Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ

ՀԱՃԸՆ. Յանձնաժողովը Կիլիկիոյ Շնորհազարդ Կաթողիկոսին, Ատանայի, Հաճընի, Հալէպի, Մարաշի Առաջնորդարաններուն եւ կիլիկեան ուրիշ վայրերու Թաղ. Խորհուրդներուն հետ երկար թղթակցութիւններէ վերջ, Հաճընի համար (նոյն ինքն տեղին այն ատենի Առաջնորդ. Տեղապահ Տ. Ներսէս վրդ. Դանիէլեանի եւ Քաղ. Ժողովի ու Շնորհ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին թելադրանքներուն վրայ) յարմար դատեց գորգի գործը. սակայն Յանձնաժողովս դիտեց որ իր հաշւոյն Հաճընի մէջ այդ գործը սկսելու համար, մեծ խնամքի, աչալրջութեան՝ ինչպէս նաեւ կարեւոր դրամագլուխի մը պէտք ունի, որպէս զի, արհեստին պահանջած բոլոր կատարելութիւններով օժտուած ապրանքներ արտադրել կարենար, եւ ապրանք արտադրելէն վերջն ալ կարենար տոկալ զոհողութիւններու, մինչեւ որ ապրանքը գնահատուէր առեւտրական հրապարակին վրայ, եւ հետզհետէ սպառիլ սկսէր։ Այս եւ արհեստին յարակից շատ մը դժուարութիւններուն պատճառաւ, Յանձնաժողովս պահ մը մեկդի թողուց գործը իւր հաշւոյն սկսելու գաղափարը, եւ դիմում ըրաւ Արեւելեան Գորգի Ընկերութեան (The Oriental Carpet Manufacturers L ed ) որ շատ մը գաւառային կեդրոններու մէջ գործարաններ հաստատած էր, եւ միեւնոյն ատեն Հալէպ, Կարապետ էֆ. Քէհեաեանի։ Սակայն որովհետեւ երկուքն ալ զանազան պատճառներով փութկոտութիւն ցոյց չի տուին այդ մասին, եւ որովհետեւ այրիներու աշխատութեան փոխարէն օրապահիկ տալու խնդիրը անյետաձգելի էր այլեւս, քանի որ նպաստի բազմաթիւ խնդրանքներ կը տեղային, սպառնալով այդ ուղղութեամբ փճացնել ամբողջ պատրաստի դրամագլուխը, Յանձնաժողովս, պարտաւորուած, հրահանգ տուաւ Հաճընի Առաջնորդին՝ անմիջապէս տեղւոյն վրայ կազմուած մասնաժողովին հսկողութեան տակ բանալ գորգի աշխատանոց մը, համեստ ծրագրով եւ սահմանափակ պիւտճէով։

1911 Մարտի վերջերը եօթը տեզկեահով սկսաւ գործել այս աշխատանոցը, Կեսարիայէն վարձուած վարպետներու հսկողութեան տակ, որոնք արհեստին պահանջած բոլոր նրբութիւնները չէին իւրացուցած դժբաղդաբար, եւ անտեղեակ էին գիտական հիմերու վրայ ներմուծուած վերջին կատարելագործութիւններուն։

Յանձնաժողովս, միեւնոյն ատեն գուլպայի մեքենաներ ապսպրեց Անգլիայէն, եւ անոնցմով, 1911 Մարտին, Պոլսէն ղրկուած վարպետուհիի մը միջոցաւ նախ 7 մեքենաներով սկսաւ Հաճընի մէջ գուլպայի գործը։ Սոյն մեքենաներու թիւը, տեղին մասնաժողովին խնդրանքին վրայ, հետզհետէ բարձրացաւ մինչ 42ի, որ է այսօրուան թիւը։ Ղրկուեցաւ նաեւ բուրդ գզելու յատուկ մեքենայ մը, որ երկար անգործութենէ վերջ, սկսած է աշխատիլ, ու օգտակար ըլլալ կը խոստանայ։

ԱՏԱՆԱ. Ատանայի մէջ 1912 Մարտին բացուեցաւ դերձակատուն մը, նմանապէս Պոլսէն ղրկուած վարպետուհիի մը հսկողութեան տակ, որ ժամանակ մը մինչեւ 80 այրիներու աշխատանք հայթայթեց։

ՏԱՐՍՈՆ. Տարսոնի մէջ, 1912 Մարտին Պոլսէն ղրկուած վարպետուհիի մը հսկողութեան տակ, բացուեցաւ գուլպայի աշխատանոց մը, 5 մեքենաներով որոնք հետզհետէ բարձրացան մինչեւ 16ի։

ԳՕԶՕԼՈՒՔ. Տարսօնի աշխատանոցին համար ղրկուած վարպետուհին նոյն տեղի այրիներուն արհեստը սորվեցնելէ վերջ՝ Գօզօլուք ղրկուեցաւ 6 մեքենաներով, հոն ալ սովրեցնելու եւ սկսելու համար գուլպայագործութիւն որ դեռ կը շարունակուի։

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Ասոնցմէ զատ Ատանայի շրջակայ գիւղերու, Միսիսի, Ապտօղլուի եւլն. ի համար եւս բերուեցան 9 գուլպայի մեքենաներ, եւ այդ տեղերն ալ հարկ եղած աշխատոցները հիմնելու համար հրահանգներ տրուեցան Ատանայի մասնաժողովին, նոյնպէս 300 ոսկիի դրամագլուխ ղրկուեցաւ Մարաշ, եւ աշխատանոցները բանալու համար կրկնակի հրահանգներ տրուեցան։ Բայց այս հրահանգներուն գործադրութիւնը դժուարութեան բաղխեցաւ զանազան պատճառներով։

Մարաշ ամիսներով անպատասխան կը ձգէր յանձնաժողովիս նամակները, եւ իր հազուադէպ պատասխաններուն մէջ ալ հազարաւոր ոսկիներ կը պահանջէր գործի ձեռնարկելու համար, մինչդեռ իրեն ղրկուած գումարին մէկ մասը, առանց յանձնաժողովիս արտօնութեան ու հաւանութեան, իբր նպաստ բաշխած էր ու միւս մասն ալ անգործ կը պահուէր պարզապէս։ Իբր նպաստ բաշխած գումարին ալ բաշխման ցանկերը, հակառակ բազմիցս կրկնուած մեր հրահանգներուն, չէին ղրկուէր կեդրոնիս։

Ատանայի Այրիախնամ մասնաժողովը իր տեղեկագրերով կը յայտնէր որ Միսիսի այրիները ցրուած են, եւ անկարելի է հոն աշխատանոց բանալ կարգ մը արգելիչ պատճառներու բերումով, որով 9 մեքենաները ժամանակ մը անգործ սպասելէ վերջ Մարաշ ղրկուեցան։

ՀԱՇԻՒՆԵՐՈՒ ՅԱՊԱՂՈՒՄ. Բացուած աշխատանոցներու հաշիւները, հակառակ Կեդր. Յանձնաժողովիս կողմէ եղած յանձնարարութիւններու, ժամանակին չէին ղրկուէր տեղական մասնաժողովներու կողմէ եւ շատ անգամ ղրկուածներն ալ պէտք եղած ձեւով չէին (հակառակ անոր որ Յանձնաժողովս տպուած հաշուեցուցակներ ղրկած էր ամէնուն, լեցուելով վերադարձնելու համար)։

ԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Այրիներու ճշգրիտու մանրամասն (անունով, էրկան անունով, մականունով, տարիքով, ծննդավայրով, բնակավայրով, առողջական եւ նիւթական վիճակով, դաւանանքով, սպաննուածներով, աղջիկ եւ մանչ որբերու քանակով) վիճակագրութիւնները չէին ղրկուէր, հակառակ տեսնուած ստիպողական պէտքերու վրայ եղած մեր անվերջ պահանջումներուն, եւ առանց այդ որոշ եւ մանրամասն վիճակագրութեան Յանձնաժողովս ի վիճակի չէր պէտք եղածին պէս գիտակցօրէն կատարելու դրամագլուխներու բաշխումը՝ բան մը որ կապուած էր այրիներու թիւին։

ՀԱԼԷՊԻ ԱՆԳԱՆՁԵԼԻ 3, 000 ՈՍԿԻՆ. Հալէպի նոյն ատենի Առաջնորդ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. ի ջանքերով 1325 տարւոյ պետական ելմտացոյցին մէջ Անտիոքի, Սիւէյտիոյ եւ Քէսապի արկածեալներուն համար որոշուած երեք հարիւր հազար ղրշը (աղէտէն անմիջապէս վերջ տեղւոյն վրայ բաշխելի գումարէն մնացորդ) անգանձելի կը մնար, հակառակ Տ. Շահէ վրդ. ի եւ տեղի մասնաժողովին ջանքերուն։

Յանձնաժողովս սոյն խնդիրը կեդրոնին մէջ ալ իր հետապնդումին առարկան ըրած էր, եւ անդամներէն ոմանք իրենց անձնական ազդեցութիւնը չի զլացան ի գործ դնել այս գումարին ժամ առաջ գանձուելուն համար։

Պատրիարքարանն ալ թագրիրներով դիմումներ կատարած էր այս խնդրին մասին, իսկ Հալէպի նոյն ատենի կուսակալ Հիւսէին Քեազիմ պէյ, ականատես՝ այրիներու ենթարկուած ամենադժբաղդ կացութեան՝ անընդհատ դիմումներ կ’ընէր Ներքին Գործոց նախարարութեան, այդ գումարին վճարման արտօնութիւնը ձեռք բերելու համար, եւ արդէն ինք անձամբ քննելով տեղական պայմանները, հաւատք գոյացուցած էր աշխատանոց բանալու պէտքին վրայ, ու ինքն իսկ պատրաստելով ծրագիր մը, տեղւոյն մէճլիսը իտարէին վաւերացնել տուած ու զայն հաղորդած Հալէպի Առաջնորդարանին, որպէսզի 300, 000 ղրշը գանձուած ատեն գործադրութեան դրուի այդ կանոնագիրը որ ահաւասիկ.

[ օսմաներէն ]

ՔՆՆԻՉ ՂՐԿԵԼՈՒ ՊԷՏՔԸ. Ճիշդ այս միջոցին Այրիախնամի կիլիկեան քաղաքներու մասնաժողովները եւ մասնաւորապէս Տ. Շահէ վրդ. տեղւոյն վրայ կեդրոնէն քննիչ մը ղրկելու պէտքը կը շեշտէին։ Յանձնաժողովս այս բոլորը նկատի առնելով, հաստատեց Պոլսէն քննիչ մը ղրկելու անհրաժեշտութիւնը։

Նախ խորհուեցաւ մնայուն հանգամանքով պաշտօնեայ մը ղրկել, ընդհանուր կերպով այդ առկախ խնդիրները կարգադրելու, հաշիւները հակակշռի ենթարկելու եւ մասնաւորաբար Սիւէյտիոյ, Անտիոքի եւ Քէսապի աշխատանոցները բանալու համար. ետքը, նկատելով որ Պոլսէն ղրկուած մնայուն պաշտօնեայ մը կրնայ նիւթական մեծ բեռ մ’ըլլալ Այրիախնամի սնտուկին վրայ, բաւական սեպուեցաւ քննիչ մը ղրկել առժամաբար եւ այս մտքով ալ ազդարարութիւն տրուեցաւ թերթերուն մէջ, որպէս զի թեկնածուներ ներկայանան։

Այս ազդարարութեան վրայ ներկայացող երկու թեկնածուները պէտք եղած պայմանները չէին լրացնէր։ Ուստի ժողովս նկատի առնելով որ հարթուելիք դժուարութիւնները բազմակողմանի են, եւ Յանձնաժողովիս մէկ անդամը միայն, իբր անոր հայեացքներուն ու ծրագիրներուն գիտակ, պիտի կրնար պէտք եղած գիտակցութիւնով բառնալ զանոնք՝ 1911 Յուլիս 29 եւ Օգոստոս 1 նիստերուն մէջ Սայապալեան էֆ. է խնդրեց ստանձնել սոյն պաշտօնը։

Սայապալեան էֆ. իր ընկերներուն կողմէ միահամուռ յայտնուած փափաքին առջեւ տեղի տալով ստանձնեց այս պաշտօնը եւ 1911 Օգոս. 18ին մեկնեցաւ՝ նախ ուղղակի դէպ ի Հալէպ, իբր Յանձնաժողովիս ընդհանուր քննիչ-պատուիրակ, լայն իրաւասութիւններով՝ որոնք գծուած են իրեն յանձնուած հետեւեալ հրահանգին մէջ։

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

Կ. Պոլիս, 14 Օգոս. 1911

Այրիախնամ Յանձնաժողով

 

ՀԱՄԱՐ 281

 

ՀՐԱՀԱՆԳ

Յօդ. 1. Յանձնաժողովս իր անդամներէն Ժագ էֆ. Սայապալեանը Կիլիկիոյ մէջ ունեցած արհեստանոցներուն բովանդակ գործառնութիւններուն վրայ հակակշռող քննիչ-պատուիրակ եւ տեղեկաբեր կարգած է։

Յօդ. 2. Ազն. Սայապալեան էֆ. Հալէպի (այժմ առաջնորդ Ատանայի) Առաջն. տեղապահ Տ. Շահէ վրդ. ի եւ տեղական մասնաժողովին հետ համաձայն ու համախորհուրդ, ու Հալէպի մէջ տրամադրելի գտնուած (4, 000) չորս հազար լիրայի գումարին համապատասխանող կարեւորութեամբ աշխատանոցներ պիտի հիմնէ մետաքսի մանարան, թթաստան, մանուսայագործարան, եւն. եւն. ) Իսկէնտէրունի, Պէյլանի, Քէսապի, Անթաքիոյ, Սուէտիոյ, Քըրըք խանի, Եօղուն Օլուքի, Խըտըր Պէյի, Մարաշի եւլն. ի մէջ, տեղական պայմաններն ու պահանջները նկատի ունենալով։

Յօդ. 3. 1326 տարւոյ պետական պիւտճէին մէջ Քէսապի արկածեալներուն իբր նպաստ քուէարկուած եւ վճարումը ցարդ յապաղած (3, 000) երեք հազար լիրան, որ ցարդ չէ գանձուած գանձելու հետամուտ պիտի ըլլայ, եւ Հալէպի կազմալոյծ մասնաժողովը Շահէ վրդ. ի հետ խորհրդակցութեամբ վերանորոգելէ վերջ, անոր անուան տոկոսաբեր դրամատուն մը պիտի յանձնէ (վերոյիշեալ 4000 ոսկին պատրաստի եղող 1000 ոսկիին վրայ բարդելով այս 3000 ոսկին ալ որով պիտի բարձրանայ Հալէպի դրամագլուխը յօդ. մէջ յիշատակուած 4000 լիրային) եւ այս գումարով հետզհետէ պիտի հիմնէ յօդ. մէջ նախատեսուած աշխատանոցները, նոյն յօդուածին մէջ յիշատակուած անձերու օժանդակութիւնով։

Յօդ. 4. Եթէ ստիպողական հարկ ներկայանայ, Սայապալեան էֆ., Յանձնաժողովիս հաւանութիւնը ստանալէ վերջ, մասնաժողովին ձեռամբ եւ իր ներկայութեան ու հսկողութեան տակ, առանց յարանուանական խտրութեան այրիներուն թիւին համեմատութեամբ նպաստ բաշխել պիտի տայ, այրիներուն իւրաքանչիւրէն ընկալագիր առնելով, եւ բաշխումը պիտի հաստատուի նպաստաբաշխ մարմնին կողմէ. տեղին թաղ. խորհուրդը պիտի վաւերացնէ ստորագրութիւններու ճշդութիւնը, Այրիախնամ մասնաժողովը եւ Գաւառ. Քաղաք. ժողովը ու Սայապալեան էֆ. պիտի հաստատեն կատարուած գործողութեանց օրինական ու վաւերական ըլլալը։

Յօդ. 5. Նպաստի բաժանման, եւ այծ, կով եւլն. տրուելու ժամանակ միշտ նկատի պիտի առնուի իւրաքանչիւրին տարին ոսկի մը տրուելու որոշումը։ Իւրաքանչիւր գործողութիւն պիտի կատարուի տեղական մարմիններու ձեռամբ, եւ Սայապալեան էֆ. պիտի հսկէ այդ գործառնութեանց անթերի եւ հրահանգներուն համապատասխան կերպով կատարուելուն։

Յօդ. 6. Պիտի քննէ իւրաքանչիւր մասնաժողովին հաշուական եւ ամէն տեսակ գործառնութիւնները, մասնաւորապէս արհեստանոցներու ելքն ու մուտքը եւ արդիւնաբերութիւնը. հաշիւներուն օրինաւոր եղանակով, մեր հրահանգներուն ու տեսութիւններուն համապատասխան բռնուելուն համար խիստ հակակշիռ ի գործ պիտի դնէ։

Յօդ. 7. Գործուած ապրանքներուն վաճառումը ապահովելու համար բոլոր պէտք եղած միջոցները պիտի տնօրինէ եւ հետամուտ պիտի ըլլայ կարգուած պաշտօնեաներուն իրենց պարտքը անթերի կատարելուն։

Յօդ. 8. Ներկայ պիտի գտնուի իւրաքանչիւր վայրի մասնաժողովներուն նիստերուն, եւ հոն Յանձնաժողովիս տեսութիւնները ու հրահանգները պիտի պարզէ. եւ ըստ այնմ անոնց ներկայ գործառնութիւններուն ու ապագայ գործունէութեան մասին թելադրանքներ տալով եւ լսելով պիտի հաղորդէ Յանձնաժողովիս։

Յօդ. 9. Իրենց պարտականութիւններուն մէջ բարոյապէս թէ նիւթապէս զեղծանող մասնաժողովները իրաւունք պիտի ունենայ լուծելու, իսկ պաշտօնեաները պաշտօնանկ ընելու, տեղին առաջնորդին հետ համախորհուրդ, եւ եթէ աս ալ դժուարութեան բաղխի, խնդիրը պիտի տեղեկագրէ Յանձնաժողովիս որ իրեն կը վերապահէ վերջնական տնօրինութիւնները։

Յօդ. 10. Զանազան յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն մէջ առաջ եկած ցրտութիւններու պատճառը ուսումնասիրել եւ բառնալու պիտի աշխատի, անոնց հետ բանակցելով բայց առանց վերջնական եզրակացութեան մը գալ Յանձնաժողովիս հաւանութիւնը չ’ստացած։

Յօդ. 11. Ամէն դաւանանքէ այրիներուն վաւերական վիճակագրութիւնը, (անունով, տարիքով, մականունով, որբերու քանակով, սեռով, անունով, տարիքով, առողջական վիճակով, նիւթական կարողութեամբ, դաւանանքով, սպաննուածներու թիւով), պիտի պատրաստէ հոգեւոր պետերու եւ մասնաժողովներու մասնակցութեամբ եւ վաւերացումով, ու պիտի փութացնէ։

Յօդ. 12. Պիտի աշխատի որ, ամէն աշխատանոցներու մէջ, այրիներու թիւին համեմատութեամբ, իւրաքանչիւր յարանուանութենէ այրիներ գտնուին։

Յօդ. 13. Իւրաքանչիւր տեղի աշխատանոցներուն գործառնութիւններուն անոնց վերաբերած մանրամասնութիւնները քննելէ վերջ պիտի տեղեկագրէ ճիշտ արդիւնքը կատարուած ամէն մէկ վճարման փաստաթուղթերու գոյութիւնը ստուգելէ, քննելէ վերջ։

Յօդ. 14. Տեղական պայմաններուն համաձայն ուսումնասիրութիւններ կատարելով, կարեւոր առաջարկներ պիտի ներկայացնէ հիմնելի աշխատանոցներու մասին։

Յօդ. 15. Ցարդ կատարուած գործը քննելէ վերջ՝ յետ այսու զայն վաճառականական ճշդութեան վերածելու ամէն ճիգ պիտի թափէ, որպէս զի Այրիախնամի գործը դադրի բարեգործական հաստատութիւն մը ըլլալէ։

Յօդ. 16. Այն վայրերը որ թէեւ դրամագլուխ ստացած են բայց ժամավաճառութիւններով ու վարանումներով գործի չեն ձեռնարկած, (օրինակի համար Մարաշ եւ Սիս) իսկական պատճառները պիտի հասկնայ եւ գործին յաջողութեան վրայ հաւատք ու գուրգուրանք ունեցող անձեր պիտի ընտրէ, եւ անմիջապէս գործի ձեռնարկել պիտի տայ։ Հակառակ պարագային Կեդր. Այրիախնամ Յանձնաժողովիս վերջին ու վճռական հրահանգին պիտի սպասէ։

Յօդ. 17. Կատարուած նպաստի բաժանումներու յապաղած բաշխման ցանկերը, յօդ. մէջ նախատեսուած վաւերացումները կատարել տալէ վերջ, պիտի փութացնէ (օրինակի համար Մարաշի 150+12=162 լիրայի ցանկերը եւյլն.

Յօդ. 18. Իր կատարած բոլոր խորհրդակցութիւնները ու գործերը առանձին տեղեկագրերով պիտի ներկայացնէ Յանձնաժողովիս, հնար եղածին չափ յաճախակի։

Յօդ. 19. –Պիտի հսկէ որ ղրկուած գումարները միշտ Առաջնորդին եւ մասնաժողովներուն անուան ընթացիկ հաշուով յանձնուին պանքային, եւ անոնք ստիպողական հարկի մը ներքեւ, մասնաժողովին Ատենապետին, Ատենադպրին, Գանձապետին ստորագրութիւններով ու Առաջնորդին հաստատութեամբ գանձուին։

Պանքան ձգուած այս տեսակ դրամներու համար, նուազագոյն սակը  3% ըլլալով, տոկոս ստանալու պիտի աշխատի։

Յօդ. 20. Պիտի հսկէ որ մասնաժողովները յաճախակի նիստ գումարեն եւ մեծամասնութիւն կազմեն, այն անդամները որոնք իրենց յաճախակի բացակայութեամբ գործին անյաջողութեան մատնուելուն եւ կամ քայքայման պատճառ կ’ըլլան՝ պիտի հրաժարեցնէ Առաջնորդին հետ համախորհուրդ եւ անոնց տեղ նորեր պիտի ընտրէ։

Յօդ. 21. Վարպետներու յանձնուած նիւթեղէնները եւն. ամենախիստ հսկողութեան ու հակակշռի տակ պիտի առնէ, եւ պիտի ջանայ որ պայմանագրութեան ամէն մէկ կէտը գործադրուի անոնց կողմէ։

Յօդ. 22. Հաճընի եւ Ատանայի մէջ Ֆանելայի աշխատանոց մը բանալու նախնական պատրաստութիւնները պիտի տեսնէ եւ արդէն եղած աշխատանոցները ընդարձակելու պիտի աշխատի որպէս զի աւելի մեծ թիւով այրիներ օգտուին անկէ։

Յօդ. 23. Ատանայի շրջակայքի լեռնային վայրերու այրիներուն այծ կով եւն. տրուելու պարագային անձամբ պիտի այցելէ նոյն տեղերը, եւ տեղին վրայ այրիներու վիճակը քննելէ, ստուգելէ զատ պիտի հսկէ այդ բաժանման գործին, տեղական մասնաժողովի ընկերակցութեամբ։

Ի Դիմաց Այրիախնամ Կեդր. Յանձնաժողովին

Ատենադպիր
Վ. Պ. Ս. Կիւլպէնկեան

Ատենապետ
Եղ. Ն. Շիրինեան

 

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

Կ. Պոլիս, 14 Օգս. 1911

Այրիախնամ Յանձնաժողով

 

ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ

 

Ազնուաշուք Ատենապետ էֆէնտի,

Եւ պատուարժան անդամք Այրիախնամ Մասնաժողովին

Կիլիկիոյ մէջ մեր բացած աշխատանոցներուն վրայ մօտէն գաղափար ստանալու եւ անոնց գործառնութիւնները առեւտրական սկզբունքներու համաձայն կանոնաւորելու, եւ օրը օրին, մեր հրահանգներուն համապատասխան ուղղութիւն մը տալու համար, անհրաժեշտ եւ ստիպողական պէտք մը դարձած էր քննիչի մը անուանումը։ Սակայն, անկարելի ըլլալով մեզ պահանջուած կարողութեան տէր, վստահութեան կատարելապէս արժանի, ու մանաւանդ Յանձնաժողովիս սկզբունքներուն եւ գործառնութիւններուն տեղեակ անձ մը գտնել դուրսէն, խնդրեցինք մեր անդամակիցներէն Ազնուաշուք Ժաք էֆ. Սայապալեանէ՝ արկածեալ դժբաղդներուն օգտին համար յանձն առնել այս զոհողութիւնը։ Սայապալեան էֆ. ընդունած ըլլալով մեր այս խնդրանքը, զինքը բոլոր աշխատանոցներուն վրայ հակակշռող ընդհանուր քննիչ-պատուիրակ եւ տեղեկաբեր կարգեցինք, այս առթիւ իրեն յանձնելով իր պաշտօնին բնոյթը պարզող մանրամասն հրահանգ մը. հետեւաբար կը խնդրենք որ, տեղդ ժամանելուն հաճիք, ամէն տեսակ դիւրութիւններ տալ իրեն, հաշուական եւ միւս բովանդակ գործառնութիւնները քննելու, մասնաժողովիդ նիստերուն մասնակցելու եւ Ձեզ հետ խորհրդակցաբար, տալու այն հրահանգները, զորս կարեւոր կը դատէ ինք արհեստանոցներուն աշխատանքները արդիւնաբեր ընծայելու համար։

Կը մնանք խորին յարգանքով

Ի Դիմաց Կեդր. Այրիախնամ Յանձնաժողովին

Ատենադպիր
Վ. Պ. Ս. Կիւլպէնկեան

Ատենապետ
Եղ. Ն. Շիրինեան