Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ ՑՈՒՑԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կեդր. Պատ. Յանձնաժողովին հրահանգին համաձայն տեղւոյն վրայ անձամբ քննելով պատրաստուած եւ յանձնաժողովին ղրկուած այրիներու լիակատար ցանկերէն (որոնց մէջ նշանակւած են իւրաքանչիւր այրիի անունը, էրկան անունը, մականունը, տարիքը, ծննդավայրը, բնակավայրը, առողջական վիճակը, նիւթական վիճակը, պաշտպան ունենալը կամ չունենալը, դաւանանքը, սպաննուածները, որբերու քանակը եւ որակը, եւ որոնց ամէնքը զանազան յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն կողմէ վաւերացուած են) կը քաղեմ հետեւեալ ամփոփումը։

 

31 Մարտ 1912

Քննիչ-պատուիրակ

 

Ժ. ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ