Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԹ.
ԱՏԱՆԱ
(քաղաքը)

ԸՆԴՀ. ԱԿՆԱՐԿ. Ատանան իր շուրջի բերրի դաշտով, բամպակի եւ արմտիքի մեծաքանակ արտածումով, մանարաններով ու բանուկ առեւտուրով ծանօթ է արդէն, իբր փոքր Ասիոյ ամենէն վաճառաշահ կեդրոններէն մէկը։ Հետեւաբար, աւելորդ պիտի ըլլար խօսիլ անոր աշխարհագրական դիրքին ու տնտեսական բարգաւաճ, եւ հետզհետէ բարգաւաճելու տրամադիր վիճակին վրայ։ Պաղտատի մեծ գծին իր մէջէն անցնիլը վերջին տարիներս ա՛լ աւելի շեշտած է Ատանայի տնտեսական կարեւորութիւնը։

Տարակոյս չկայ թէ, առանց 1909ի անմոռանալի աղէտին, բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար այսօր Ատանայի վիճակը։ Տարակոյս չկայ նաեւ որ այդ լայնատարած աղէտէն ուղղակի եւ ահաւոր կերպով տուժող տարրը եղած է Հայութիւնը։ Բայց պիտի ուզէի որ մանաւանդ մեր Թուրք հայրենակիցները կարենային ըմբռնել թէ՝ այդ աղէտին հետեւանքները շատ չարաշուք կերպով ազդած են, ու չէին կրնար չազդել, երկրին, պետութեան թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ մանաւանդ բարոյական կացութեան վրայ։ Այս ճշմարտութիւնը եթէ լաւ ըմբռնուէր, ամենէն ազդու եւ ամենէն փրկարար դասը կ’ըլլար Օսմանցիութեան ապագային համար։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Ատանայի ընդհանուր բնակչութիւնը կը հաշւուի 80, 000 հոգի, որուն 20, 000ը Հայ։ Հայերուն մէջէն 1000ը Բողոքական են եւ 500ը Կաթոլիկ։ Հայերէն եւ յոյներէն զատ, իբր Քրիստոնեայ տարր կան նաեւ 500 հոգիի չափ Քիլտանի-Կաթոլիկ, 400ի չափ Հին-Սիւրեանի եւ 300ի չափ ալ Սիւրեանի-Կաթոլիկներ։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Անձի կորուստին ցաւագինօրէն պերճախօս թիւերը, Ատանայի մասին, այնքան ծանօթ են որ աւելորդ է վերյուշել։ Հայերու, Քիլտանիներու եւ Սիւրեանիներու տուներուն 213ը այրուած է դէպքին։ Կառավարութեան կողմէ եղած հատուցումին միջինը տուն գլուխ 45 ոսկին չանցնիր, հակառակ անոր որ այրող տուներուն մեծ մասին արժէքը 200էն վեր է։

ԱՅՐԻՆԵՐԸ. Դէպքէն ետքը Ատանա եկած հաստատուածներն ալ միասին հաշուելով՝ Ատանայի մէջ դէպքէն արկածեալ այրիներուն ներկայ թիւն է.

392

 

Հայ -Լուսաւորչական

33

 

Հայ-Կաթոլիկ

35

 

Բողոքական

57

 

Հին-Սիւրեանի (Օրթօտոքս)

34

 

Քիլտանի-Կաթոլիկ

14

 

Սիւրեանի-Կաթոլիկ

Գումար 565՝

 

որոնցմէ 160ի չափը աշխատելու անկարող։

 

ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ. Ատանայի մէջ երբէք գործ չի պակսիր, աշխատիլ ուզող այրիներուն համար, քանի մը մեծ գործարաններ կան կտաւի եւ մանածի, որոնք շարունակ գործաւորուհիի պէտք ունին, եւ կը վճարեն օրական 5էն 7 ղրշ. ։ Բացի ատկէ կայ բամպակը խոզակէն հանելու գործը, որով այրի մը տունը նստած բանելով կրնայ օրական 4-5 ղրշ. շահիլ։ Հետեւաբար պարզ է թէ, ասոնցմէ նուազ օրականով աշխատող չի գտնուիր նոր բացուելիք ո եւ է գործի, եւ այս օրականներով ալ, նոր եղածներէն տարբեր ձեւով գործ մը չի յաջողիր, կամ շատ դժուար կը յաջողի։ Այս պատճառով յաջողութիւն չէ գտած դէպքէն յետոյ բացուած պետական աշխատանոցը, որ փակուած է հիմա։

ԱՅՐԻԱԽՆԱՄԻ ԴԵՐՁԱԿԱՏՈՒՆ. 1911 մարտին Այրիախնամի կողմէ բացուած դերձակատունը տարեշրջանին մէջ 20-30-50 եւ պահ մը մինչեւ 75 այրի աշխատցնելէ յետոյ, վերջերս կեդրոնի հաւանութիւնով ծախքերու խնայողութեան համար գործաւորուհիներուն թիւը զեղջուեցաւ 30ի։ Դերձակատան բուն նպատակն է անշուշտ կարուձեւ սորվելու յարմարութիւն ունեցող այրիներուն, աստիճանաբար, մնայուն եւ շահաւէտ արհեստ մը սորվեցնել, նկատելով որ Ատանայի պէս կեդրոնի մը մէջ դերձակութիւնը շահաբեր կրնայ ըլլալ միշտ։ Այլապէս անիմաստ պիտի ըլլար անպատճառ նոր գործ մը բանալ տեղ մը ուր գործ չի պակսիր արդէն։ Եւ Այրիախնամի պարտականութիւնն է այրիներուն գործ ճարել, տեղական պայմաններուն համաձայն, միայն այն տեղերը ուր անոնք աշխատութիւն մը չեն կրնար գտնել ապրուստ ճարելու համար ինչպէս Հաճըն։ Ատանայի դերձակատան կարուհին (Պոլսէն ղրկուած) գործաւորուհիներէն 12 հատին համար կարուձեւի դասընթացք մը հիմնած է, ուր անոնք տեսական մասն ալ կը սորվին, գործնականը շարունակելով միեւնոյն ատեն, ստացուած յանձնարարութիւններու պատրաստութիւնով։ Երբ ասոնք դասընթացքը աւարտեն (ամիսէ մը) նորեր պիտի յաջորդեն անոնց, եւ Ատանայի մէջ աշխատանոցին գոյութիւնը ասով կ’արդարանայ ահա։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Երբ Ատանայի Հայութեան տնտեսական գոհացուցիչ վիճակին գոյացուցած արտաքին վարագոյրը վեր առնենք, քիչ մը խորը դիտելու համար, յուսահատական ըլլալու չափ տխուր է պատկերը. գինեմոլութիւն, սեռային անբարոյականութիւն եւ խաղամոլութիւն, ահաւասիկ այն երեք գլխաւոր գահավէժները որոնց վրայէն կը սուրայ Ատանայի Հայութիւնը (հարկ կա՞յ կրկնելու որ անհատները չեն որ կրնան խնդրոյ առարկայ ըլլալ այս դատումներուն մէջ այլ մեծամասնութիւնը) եւ մանաւանդ, աւելի ցաւալի է ըսել, երիտասարդութիւնը, դէպ ի կատարեալ այլասեռում։ Ո՛չ մէկ ընթերցարան, ո՛չ մէկ լսարան, ո՛չ մէկ բացօդեայ ու առողջապահական հաճոյքի (sport) ընկերակցութիւն այդ 20, 000 հոգիէ բաղկացեալ հոծ հայութեան մէջ։ Այս տողերէն ետքը հարկ չի մնար խօսելու նկարագրի ուրիշ գծերուն վրայ՝ որոնք ինքնին երեւան կուգան արդէն, իրերու ճակատագրային բնականութիւնով։