Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յանձնաժողովս իր կազմութեան օրէն իսկ հետամուտ եղած է ձեռք բերելու, Կիլիկիոյ մէջ գտնուող բոլոր արկածեալ այրիներու ամբողջական վիճակագրութիւնները՝ որոնց մէջ նշանակուած ըլլային ամէն մէկուն անունը, էրկանը անունը, տարիքը, որբերը, անոնց տարիքը, նիւթական վիճակը, պաշտպան ունենալը կամ չունենալը, բնակավայրը, դաւանանքը, առողջական վիճակը եւ ուրիշ լրացուցիչ ծանօթութիւններ (եթէ կան)։ Այս մասին շրջաբերականներով ու նամակներով միշտ դիմումներ եղած են մասնաժողովներուն ու առաջնորդարաններուն, բայց եկած ցանկերը առ հասարակ անկատար եւ Յանձնաժողովիս պահանջներուն անհամապատասխան ըլլալով, կարելի չէ եղած այրիներուն ճշգրիտ թիւը ունենալ, մինչեւ որ Քննիչ-Պատուիրակ Սայապալեան էֆ. գլուխ հանած է այդ աշխատութիւնը։

Սոյն լիակատար վիճակագրութիւններուն մէկ ամփոփումը կցուած է՝ ներկայ համարատուութեան իբրեւ յաւելուած տպուած Սայապալեան էֆ. ի տեղեկագրին։ Տարակոյս չիկայ թէ այս թիւերուն կրկնապատիկը եղած էր այրիներուն թիւը, դէպքերէն անմիջապէս ետքը, սակայն, շատեր տարբեր գաւառներէ ըլլալով գաղթած, երիտասարդներէն մէկ մասը վերամուսնացած եւ տարիքոտներէն մէկ մասը մեռած ըլլալով այս օրուան թիւերն են ներկայացուածները եւ մեր խնամքին յանձնուած այրիներուն քանակութիւնը այս է.