Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

Հալէպ, 1/4 Հոկտեմբեր 1911

Այրիախնամ Յանձնաժողով

 

ՀԱՄԱՐ 9

 

 

Ազնուաշուք Տիար Ատենապետ

Կեդր. Պատ. Այրիախնամ յանձնաժողովի

Կ. Պօլիս

 

Պատիւ ունիմ ներկայով պատ. յանձնաժողովիդ նկատառումին յանձնելու՝ Հալէպի վիլայէթին մէջ մինչեւ հիմա այցելած վայրերուս վերաբերող տեղեկագիրս։

Լիակատար գործ մը ներկայացնելու յաւակնութենէն հեռու, յոյս ունիմ միայն որ ձգտած եմ անոր մէջ հետեւելու՝ պատ. ժողովիդ ինծի տուած հրահանգներուն, որքան կարելի էր գործադրութեան մէջ, ու որքան կարողութիւնս կը ներէ անշուշտ։

Մնամ խորին յարգանքով

քննիչ-պատուիրակ

Ժ. Սայապալեան