ԱՄՓՈՓՈՒՄ
ԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ
ԹԻՒԸ
Հաճըն
եւ
իւր
գիւղերը |
|
560 |
Սիս,
Ղարս
եւ
Նիւրբէթ |
|
45 |
Տէօրթ
Եօլ
եւ
իր
երկու
գիւղերը |
|
122 |
Օսմանիէ
եւ
շուրջը |
|
35 |
Ճիհան |
|
15 |
Հասան
Պէյլի |
|
166 |
Պաղչէ
եւ
գիւղերը |
|
83 |
Լափաճլը |
|
70 |
Խառնը
եւ
գիւղերը |
|
126 |
Քիշնէզ,
Քէլլէր,
Էյինթիլի |
|
49 |
Իսյահիէի
շրջանակ |
|
12 |
Ֆասըլը
(Խասա) |
|
9 |
Տարսօն
եւ
Գօզօլուք |
|
62 |
Ատանայի
գիւղեր |
|
86 |
Մերսին |
|
12 |
Ատանա |
|
565 |
Ատանայի
վիլայէթին
այրիներուն
գումարը |
|
2017 |
Նախորդ
տեղեկագիրներու
համաձայն
Հալէպի
վիլայէթի
այրիներուն
թիւը
495՝
2512
որ
է
Հալէպի
եւ
Ատանայի
վիլայէթներուն
դէպքի
այրիներուն
ընդհ.
գումարը։
Ինչպէս
ծանօթ
է
Սիւէտիոյ
գիւղերուն,
Քէսապի
եւ
Անտիոքի
այրիներուն
գործ
տալու
համար
3000
ոսկի
զուտ
գումար
մը
ձեռք
բերուեցաւ
կառավարութենէն,
որով
այլեւս
անոնք
Այրիախնամի
յանձնուած
տարեկան
նպաստէն
օգտուելու
պէտք
չունին։
Այրիներու
սոյն
ընդհանուր
գումարէն՝
2512էն՝
զեղչելով
ուրեմն
յիշեալ
շրջանակին
113
այրիները,
տարեկան
նպաստէն
բաժին
ունեցողները
կը
մնան
2399։
Ասոնցմէ
պէտք
է
զեղչել
նաեւ
կարօտ
չեղողները
–
թէեւ
խիստ
սակաւաթիւ,
–
որոնց
թիւը
ճշդուած
է
վիճակագրութիւններուն
մէջ,
ինչպէս
ճշդուած
են
աշխատելու
անկարողները։
Սոյն
երկու
վիլայէթներէն
դուրս
ալ
այրիներ
կան
անշուշտ
դէպքէն.
այդպիսի
երկու
տեղերէն
ցանկեր
ղրկուած
են
ինձի
ցարդ՝
Կիւրին |
|
27
այրի |
Կէմէրկ |
|
43
այրի |
Գումար |
|
70
այրի |
Ծանօթ.
–
Միշտ
այրի
նկատուած
են
այն
կիները
որոնց
այրերը
նախապէս
մեռած
էին,
սակայն
դէպքին
մէջ
կորսնցուցած
են
իրենց
պաշտպանը.
նոյնպէս
այրի
նկատուած
են
իրենց
նեցուկը
կորսնցուցած
հասուն
աղջիկները։
ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ.
–
1.
Գտնուածներէն
դուրս
նոր
աշխատանոց
չի
բանալ,
գլխաւորապէս
պէտք
եղած
ձեռներէցութիւնով
զանոնք
վարելու
կարող
տարրերու
չգոյութեան
պատճառաւ։
2.
Գօզօլուքի
աշխատանոցը
փակել,
երբ
այծի
բաշխում
ըլլայ
հոն։
3.
100էն
մինչեւ
150
ոսկի
տրամադրել
Տէօրթ-Եօլի
մէջ
դուրսէն
գաղթած
ու
բնակարանէ
զուրկ
այրիներու
գետին
յատկացնելու
համար։
4.
Շերամի
հունտ
ղրկել
Զէյթունի,
Հասան
Պէյլիի
շրջանակին,
Պաղչէի
եւ
Խասայի
այրիներուն,
հոգ
տանելով
որ
հունտերը
իրենց
յանձնուին
գոնէ
յունվարին
սկիզբը։
5.
Հասան-Պէյլիի,
Պաղչէի
եւ
Խառնըի
շրջանակին
մէջ
գիւղատնտեսական
ծանօթութիւններ
մտցնելու
համար
միջոցներ
ձեռք
առնել։
6.
Դրամական
նպաստի
բաշխումին
վերջ
տալ,
եւ
ստիպողական
պարագային
զայն
սահմանափակել,
ծերերու
կամ
մարմնական
թերութեան
պատճառաւ
որ
եւ
է
աշխատանքի
բացարձակ
անկարողներու
միայն
յատկացնելով։
7.
Պաշտօնապէս
Քաղ.
Ժողովին
դիմելով
խնդրել
որ
Իսլահիէի
եւ
Խասայի
գազաներուն
մէջ
տիրող
անապահովութեանը
դարման
տանելու
համար
լուրջ
ձեռնարկներ
ըլլան
կառավարութեան
մօտ։
Նոյն
ժողովէն
խնդրել
նաեւ
որ
Լափաճլըի,
Խառնըի
եւ
Քէլլէրի
կիսաւարտ
եկեղեցիներուն
շինուելու
արտօնութիւնը
ձեռք
բերելու
համար
հարկ
եղած
ազդու
դիմումները
ըլլան,
քանի
որ
անոնց
շինութեան
մէջ
Հասան-Պէյլիի
համար
երեւակայուած
անպատեհութիւններն
ալ
չկան,
եւ
այն
ատեն
առժամաբար
դադրեցուցուած
են
շինութիւնները։
8.
Կեդր.
Վարչութեան
միջոցաւ
անգամ
մը
եւս
խնդրել
Մաքսային
իշխանութենէն
որ
Հաճընի
գուլպայագործարանին
համար
գալիք
ապրանքները
մաքսէ
զերծ
մնան,
յիշեցնելով
մասնաւորապէս
որ
նոյն
տեղի
մանուսայագործարանին
համար
այս
թոյլտուութիւնը
եղած
է
արդէն,
եւ
մեր
աշխատանոցին
ոչ
նպատակը
տարբեր
է
եւ
ո՛չ
ալ
դրամագլուխի
աղբիւրը,
–
երկուքն
ալ
պետական
նպաստով
հաստատուած
ըլլալով
[1]
։
Կ.
Պոլիս,
30
Մարտ
1912 |
Քննիչ-պատուիրակ |
|
Ժ.
ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ |