Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.
ԽԱՌՆԸ (ՀԱՐՈՒՆԻԷ)

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Լափաճլըէն 3 ժամ դէպի հիւսիսային արեւմուտք, բարեբեր եւ ընդարձակ դաշտի մը առջեւ, բլրակներու կողերուն վրայ տարածուած գիւղ մը։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 200 տուն, որուն 30 Թուրք եւ 170ը Հայ։ Հայերուն մէջէն 40 տունը Բողոքական են։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Ինքնապաշտպանութեան շատ աննշան փորձ մը միայն եղած է, եւ 188 հոգի ջարդուած են՝ որոնց կին։ Տուները ամբողջովին այրուած են. կառավարութիւնը, միջին հաշւով տուն գլուխ 12 ոսկիի չափ հատուցում ըրած է։ Այս գիւղին եկեղեցիին ալ, ճիշտ Լափաճլըի պէս, պատերը աւարտած եւ վրան գոցուելու պահուն շինութիւնը արգիլուած է միեւնոյն թուականին։

ՏՆՏԵՍ. ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Գլխաւոր զբաղումն է երկրագործութիւն (առջեւի դաշտին մէջ արտեր ունին), ծխախոտի մշակութիւն եւ մասամբ ալ շերամաբուծութիւն։ Դէպքէն առաջ, այս շրջանակին մէջ տնտեսական լաւագոյն պայմաններ ունեցողը եղած է այս գիւղը։ Եթէ որբերը քիչ մըն ալ մեծնան ու իրենց բարեբեր արտերը կարենան օգտագործել, տնտեսական վիճակը կրնայ շուտով վերականգնիլ, մանաւանդ որ երկաթուղիի գիծը 2 ժամ միայն հեռուէն անցուելու վրայ է, ինչ որ մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Պզտիկ շուկայ մը կայ Խառնըի մէջ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 105 այրի կայ։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒԸ. Շերամաբուծութիւնը եւ ծխախոտի մշակութիւնը զարգացնելիք միջոցներ հոս ալ օգտակար կ’ըլլան։ Խառնըի հողը մասնաւորաբար յարմարութիւն ունի ծխախոտի մշակութեան։ Այծ պահելու յարմարութիւն չունի այս գիւղը։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Բարքերը, Լափաճլըի հետ բաղդատելով նուազ նահապետական, ժողովուրդը նուազ պարզամիտ, բայց դժբախտաբար, հանրային գործերու հանդէպ չափազանց անփոյթ. զիրար հարուածելու մէջ շատ ճարպիկ, եւ ատոր համար ալ մէկը միւսին վրայ վստահութիւն երբէք չունի։ Անտարբերութիւնը՝ ազգային զգացումի եւ եկեղեցիի հանդէպ՝ շատ շեշտուած է հոս։

 

ԿԷՕՔ-ՉԱՅԻՐ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Խառնըէն կէս ժամ դէպի հիւսիս, 14 տնուոր զուտ հայաբնակ գիւղ մըն է։ 15 զոհ տուած է դէպքին։ Երկրագործութիւն եւ ծխախոտի մշակութիւն կ’ընեն։ Այս կողմերու ծխախոտին լաւագոյն տեսակը կուտայ Կէօք-Չայիր։ Տուները այրուած են եւ 7-8 ոսկի հատուցում եղած է ամէն մէկուն։ Այծ կրնայ պահուիլ այս գիւղին մէջ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 11 այրիներ կան։

 

ԳՕՅԱԳ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Խառնըի հիւսիսային կողմը, անկէ ժամ հեռու, 20 տնուոր զուտ հայաբնակ լեռնային գիւղ մը։ 15ի չափ զոհ տուած է։ Տուները այրուած եւ ամէն մէկուն համար 7-8 ոսկի հատուցում եղած է։ Երկրագործութիւնով եւ ծխախոտի մշակութիւնով կ’ապրին։

Հոս ալ այծ կրնայ պահուիլ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 10 այրիներ կան։