Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.
ԿՈԿԻՍՈՆ (ԿԷՕՔՍԻՒՆ)

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔ. Զէյթունի արեւելեան կողմը, Զէյթունի եւ Հաճընի ճիշտ մէջտեղը, երկուքէն ալ 12ական ժամ հեռաւորութիւնով, լեռնաշղթայով մօտէն շրջապատուած դաշտի մը մէջ, խեղճ ու կրակ Գազա մըն է։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Կոկիսոն ունի 350 տուն բնակիչ։ Հայերը 75 տուն միայն՝ որոնցմէ 15ը Բողոքական։ Իսկ շրջակայ գիւղերուն մէջ կայ 320 տուն (Լուսաւորչական) Հայութիւն մը, այսպէս բաժնուած։

Ճամուսէօյիւք

20

 

տուն՝ միայն Հայ

Քիրէճ

100

 

տուն՝ միայն Հայ

Կէօլբունար

20

 

տուն՝ միայն Հայ

Տէյիրմէն-Տէրէ

60

 

տուն՝ Հայ 60 ալ Թուրք

Թաշ-Օլուգ

120

 

տուն՝ Հայ 50 ալ Թուրք

Գումար

  320

 

տուն Հ. եւ 110 տուն Թուրք

 

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Տեղւոյն վրայ բան մը պատահած չէ Զէյթունի ազդեցութեան շնորհիւ, որով միայն անուղղակի կերպով, դուրսը գտնուողներուն սպաննուելովը վնասուած են։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Հայերուն մեծագոյն մասը հողագործ են. կան նաեւ փոքրաթիւ երկաթագործներ, անագագործներ եւ մի քանի հատ ալ վաճառական։ Գիշեր մը միայն մնալուս, աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններ կարելի չեղաւ քաղել։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Բուն Կոկիսոնի մէջ վերջին դէպքէն այրի չկայ, բայց շուրջի գիւղերէն Թաշ-Օլուգ, Քիրէճ, Կէօլ-բունար եւ Տէյիրմէն-Տէրէյի մէջ կան 44 այրիներ։