Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՃԸՆ

ԴԻՐՔ. Հորիզոնը ամէն կողմէ բարձր լեռներով փակուած, տուները, ձորին վարի ծայրէն սկսելով, իրարու վրայ դիզուած են, ժայռուտ մեծ բլուրի մը երեք կողերն ի վեր։

 

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ.

 

1700

 

տուն

 

Հայ լուսաւորչական

 

 

200

 

տուն

 

Հայ Բողոքական

 

 

50

 

տուն

 

Հայ Կաթոլիկ

 

 

50

 

տուն

 

Թուրք

Գումար

 

2000

 

տուն

 

 

 

Բնակչութիւնը ընդհանրապէս տուն գլուխ 5 հոգի կը հաշուուի մեր մէջ։ Սակայն Հաճընի համար միջինը առ նուազն 7 պէտք է հաշուել։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Ծանօթ է Հաճընի ինքնապաշտպանութիւնը, որով տեղւոյն վրայ մարդ չէ սպաննուած, բաց ի յարձակող խուժանին հեռուէն արձակած գնդակներէն պատահաբար զարնուող քանի մը հոգիներէ։ Սակայն, առանց տեղւոյն վրայ ջարդ պատահելու, ամենէն մեծ անձի կորուստ ունեցող տեղն է Հաճըն։ Դուրսը գտնուելով ջարդուողներուն թիւը (որոնց մէջ կան նաեւ կիներ ու տղաքներ) կը հասնի հազարներու։ Իբր նիւթական վնաս, տեղւոյն վրայ այրուած ու թալլուած է Ս. Յակոբի վանքը, զոր յետոյ նորոգած են դուրսէն ու տեղւոյն վրայ հաւաքուած նուէրներով, եւ ուր հաստատուած է հիմա Ազգ. Որբանոցը։ Սակայն սխալ կ’ըլլար միայն ատոր մէջ սահմանափակել Հաճընի նիւթական վնասը, որ տարեկան քանի մը հազար ոսկիի կը հասնի, որովհետեւ Հաճընցիներէն շատերը, դուրսը մասնաւորապէս Ատանայի դաշտին մէջ կ’երթային ճարել իրենց ապրուստը, եւ այդ իսկ պատճառաւ այնքան բազմաթիւ զոհեր տուած է Հաճըն։ Արական սեռը, դէպքէն առաջ, թիւի առաւելութիւն ունեցած է Հաճընի մէջ, (ինչպէս հիմա Զէյթուն) սակայն դէպքէն յետոյ հաւասարութիւն գոյացած է։ Կեանքը կարճ է հոս, միջինը 45ը չանցնիր, ու կարծեմ ատոր գլխաւոր պատճառներն են առողջապահական պայմաններու անգիտակցութիւն եւ բնակչութեան չափազանց խճողուած ըլլալը։

ՏՆՏԵՍ. ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Արտածուած նիւթերու առաջին տեղը կը գրաւէ այծի ու եզան մորթը, տարեկան 1000 ոսկիի չափ։ Երկրորդ կարգի վրայ կու գայ աղուէսի, սանսարի եւ մուշտակաւոր մորթերու արտածումը, տարեկան 500-600 ոսկիի չափ։ Ցորենը դուրսէն կու գայ, գլխաւորաբար Ազիզիէէն։ Հաճընի այգիները հազիւ տեղացիներուն կը բաւեն եւ չամիչի ու գինիի արտածում չկայ։ Տեղւոյն վրայ կը շինուի եւ կ’սպառի տարեկան 5-600 ոսկիի մօտ բուրդէ ապա եւ շալվար, նոյնքան ալ մանուսա կը շինուի եւ կ’սպառի տեղական մանուսայագործարանին մէջ, որուն վրայ պիտի խօսիմ առանձին։

Հաճընի մէջ կան 200ի չափ խանութպաններ որոնց մէկ մասը մանիֆաթուրայի եւ այլ ապրանքներու ներածութիւնով կը զբաղի, ու մեծ մասն ալ արհեստաւոր է, գլխաւորապէս կօշկակար։ Ասոնցմէ զատ կան 200ի մօտ շրջուն բերեզակներ եւ 150ի չափ շրջուն կօշկակարներ (աւելի ճիշտ է ըսել ուրիշներու շինածը ծախող կօշիկի վաճառորդներ) որոնք շրջակաները կ’երթան սպառելու իրենց ապրանքները, դրամով ծախելով եւ կամ ցորենի եւն. ի հետ փոխանակելով։ Կան նաեւ Ատանայի, Տարսօնի, Ղարսի, Սիսի, Օսմանիէի, Ճիհանի, Տէօրթ Եօլի մէջ աշխատող 1200ի չափ Հաճընցի գործաւորներ։ Ջորեպանութիւն ընողներն ալ սակաւաթիւ չեն։

Ամբողջ պտտած վայրերուս մէջ, միայն Զէյթունը բացառութիւն ըլլալով, ո՛չ մէկ տեղ այնքան շեշտուած գտայ աղքատութիւնը, որքան Հաճընի մէջ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Հաճընի մէջ դէպքէն արկածեալ այրիներուն ներկայ թիւն է.

 

 

493

 

Հայ լուսաւորչական

 

 

20

 

Հայ Բողոքական

 

 

25

 

Հայ Կաթոլիկ

Գումար

 

538

 

որոնցմէ մօտ 200ը աշխատելու անկարող են, ծերութեան կամ տկարութեան պատճառով։

 

ԲԱՑՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ. 1. Գորգագործարան։ Ներկայ աշխատանոցներուն մէջ մեծագոյնն է Արեւել. Գորգի Ընկերութեան գործը, ուր հիմա 100 տէզկեահի վրայ կ’աշխատին 500ի չափ գործաւորուհիներ, 8էն 20 տարեկան։ Սակայն անոնց մէջ հազիւ 15 այրիներ կան, որովհետեւ գորգի գործը աւելի երիտասարդ աղջիկներու կը յարմարի։ Ընկերութիւնը նպատակ ունի նոր շէնք մը շինելու այս տարի եւ գործաւորուհիներուն թիւը բարձրացնելու 1000ի։ Գորգաշինութիւնը Հաճըն մտցնելու նախաձեռնարկ եղած է Այրիախնամ Կեդր. Յանձնաժողովը, նախ դիմումներ ընելով սոյն ընկերութեան կեդրոնին մօտ, եւ յետոյ, անոր վարանումը տեսնելուն, ինք սկսելով գործը, զոր, ընկերութեան մուտք գործելէն յետոյ, անոր փոխանցեց շատ աննշան վնասով մը։

2. Գուլպայագործարան։ Կեդր. Այրիախնամին կողմէ 1911ի սկիզբը բացուած եւ հետզհետէ ընդարձակուած սոյն աշխատանոցը, որ հիմա 100ի չափ այրիներ կ’աշխատցնէ, ամէնէն աւելի կը ծառայէ դէպի արկածեալները հոգալու նպատակին, որովհետեւ միայն այս աշխատանոցին մէջ պահուած է լոկ դէպքի այրիներ ընդունելու սկզբունքը, եւ հետեւաբար ամէնէն շատ այրի աշխատցնողն աս է։ Այժմ գործող 42 մեքենաներով, որոնց 20ը դեռ վերջերս հաստատուեցան, աշխատանոցը պիտի կրնայ, յառաջիկայ տարեշրջանին 1000 ոսկիի մօտ արժէքով գուլպայ արտադրել ու հետզհետէ բարգաւաճիլ, եթէ արտադրութիւնը նպաստաւոր ու արագ կերպով սպառող հրապարակներ գտնելու մասին Կեդր. Յանձնաժողովի ըրած ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին։

3. Մանուսայագործարան։ Պետական դրամագլուխով հիմնուած եւ տեղական յանձնաժողովի մը կողմէ կառավարուած։ Յանձնաժողովին նախագահն է տեղւոյն գայմագամը, եւ ատենապետը՝ միսիօնարական հաստատութիւններու տնօրէն Մր. Կարտընըր։ Այս հաստատութեան մէջ կ’աշխատին 80ի չափ գործաւորուհիներ, որոնց 70ը դէպքէն կամ բնական այրիներ են։ Տարեկան 5-600 ոսկի արժէքով մանուսա կ’արտադրէ, որ գրեթէ ամբողջովին տեղւոյն վրայ կ’սպառի։ Այս հաստատութիւնը միւսներուն վրայ տնտեսական մեծ առաւելութիւն մը ունի, այն է իր բերած գործիքներուն եւ ապրանքներուն մաքսէ զերծ ըլլալը։ Ցաւալի է որ, Հակառակ Կեդր. Այրիախնամի քանիցս դիմումներուն, կառավարութիւնը այդ նպաստաւորող բարեացակամութիւնը ցոյց չէ տուած մեր գուլպայագործարանին հանդէպ, ու հարկադրուեցանք մեքենաներու եւ նիւթեղէնի համար մաքս վճարել՝ այրիներուն իբր նպաստ տրուած դրամէն։ Մէկ ձեռքով նպաստ տալու եւ միւս ձեռքով կերպով մը մասամբ զայն ետ առնելու այս սխալ ըմբռնումը եթէ վերնար, մեծապէս օգտակար պիտի ըլլար գուլպայագործարանին, քանի որ անիկա ոչ մէկ տարբերութիւն ունի մանուսայագործարանէն, երկուքն ալ նոյն նպատակին համար հիմնուած, մանաւանդ երկուքն ալ նոյն աղբիւրէ բղխած դրամագլուխներով հաստատուած։

4. Զարիֆիէի գործ։ Դրամագլուխը կէս առ կէս հայթայթուած Պոլսոյ Աշխատանքի տան եւ Եգիպտոսի Հ. Բ. Միութեան կողմէ. տարեկան 200 ոսկիի մօտ բանուածոներ դուրս կը ղրկուին ծախուելու համար։ Կ’աշխատին 25 այրիներ, անխտրաբար դէպքէն կամ բնական։

ԲԱՑՈՒԵԼԻՔ ԳՈՐԾ. Ներկայ չորս աշխատանոցներէն զատ, բացուելու վրայ է նաեւ բուրդէ վարագոյրի (ճիճիմ) գործ մը, որուն դրամագլուխը ղրկուած է Եգիպտոսի Հ. Բ. Միութենէն եւ ուր պիտի կրնան աշխատիլ 70ի մօտ այրիներ։

ԱՆԳՈՐԾ ՄՆԱՑԱԾ ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն արկածեալ եւ աշխատելու կարող 340ի չափ այրիներու թիւէն զեղչելով բացուած ու բացուելու վրայ եղող գործերուն մէջ աշխատողները, ու նաեւ անոնք՝ խիստ սակաւաթիւ՝ որ պէտք չունին աշխատելու, դեռ 100ի մօտ դէպքէն այրի կը մնայ կարօտ ու անգործ։

Նկատի առնելով հանդերձ ասոնց համար ալ հետզհետէ միջոցներու ներածին չափ գործ գտնելու պէտքը, հարկ է անվերապահ կերպով ընդունիլ թէ, աշխատանոց հիմնելու գաղափարը, մասնաւորաբար Հաճընի համար, խիստ օգտակար եղած է այրիներուն, նիւթական ու բարոյական կրկին տեսակէտներով։ Աշխատանոցի գաղափարին հակառակողները, որոնք սկիզբէն ի վեր գոյութիւն ունեցած են, թիւերու պերճախօսութեան առջեւ պէտք է լռեն գոնէ։

ՕՐԱՎԱՐՁ. Այրիախնամի գուլպայի աշխատանոցին մէջ այրիները կը ստանան 5էն նուազագոյն չափ մինչեւ 8 մէթալիկ օրավարձ. միջին հաշւով նոյն է միւս գործերուն մէջ ալ։ Մեծ քաղաքներու համար շատ չնչին կը թուի այս վճարումը, սակայն տեղական պայմանները նկատի առնելով կարծուածին չափ անբաւական չէ։ Այրիները դժգոհ չեն եւ հաճոյքով դիտեցի որ, մանաւանդ Հաճընի մէջ, ընդհանրապէս ծոյլ չեն կիները եւ դրամական նպաստի անբարոյացնող ձեւէն աւելի կը նախընտրեն աշխատելով ապրիլ։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Տարակոյս չկայ որ խելացի է Հաճընցին եւ իր մտաւոր մակարդակը, ուրիշ գիւղերու հետ բաղդատելով, զգալիօրէն բարձր, եւ դէպ ի աւելի վեր ձգտելու տրամադիր։ Սակայն դժբախտաբար, նոյն լաւատեսութիւնով կարելի չէ խօսիլ իր բարոյական ուրիշ յատկութիւններուն վրայ։ Ազգային գործերու մէջ պատուակալ պաշտօններու հոգի տուող, բայց իր շահէն ուրիշ գործի մը համար խղճմտօրէն աշխատելու շատ քիչ տրամադիր է։ Իրարու նախանձով նայելու, զիրար հարուածելու ցեղային ունակութիւնը կարծես մասնաւորապէս շեշտուած է հոս։