Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.
ՔԻԼԻՍ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Երեք հազար տուն բնակիչով այս Գազան կը գտնուի Հալէպի հիւսիսային արեւմտեան կողմը, Հալէպի եւ Այնթապի ճիշտ մէջտեղը, երկուքէն ալ 9ական ժամ հեռաւորութիւնով։ Հայ բնակչութիւնը կը բաղկանայ 920 տունէ՝ որոնցմէ 60ը Բողոքական են, 60ը Կաթոլիկ եւ մնացած 800ը Լուսաւորչական։ Հայերէն զատ իբր քրիստոնեայ տարր կայ միայն 70 տուն Յոյն-Օրթոտոքս։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Ընդարձակ արտեր ու այգիներ ունի Քիլիս, եւ կ՚արտադրէ ցորեն, գարի, ոսպ, սիսեռ, բամբակ, շուշմայ, չամիչ, գինի, օղի եւ ձէթ։ Անցեալ տարուան խիստ ձմեռէն մեծապէս վնասուած են ձիթենիները, որոնցմէ ¼ը վերստին ծաղկած է։

Քրիստոնեաները արհեստաւոր են առ հասարակ, ոսկերիչ, կօշկակար, ներկարար, երկաթագործ, թիթեղագործ կառապան եւլն. ։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Քիլիս ուղղակի չէ վնասուած ջարդէն։ Միայն Անտիոքի կողմերը գտնուող քանի մը հոգի սպաննուած են եւ կառապաններէն շատերուն կառքերն ու ձիերը առնուած, եւ շատ քիչերը միայն վերադարձուած ետքէն։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Քիլիսի մէջ դէպքէն այրիացած 9 կիներ կան (ամէնքն ալ Լուսաւորչական), որոնցմէ 3 հատը աշխատելու անկարող։

Կը կարծեմ թէ տեղւոյն հայ բնակչութիւնը, որ տարեկան (40, 000 ղրշ. ի մօտ ելեւմուտքով վարժարան մը պահելու չափ) ուրիշ տեղերու հետ բաղդատելով, ըստ բաւականի լաւ տնտեսական դիրք մը ունի, կրնայ իր այդ փոքրաթիւ այրիներն ալ հոգալ։ Արդէն, աշխատելու կարողները կրնան որ եւ է գործ մը գտնել տեղւոյն մէջ, իսկ աշխատելու անկարողները, բարեբաղդաբար, 3 հատ են միայն։

Յ. Գ. 500ի մօտ գիւղեր ունի այս Գազան որոնց մէջ Հայ բնակչութիւն չկայ։