Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.
ՃԻՀԱՆ (Նախկին Համիտիէ)

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. – Ատանայէն 9 ժամ դէպ ի արեւելք, Պաղտատի երկաթուղիին գծին վրայ, համանուն գետին եզերքը, Գազային կեդրոնն է։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. – 2200 տուն. Հայերը 41 տուն են միայն, 3ը Բողոքական. դէպքէն առաջ Հայ բնակչութիւնը 50 տունէ աւելի եղած է։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. – Բաց ի հոս սպաննուած դրսեցիներէն, բնիկ Ճիհանցի 100 հոգիի չափ զոհուած են դէպքին։ Բոլոր Հայու տուները եւ եկեղեցին այրուած են։ Կառավարութիւնը, իբր հատուցում, տուն գլուխ 25 ոսկի տուած է հոս հաւասարապէս։

ՏՆՏԵՍ. – Երկրագործութեան եւ նախիրի մեծ կեդրոն է Ճիհան, բայց Հայերը գլխաւորաբար խանութպան եւ արհեստաւոր են։

ԱՅՐԻՆԵՐ. – Դէպքէն 15 այրի կայ։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. – Հոս ալ պէտք ու կարելիութիւն չի կայ ասոնց գործ բանալու. գործ կրնան գտնել տեղւոյն վրայ. աշխատելու բացարձակ անկարողներուն միայն դրամական նպաստ կրնայ տրուիլ։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. – Հոսկէ հոնկէ հաւաքուած քանի մը տուն Հայեր որոշ նկարագիր ունեցող զանգուած մը չեն ներկայացներ արդէն։ Գինեմոլութիւն եւ թղթախաղ շատ տարածուած է։