Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔՆՆԻՉ-ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԻՆ ՇՐՋԱՆԸ

ՀԱԼԷՊ, ԱՆՏԻՈՔ, ՍԻՒԷՏԻԱ, ՔԷՍԱՊ. Սայապալեան էֆ. ուղղակի գնաց Հալէպ, ամէն բանէ առաջ Անտիոքի եւ Քէսապի այրիներուն յատուկ 3, 000 ոսկիին գանձման աշխատելու համար։ Հոն, Տ. Շահէ վրդ. ի հետ պէտք եղած ձեռնարկները կատարելէ յետոյ, թէ՛ քննական պաշտօնը կատարելու եւ թէ՛այդ գումարին գանձմանհամար հարկ եղած յանձնաժողովները կազմելու, տեղական իշխանութիւններէն վաւերացնել տալու, օրինական թուղթերը պատրաստելու եւ բերելու համար մեկնեցաւ, եւ Գըրըգ-Խանի, Անտիոքի, Սիւէտիոյ վեց հայ գիւղերուն ու Քէսապի շրջանը ընելէ յետոյ 3 շաբաթէն վերադարձաւ կրկին Հալէպ։ Շահէ վրդ. արդէն Ատանայի առաջնորդ ընտրուած ըլլալով մեկնած էր։

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ 300000, ՂՐՇ. ԳԱՆՁՈՒՄԸ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ. –Սայապալեան էֆ. յաջողեցաւ վերջապէս գանձել սոյն կարեւոր գումարը, հակառակ անոր որ իրմէ առաջ տեղւոյն եւ կեդրոնի մէջ եղած բոլոր ջանքերը ապարդիւն անցածէին, եւ կարգ մը դժուարութիւններու պատճառաւ գանձումը գրեթէ անկարելիութեան կը բաղխէր։ Կը կարծենք թէ յանձնաժողովս իրաւունք ունի իր յարգելի քննիչ-պատուիրակին այս յաջողութիւնով հպարտանալու, եւ հրապարակով ալ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու անոր, ինչպէս ըրած է արդէն առանձնապէս թէ՛ գրաւոր եւ թէ բերանացի կերպով։

Աւելորդ չենք համարիր արտատպել Սայապալեան էֆ. ի գանձումը ծանուցանող նամակը.

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

Հալէպ, 27 Հոկտ. 1911

Այրիախնամ Յանձնաժողով

 

ՀԱՄԱՐ 16

 

Ազնուաշուք Տիար Ատենապետ

Կեդր. Պատ. ԱյրիախնամՅանձնաժողովի

Կ. Պոլիս

Կը հաստատեմ ամսոյս 22 թուակիրս (համար 15)։

Հեռագիրս. Երեկ պատիւ ունեցայ հեռագրելու Ձեզի այսպէս.

«Chirinian Patriarcat Arménien Cons/ple Argent versé Banque partirai probablement vendredi»:

3, 000 ոսկին. Ամսոյս 11ին քաշած հեռագրովս կանխատեսածիս համաձայն, սոյն թուականէ 15 օր ետքը յաջողեցայ գանձել դրամը։ Այս մասին Տ. Յարութիւն քահանայ Եսայեանն ալջանք չի խնայեց։

Հաշիւը. Գանձուած դրամին հաշիւը այս է.

Ղրշ. 300, 000=Լ. Օսմ. 102 24/40էն Լ. Օսմ. 2923, 97

Գանձման առթիւ ծախք     0, 97/Լ. Ըսմ. 2923

Երկու հազար ինը հարիւր քսան երեք օսմ. լիրան Հալէպի յանձնաժողովին անուան Օսմ. Պանքայի մէջ բացուած ընթացիկ հաշւոյն յանձնեցի 26 Հոկտ. 1911 (8 Նոյեմ. 1911 Ն. Տ. )ին, ու այս գիշերուան ժողովին մէջ տեղական յանձնաժողովին ալ տուի այս հաշիւը։

Նոր գումար մը. 300, 000 ղրշը գանձած ատենս ուրիշ կարեւոր պարագայ մը երեւան հանեցի։ Մալիէի մէջ հայ արկածեալներու յատկացուած դրամէն «Էմանէթէն» աւելցած կը մնայ դեռ 26, 896 ղրշ։ Հիմա յարմար չէր անմիջապէս ատիկա ուզելու ձեռնարկ մը ընել, բայց յանձնաժողովին այդ պարագան իմաց տալով խորհուրդ տուած եմ յարմար առթիւ մը աշխատիլ այդ դրամն ալ գանձելու։ Կեդր. Պատ. Յանձնաժողովն ալ թող հաճի յիշեցնել ի պահանջել հարկին [1] ։

Մնամ խորին յարգանօք

Ժ. Սայապալեան

 

Սոյն գումարին գանձումէն ետքը, հակառակ առաջացած եղանակին (ինչպէս նամակի թուականէն կ’երեւի) եւ հակառակ ճամբու դժուարութիւններուն քննիչ-պատուիրակը Այնթապի ճամբով անցաւ Մարաշ։

ԱՅՆԹԱՊ, ՄԱՐԱՇ, ԶԷՅԹՈՒՆ. Մարաշի մասնաժողովը, որ երկար ատեն անգործ պահած էր իրեն ղրկուած 462 ոսկիէն մնացորդ 300 ոսկիի գումարը եւ մեր գիրերն անպատասխանի եւ հրահանգներն անգործադրելի կը ձգէր՝ Սայապալեան էֆ. ի ժամանումէն ետքն ալ փորձեց անտեսել մեր կողմէ իրեն տրուած իրաւասութիւններն եւ նոյն իսկ ջանքեր ըրաւ 300 ոսկիին յանձնումը չի կատարելու՝ հակառակ մեր որոշ հրահանգին։ Սակայն մեր քննիչ-պատուիրակը, ժողովիս կողմէ իրեն տրուած իրաւասութիւններուն կրթնելով գիտցաւ վերջապէս օրէնքը յարգել տալ. սոյն մասնաժողովը լուծեց՝ մեզի հետ հեռագրական բանակցութիւններէ ետքը՝ դրամը գանձեց, նոր մասնաժողով մը կազմեց եւ անոր գործունէութիւնը ապահովելէ ետքը անցաւ Զէյթունի ճամբով Հաճըն։

ՀԱՃԸՆ. Սայապալեան էֆ. Նոյեմ. 26ին հասաւ Հաճըն, եւ մինչեւ Յունուար 3, այսինքն ձմեռուան ամէնէն խիստ ատենը, հարկադրուեցաւ հոն մնալ՝ աշխատանոցներու գործերուն եւ Պոլսոյ հետ թղթակցութեան դժուարութիւններուն պատճառաւ։ Հաճընի գուլպայագործարանը ընդարձակելու համար միջոցներ ձեռք առաւ տեղւոյն կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս վրդ. Սարաճեանի եւ Այրիախնամ մասնաժողովին (զոր վերակազմեց) հետ համախորհուրդ։

ՍԻՍ, ԱՏԱՆԱ. Քննիչ-պատուիրակը Սիսի ճամբով անցաւ Ատանա։ Ատանայի աշխատանոցին մէջ կարգ մը բարեփոխումներ ընելու պէտք զգացած էր յանձնաժողովս երկայն ատենէ ի վեր, սակայն հարկադրուած էր անոնց գործադրութիւնը յետաձգել մինչեւ քննիչ-պատուիրակին հոն հասնիլը, եւ մանրամասնութիւններու կարգադրութիւնը անոր յանձնեց։

Սայապալեան էֆ. երբ Ատանա հասաւ, իր տեսութիւնները ընդարձակօրէն պարզեց ժողովիս, որ համամիտ գտնուեցաւ անոնցեւ լիազօրութիւն տուաւ իրեն որպէս զի տեղական հանգամանքներու համաձայն գործէ հոն, առանց այլեւս Պոլսոյ հետ նամակի փոխանակութիւններով ժամանակ կորսնցնելու։ Այդ մասին Սայապալեան էֆ. ի ըրած կարգադրութիւնները՝ որոնք ամբողջապէս Յանձնաժողովիս կողմէ գնահատուեցան՝ պարզուած են աշխատանոցներու ներկայ վիճակին յատկացուած գլխուն մէջ։

ՏԷՕՐԹ-ԵՕԼ, ՀԱՍԱՆ-ՊԷՅԼԻԻ ՇՐՋԱՆԱԿ. Ատանայէն յետոյ Սայապալեան էֆ. ղրկուեցաւ Տէօրթ-Եօլի, Հասան-Պէյլիի եւ Պաղչէի շրջանակներուն բոլոր գիւղերը եւ Օսմանիէի ու Ճիհանի ճամբով կրկին Ատանայէն, Տարսօնէն ու Մերսինէն անցնելով, եօթնուկէս ամսուան շրջանէ մը յետոյ դարձաւ Պոլիս։

Սոյն երկար ճամբորդութիւնը, թէեւ եղանակի եւ ճամբու դժուարութիւններուն համար մեծապէս յոգնեցուցիչ եղած է Սայապալեան էֆ. ի համար, բայց Այրիախնամի գործին համար ալ նոյն համեմատութիւնով գոհացուցիչ եւ արդիւնաւոր։

Սայապալեան էֆ., յիշեալ գործերէն զատ, տեղ տեղ անձամբ հսկեց նպաստի բաշխումին, բոլոր աշխատանոցներուն հաշիւները քննեց եւ հաշուետուութեան եղանակը բացատրեց։ Այրիներու լիակատար ու մանրամասն վիճակագրութիւնները պատրաստեց, եւ իր լուրջ ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը ժողովիս հաղորդեց ընդարձակ եւ խղճամիտ տեղեկագրով մը, զոր իբր յաւելուած կը կցենք մեր ներկայ համարատուութեան, թէ՛ իր կարեւորութեան եւ թէ՛ մեր յարգելի ընկեր Սայապալեան էֆ. ի գլուխ հանած աշխատութեան վրայ գաղափար մը տալու համար։



[1] Աւելորդ չենք համարիր յիշել թէ Սայապալեան էֆ. ի Հալէպ ժամանումէն առաջ ո՛չ Հալէպի առաջնորդարանը տեղեկութիւն ունէր այսպիսի մնացորդ գումարի մը գոյութենէն և ոչ ալ, բնականաբար, Յանձնաժողովս։ Այդ գումարին գանձումը դեռ յաջողած չէ, սակայն այդ նպատակաւ հարկ եղած ձեռնարկները կը շարունակուին և կը յուսանք թէ ապարդիւն չի պիտի անցնին։