վրայէն
օրը
օրին
մարող
ճրագները
ա՛լ
երկրորդ
անգամ
լուսող
չէին
ունենար:
Գեղը
փրոտն
էր
եկեր:
Ծերունի
աւագերէցը
դեռ
կը
կասկածէր,
որ
աշխարհի
վերջը
հասած
ըլլայ
արդէն.
այդ
պատճառով
հաւանականութիւն
մը
կ՚որոճար
թէ
միւս
տարին
ալ
Գոգն
ու
Մագոգը
ըլլան
եկողը:
Տէր
Պօղոսէն
զատ,
ուրիշներ
ալ
կային,
մէկ
եկեղեցիին
մէջ.
տասը,
տասնըմէկ
քահանայ,
որոնք
օրուան
ան
ժամաւեր
համաճարակէն
իրենց
ծխատուները
կարելիօրէն
ազատ
պահելու
կանխազգուշութիւնով,
առտու
իրկուն
քիչ
մը
աւելի
կանուխ
կ՚երթային
եկեղեցին,
ցերեկային
այցելութիւններով
ալ
քիչ
մը
աւելի
երկար
մնալ
ու
մտմտալ
կը
ստիպուէին
ան
իրենցիններուն
մօտը:
Բայց
սամոյրը
մտած
էր
հաւբունը
ու
հոն
տեղաւորուած
ալ:
Ժողովարանը
այնտեղ
Հայ
ժամէն
քիչ
մը
անդին,
օրըստօրէաբար
շէննալու
յաջողութեան
մէջ,
դէպի
ուր
ամէն
օր
նոր
ճամբորդ
կար,
քահանայ
հայրերուն
դէմքը
աշնանային
մթութիւններու
արցունքոտ
թախիծովը
կը
ծածկէր
կամ
ծածկեր
էր
արդէն:
—
Ի՛նչ
պիտի
ըլլի
վերջը,
Տէր
Ղազա՛ր,
վարդապետը
ձեռք
մը
չպիտի՞
երկնցնէ,
սըվոնց
առաջքը
չպիտի՞
առնէ,
բաներն
ասանկ
երթան
նը,
վաղը
կ՚երուայ,
որ
մենք
ալ
Տէբոյենց
բակերը
[1]
պիտի
երթանք,
աղօթենք:
Աւագերէցին
յուսահատ
հարցումը
քահանաներէն
մէկուն,
որը
ինչքան
ալ
խորունկ
հասկցողի
համբաւ
վայելէր
գեղին
երդիքներուն
տակ,
բայց
կը
վարանէր,
կամ
արդէն
չէր
կրնար
տալ
վճռական
պատասխան
մը,
քանի
որ
չերեւակայուած
զուգադիպութիւնով
նոյն
միջոցներուն
ինքն
ալ
օրուան
Առաջնորդ
վարդապետին
հետ
խօսք
մէկ
ըրած՝
գաղտնի
բանակցութիւններ
կը
կատարէր
Պապական
Գերապայծառին
մօտը:
Վարդապետը
Պատրիարքարանէն
քէն
ըրած
էր,
քահանան
ալ
իրեններէն
ցաւած՝
ծառաստանի
վէճերու
հետեւանքով
մը,
երկուքն
ալ
Պապականութիւն
ընդունելու
որոշումին
յանգած
էին:
Աւագերէցը
հետեւաբար,
շատ
աւելի
ինք
էր,
որ
մինակ
կը
մնար
այն
երեւոյթներուն
հանդէպ,
մինչեւ
իր
երիկամունքներէն
խշխշացողը:
Իսկ
միւս
իր
պաշտօնակիցները,
—
որոնք
հասարակ
գեղջուկէ
մը
զատուելու
համար
ոչինչ
ունէին
իրենց
ներսովն
ու
դրսերեւոյթովը,
—
անոնք
ալ
ահա
իրենց
խոստովանորդիներուն
տէր
մնալու
գորովանքով,
դեռ
եթէ
վերջին
միջոց
մըն
ալ
կրնային
խորհիլ,
ան
էր,
որ
շաբթուան
մէջ
մէկ-երկու
անգամ
ծխատուներէն
առաջաւոր
ճանչցուած
դէմքերը
տուն
հրաւիրելով,
անոնց
ի
պատիւ
ճոխ
ճոխ
սեղաններ
կը
սարքէին,
որ
ատեն,
խնծղոտ
վարձկաններ,
գինին
երէցկինին
ձեռքով
խմողը
իր
զուարթ
կափկափներուն
մէջ,
հիւրընկալ
տէրտէրուն
կռնակը
կը
ծեծէր,
անոր
երեսին
անգամ
մըն
ալ
ըսելու
կամ
իր
տաներէցը
անգամ
մըն
ալ
վստահացնելու
թէ՝
բոլոր
գեղն
ալ
եթէ
հաւատքն
ուրանայ,
ինք
վերջինը
պիտի
մնայ:
Երդում
սուրբ
բաժկին
վրայ,
երդում
մանաւանդ
այն
լոս
հացին
վրայ,
որ՝
ինք
վերջինը
պիտի
մնայ:
Ու
յաճախ
գինիով
ողողուն
այդ
սեղաններուն
վրայ,
փրոտի
մը
ներքին
ու
արտաքին
տարօրինակութիւնները
զարմանքի
ու
հեգնութեան
առարկայ
եղած՝
խօսքին
հետ
մինչեւ
լոյս
առաւօտ,
բղողին
ալ
տակը
կը
բերէին:
Անոնց
համար
տարօրինակ
որ՝
Աստուրին
Այրոնը՝
երէկուան
հաւգողը,
սուրբերուն
բարեխօսութիւնը
կ՚ուրանայ,
տարօրինակ
որ
մրուր
ծծող
Թ.
-ենց
Թումիկը
գինիին
օձ
ըլլիլը
կը
քարոզէ:
Պահքն
ի՛նչ
է,
պատարագն
ի՛նչ
է,
մեռոն,
մկրտութիւնն
ի՛նչ
է,
ասոնց
վրայ
խօսող
անօրէնն
ալ
այն
Մէլխասը,
որ
վեց
ամիս
առաջ,
աղբօրը
որբը,
մօրէ
մերկիկ՝
տունէն
դուրս
քշելու
անգթութիւնը
կ՚ընէր:
Դեռ
ինչե՜ր,
ի՛նչ
տարօրինակութիւններ,
որ
ան
Տէբոյենց
բակերը
աղօթելու
վազող
փրոտի
մը
հոգիով
նորոգուածի
մը
յատկանշութիւնը
կ՚ոսկեզօծէին:
***
Անգամ
մը,
ակնարկուած
այն
տարօրինակ
նորոյթներու
կարգին,
գլուխ-գործոց
մը
ցուցադրելու
համար,
եկեղեցիէն
հեռացողները
ի՛նչ
կրնային
ընել
ուրիշ,
որուն
ան
ատեն
մենք
ալ
մեր
պզտիկի
թարթիչներուն
տակէն
հանդիպաբար
ականատես
կ՚ըլլայինք:
Չեմ
մոռցեր:
Գինիին
օձ
ըլլալը
հաւտացողներուն
կարգին
մասնաւորապէս
եթէ
եղան
անանկներ,
որ
իրենց
խաղողաբեր
այգիները
քակեցին
ու
մշակելի
արտերու
վերածեցին,
ոմանք
նոյն
իսկ
խաղող
չուտելու
անգամ
թունդ
ուխտը
ըրած,
բայց
դեռ
կը
համրուէին
անանկներն
ալ,
շատ
աւելի
սկսնակ
հաւատափոխները,
որ
այն
տարին,
ինչպէս
կը
պատահէր,
առատ
ալ
գինի՛
դրած
էին
ու
սակայն
ձեռուընին
վրայ
չէր
երթար,
որ
վերջապէս
ջուր
մը
դնեն
կարասներուն
գլխուն,
որոնց
յատակէն
մինչեւ
պռկունքը
կարմիր
օձն
է,
կ՚եռայ,
կը
սպառնայ.
ի՛նչ
ընեն,
ի՛նչ
կրնային
ընել,
քանի
որ
միւս
կողմէն
շատ
առիթներով
իրենց
հասցէին
մեղադրանքներ
ալ
կ՚ըլլային
եկեղեցիի
անդամ
աւագ
եղբայրակիցներուն
կողմէ:
Կիրակէ
առտու
մը,
հայ
ժամւորը
եկեղեցիէն
դուրս
եկած՝
ճամբու
վրայ,
տեսարանին
ու
տարօրինակութեան
բոլորովին
խելայեղիչը
կ՚ունենայ
առջեւը:
Այն
կողմէ,
ժամուն
ալ
մօտիկ
նեղ
փողոց
մը,
որուն
երկայնքին
ու
երկու
կողմերուն
վրայ
ամբողջութիւնովը
նորահաւատներու
տուները
բռներ
են,
դուռներուն
առաջքը
լեցուն
հակերու
դիրքով
կայնեցուած
մեծ
մեծ
կարասներ
կը
տեսնուին:
Կարասներ,
ես
ըսեմ
տասը,
դուն
հասկցիր
քսան
ու
աւելի
թիւով,
փեթակի
չափ
խոշոր,
խոշորափոր
բաներ:
Ասոնց
ամէն
մէկուն
կուշտին
ալ,
սօթթուած
թեւերով
մէյ-մէկ
հոգի
կեցած՝
խաղը
խորհրդաւորութեան
մէջ
վերջացնելու
համար
իրար
հասկցող
աճպարարներու
սպասանքը
ունին
կը
կարծես,
եւ
որոնք
հետզհետէ
ժամէն
ելլող
ու
ստուարացող
բազմութեան
կողմը
լայն
աչքեր
մը
կը
բանան:
Թափեցէ՜ք…
ճաթռտած
կոկորդով
ձայն
մըն
է
կ՚երկննայ:
Նշանը
տրուած
է,
ու
մէկէն
մէկ
անգամով
այն
փեթակի
պէս
բաները
փորերնուն
վրայ
կը
շրջուին,
գետին
նետուած
ահագին
գոմէշներ,
որոնց
կտրուած
շլլիքներուն
աղբերացող
արիւնը
իր
վերջին
կաթիլովը
դուրս
խուժել
ուզէ,
այս
երեւոյթը
ճիշտ,
ու
դուռներուն
առաջքը
վայրկենապէս
կարմիր
ծով
մը
կը
կոհականայ.
աչքդ
անգամ
մըն
ալ
կը
բանաս,
որ
այն
ծովը
այն
ինչ
ուղղութեամբ
կարմիր
գետի
մը
ընթացքը
առած
վազելու
ասպարէզ
կը
փնտռէ,
գալարքի
ցաւով
մը
կը
վազէ,
ու
այդ
վազքին
մէջ
վիրաւորուած
վիշապի
մը
զայրոյթովը
կը
ֆշշայ:
Մեծ
օձը,
կարմիր
մեծ
վիշապն
էր
այն
թողուածը,
այո՛,
որը
հոն
կ՚երթայ
ու
հողին
ու
աղբին
մէջ
իր
անէանալու
տեղը
կը
գտնէ:
Այդ
գործին
հեղինակները
յաղթանակը
տանողի
հպարտ
ոռնումով
մը
կը
պոռան
անոր
ետեւէն,
մե՛ղքը,
մե՛ղքը,
մե՛ղքը…
Տէր
Պօղոս
խենթերու
այդ
արարքին
ի
տես,
կեցած
տեղը
կաթուածահար
ըլլալու
նոպա
մը
կ՚անցնէ:
Խենթեր,
որ
մայրերէ
չեն
ծնած,
յիմարներ,
որոնց
մէկ
հատը
դժոխք
մը
կը
լեցնէ:
Ամէն
բան,
ամէն
սրբութիւն,
ոտքի
տակ
առնելու,
անօրէնութեան
հետ,
հիմա
ալ
չլսուած,
չտեսնուած
ամպարշտութիւն,
սուրբ
բաժկին
է
որ
հողին
ու
աղբին
հետ
կը
խառնեն:
Շուտ
ըրէ՛ք,
կ՚ըսէ,
տղա՛ք,
քովիններուն,
շուտ
անցնէինք
սա
տեղերէն
որ
գլխընուս
վրայ
կրակ
չթափէր:
***
Այն
օրէն
ի
վեր,
քանի
տարի
անցեր
է,
չեմ
գիտեր.
իմ
գիտցածս
ան
է
միայն
որ
այն
հայ
գեղին
մէջ
հեշտ
պիտի
ըլլար
հիմա
հաշուելը,
թէ
մեղքերու
քանի՜
տեսակները
կը
գործէին
գեղացիք՝
ընդունուած
դրութեան
մը
սովորականութիւնով,
զոր
լուալ
ստըկցնելու
համար
Եփրատի
ջուրն
ալ
չպիտի
օգտէր
կարելի
է:
Իմացուած
քրիստոնեայ
կեանքը
ոչ
ժամուն
ժողովուրդը
կ՚ապրէր
հոն
արդէն,
ոչ
ալ,
աւա՜ղ,
ժամէն
հեռացող
դասալիք
այն
հատուածը
գիտցաւ
բան
մը
ընել:
Հոն
աս
վերջինները
մանաւանդ
այնչափ
տարիներ
աչքերնին
բեմին
ոսկեզօծ
Աւետարանին
վրայ
սեւեռած
պահելով
մէկտեղ,
մեղքի
տեսակներու
ու
անոնց
հետեւանքին
վրայ
միշտ
նոյն
բեմէն
ամէն
օր
բաներ
մը
լսելով
մէկտեղ,
հիմայ
իրենց
ու
միւսներուն
բարոյականի
աստիճանաչափը
ո՛ր
տեղէն
կամ
ո՛ր
դիրքով
պէտք
պիտի
ըլլար
դիտել
որ
զգալի
տարբերութիւնը
ձեռուընիս՝
իրենց
համար
նպաստաւոր
խեցեվճիռ
մը
փորձէինք:
Տարիներ
առաջ
ջնջած
այգիներուն
վրայ
այսօր
իրենք
են,
որ
կուլան:
Ու
մեղքերը…
քանի՛
տեսակ,
ու
ի՛նչ
եղանակաւորուած
ձեւերու
մէջ:
Ցաւելով
կը
գրէի
աս
տողերը,
կամ
բնական
էր,
որ
խորունկ
հոգոցով
մը
սկսէի
այն
ատեն,
ուր
կարասները
կոտրուելով,
անոնց
մէջէն
օձ-մեղքը
եղաւ
դուրս
նետածնին,
որը
յետոյ
իր
ձագտիքներովը
պիտի
վերադառնար
ու
սողոսկէր
իրենց
դէմքերէն
ներս,
ան
ատեն
ճիշտ,
կամ
անկէ
վերջը
հետզհետէ,
աւելի
աղէկ
չպիտի՞
ըլլար,
որ
բաներ
մըն
ալ
իրենց
միսէն
ու
ոսկորներէն
փրցնէին
նետէին:
Այդ
միսերը,
այդ
մորթերը,
անոնց
տակ
ծածկուած
կնճռոտ
բնազդն
ու
ոսկրացած
բարոյական
խեղութիւնները,
նախ
ասոնց
վրայ
կատարէին
հիմնական
փոփոխութիւնը
քարոզուած
Աւետարանին
մաքուր
ազդեցութեան
ներքեւ:
Տարիներ
անցնելէ
վերջ
կ՚ըսեմ,
կարգ
մըն
ալ
մեզի
չէ՞ր
տրուեր,
որ
մենք
ալ
հիմայ
պոռայինք,
մե՛ղքը,
մե՛ղքը,
դեռ
նոյն
մարդը,
դեռ
նոյն
տգեղութիւնը,
նոյն
մութ
նկարագիրները,
աջ
աչքերու,
աջ
ձեռքերու
նոյն
մեղքը
տակաւին,
որ
կայ
ու
կը
մնայ
գեղին
բոլոր
հայ
համայնքին
մէջ
հաւասարապէս:
Շիտակ
չէ՞ր
ուրեմն,
որ
ըսէինք
թէ՝
հոն
իրաւ
որ
ո՛չ
հայ
քահանան
կրցեր
է
բան
մը
ընել,
ոչ
ալ
Պատուելի
քարոզիչը
կարող
եղեր
է
քրիստոնէական
շինիչ
բարոյական
մը
մշակել,
գոնէ
ինչպէս
հասարակ
կորեկ
մը
կը
մշակէին:
Եւ
ինչո՞ւ…
«Ծաղիկ»,
1904։
[1]
Նախորդ
ժողովարանին
տեղը։