Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.
ՀԱՍԱՆ-ՊԷՅԼԻԻ ՇՐՋԱՆԱԿ (Պահչէի Գազա)

ՀԱՍԱՆ-ՊԷՅԼԻ

ԴԻՐՔ. Ամանոսի լեռնաշղթային գոգը, մայրիի եւ կաղնիի անտառներով շրջապատուած, 2-3 բլուրներու կողին վրայ կիսաբոլորակ մը կը կազմէ գիւղը գրեթէ երկու ժամուան շրջանակի մը մէջ տարածուելով։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 400 տուն, որուն միայն 30ը Թուրք. Հայերուն մէջ կան 70ի չափ Բողոքականներ։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Բոլոր տուները կրակի տրուած են, ու իբր հատուցում բոլորին համար 1000 ոսկիի չափ գումար մը տուած է կառավարութիւնը։ Ինքնապաշտպանութեան շատ տկար ու մասնակի փորձ մը միայն եղած է։ Գրեթէ բոլոր այրերը փախուստ տուած են, գիւղին մէջ ձգելով կիներն ու տղաքը։ Փախչողներէն մէկ մասը ապաստանած են Իսլահիէի դաշտին վրանաբնակ Քիւրտերուն քով, եւ հոն պաշտպանութիւն գտած Հաճի Չավուշ կոչուած ազդեցիկ ցեղապետի մը միջամտութիւնով [1] ։ Այս շրջանակին լեռնային մասերուն մէջ, սպաննութիւնները հաւաքականէ աւելի մասնակի հանգամանք ունեցած են, անոր համար որ ամէն մէկը մէյ մէկ անկիւն փախած էին, սակայն խիստ երկար տեւած. գրեթէ երեք շաբաթ խուժանը մարդորսութիւն ըրած է այս շրջանակին մէջ, ազատ համարձակ, գտածը սպաննելով։ Այս պատճառով 300ը կ’անցնի զոհերուն թիւը։

ՏՆՏԵՍ. ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Պզտիկ շուկայ մը ունի Հասան-Պէյլի. գլխաւոր զբաղումներն են երկրագործութիւն, շերամաբուծութիւն, ծխախոտի մշակութիւն, նաեւ մասամբ արջառաբուծութիւն եւ ջորեպանութիւն։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 166 այրիներ կան։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. Որեւէ գործ կառավարելու կարող տարրեր կը պակսին։ Մեծ բարիք մը պիտի ըլլար շերամաբուծութիւնը զարգացնելու համար միջոցներ ձեռք առնել, հունտ ղրկել ու մանաւանդ վարպետ մը ղրկել, կամ հոնկէ մէկ երկու երիտասարդ բերել տալով վարժարան դնել, պայմանաւ որ աւարտելնուն երթան սորվեցնեն։ Որովհետեւ նախնական վիճակի մէջ է շերամաբուծութիւնը եւ որ եւ է մասնագէտ չի կայ տեղւոյն վրայ. նոյն բանը կարելի է ըսել ծխախոտի մշակութեան համար ալ։ Այս երկու ճիւղերուն մէջ ալ կիներու համար գործ կայ, –– մանաւանդ առաջինին մէջ։ Ասոնցմէ զատ, օգտակար կ’ըլլայ նաեւ այծ բաշխել, պայմանաւ որ ամէն մէկ այրիի գոնէ 3-4 հատ տրուի մէկ անգամէն։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Նոյն իսկ ինքնապաշտպանութեան պէս բնական ու նուիրական խնդրոյ մը շուրջը իրարու հետ չեն կրցած համաձայնիլ Հասան-Պէյլիցիները եւ ամէն մէկը, առանձին կամ պզտիկ խումբերով, փախուստ տուած է։ Եթէ գիտնային գոնէ ճգնաժամային վայրկեաններու մէջ զիրար հասկնալ, շատ հաւանօրէն ազատ կրնային մնալ խուժանական վայրագութիւններէ. այս պարագան արդէն գաղափար մը կուտայ իրենց նկարագրին վրայ։



[1] Զարմանալի ու անբացատրելի հակասութիւնով մը, այս Հաճի Չավուշը նախապէս իրենց մօտ բնակող սակաւաթիւ հայերը ջարդել տուած է, հիմա ալ մնացողները հարստահարողները կը պաշտպանէ։