Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

ԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ. Հալէպի Վիլայէթին առաջին մասին մէջ, որուն տեղեկագիրը մատուցած եմ արդէն, 183 այրիներ կային վերջին դէպքէն։ Իսկ այս երկրորդ մասին մէջ կան 312, որով Հալէպի ամբողջ վիլայէթին 1909ի դէպքին այրիներուն ներկայ թիւն է 495։ Ասոնցմէ դուրս կը մնան վերստին ամուսնացողները եւ դէպքէն ի վեր մեռնողները, ինչպէս նաեւ այն բազմաթիւ դէպքի այրիները որոնք Կիլիկիոյ մէջ չեն։ Իսկ այրի նկատուած են նաեւ անոնք՝ որոնց զաւակը կամ եղբայրը (պաշտպանը) սպաննուած է։

ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ. Հալէպի վիլայէթին այս մասերուն մէջի այրիները այնքան ցրուած են որ, միայն Մարաշի մէջ կարելի է աշխատանոց բանալ, եթէ տրուած տեղեկութիւններէն ետք Կեդր. Պատ. յանձնաժողովը հարկ դատէ։ [1]

 

ՀԱՃԸՆ 11/24 ԴԵԿՏ. 1911

ՔՆՆԻՉ-ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ

 

Ժ. ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ



[1] ԾԱՆՕԹ. Տեղեկագրին այս մասին մէջ գտնուող առաջարկները ընդունուած են յանձնաժողովին կողմէ։