Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.
ՊԷՅԼԱՆ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. – Սոյն Գազան ճամբէս դուրս գտնուելուն պատճառաւ անձամբ տեսնելու պատեհութիւն չունեցայ, հետեւաբար անոր մասին չի պիտի կրնամ մանրամասնութիւններ տալ Պատ. Կեդր. յանձնաժողովին։

ԱՅՐԻՆԵՐ. – Իրենցմէ ղրկուած ցանկին համաձայն Պէյլան ունի 48 աշխատելու կարող այրիներ։

ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ. – Հալէպի մասնաժողովին հետ կարծիքի փոխանակութիւններ ունեցայ Պէյլանի յարմար գործի մը մասին։ Տեղւոյն աղջկանց դպրոցին մէջ 3-4 գորգի տէզկեահ հաստատած են անցեալ տարի, Հալէպի մէջ ծանօթ գորգի գործատէր Կարապետ էֆ. Քէհեաեանի աջակցութիւնով։ Կը կարծեմ թէ նոյն գործը կարելի է տրամադրել նաեւ այրիներուն։ Քէհեաեան էֆ. ի հետ տեսնուեցայ այդ մասին, եւ եթէ յանձնաժողովը պէտք եղած ծախքերը ընէ, ինք ամէն կերպով յօժար է դիւրութիւններ տալու, եւ իր կողմէ հայթայթուելիք նկարներու համաձայն շինուելիք գորգերը գնելու։ Քէհեաեան էֆ. ի այս բարեացակամութենէն օգտուելով Պէյլանի մէջ գորգաշինութիւնը մտցնել եւ տարածել լաւագոյն բանը կը թուի ինծի։