Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.
ՍԻՒԷՏԻՈՅ ԳԻՒՂԵՐԸ

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔ. Գաղափար մը տալու համար միմիայն Հայերէ բնակուած այս գիւղերուն աշխարհագրական դիրքին եւ իրարմէ ունեցած հեռաւորութիւններուն վրայ, պատ. յանձնաժողովին ուշադրութեան կը յանձնեմ վերոյիշեալ ուրուագիծը թէեւ խիստ նախնական։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Սոյն վեց գիւղերը ունին հիմա 1210 տունէ բաղկացած բնակչութիւն մը, որուն 124 տունը Բողոքական, 55 տունը Կաթոլիկ եւ 1031ը Լուսաւորչական են։ Ահաւասիկ գիւղերու բնակչութիւնը զատ զատ.

Եօղուն-Օլուգ

 

= 240 տուն

 

(40ը Բողոք. 40ը Կաթոլիկ)

Քէպուսիա

 

= 230 տուն

 

(2ը Բողոք. Կաթոլիկ)

Վագըֆ

 

= 105 տուն

 

(– Բողոք. Կաթոլիկ)

Պիթեաս

 

= 140 տուն

 

(70ը Բողոք. Կաթոլիկ)

Հճ. Հապիպլի

 

= 300 տուն

 

(6ը Բողոք. Կաթոլիկ)

Խըտըր-Պէյ

 

= 195 տուն

 

(6ը Բողոք. 15ը Կաթոլիկ)

Գումար

 

  1210՝ որուն

 

124ը Բողոք. եւ 55ը Կաթոլիկ

 

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Բուն իսկ այս գիւղերուն վրայ յարձակում չէ գործուած Կիլիկիոյ կոտորածին ատեն. ասոնց կորուսած այրերը սպաննուած են Անտիոք կամ ուրիշ արկածեալ վայրեր գտնուելով, եւ հետեւաբար թալանի կորուստ չեն ունեցած ասոնք։ Ընդհանուր կերպով կարելի է ըսել որ մեծ չքաւորութիւն մը չի տիրեր այս գիւղերուն մէջ, եւ բնակչութեան մեծագոյն մասը թթաստաններ ու պարտէզներ ունենալով, մեծ դժուարութիւն մը չեն կրեր իրենց ուտեստը հոգալու համար։ Ամէն մէկուն վրայ քանի մը համառօտ տեղեկութիւններ աւելորդ չեն կարծեմ։

 

ՔԷՊՈՒՍԻԱ

Սիւէտիոյ գիւղերուն մէջ ասիկա միակն է ուր որ եւ է ձեռարուեստ չէ մտած մինչեւ հիմա։ Այգեստաններով ու պարտէզներով ամէնէն հարուստն է Քէպուսիա, մեծ բլուրի մը կողքին, Միջերկրականին դիմացը։ Իրենց ապրուստի միջոցն է շերամաբուծութիւն եւ այգիի ու պարտէզի մշակութիւն։ Այրերը աւելի ծոյլ են քան կիները. այդ պատճառաւ, ինչպէս նաեւ իրենց գինեմոլութեան ու թղթախաղի հետամուտ ըլլալուն հետեւանքով, Քէպուսիացիները, շատ քիչ բացառութիւնով, պարտական ինկած են մետաքսի վաճառականներուն։ Կը հաւաստեն թէ այդ գէշ ունակութիւնները նուազելու վրայ են զգալաբար, սակայն անոնց գործած աւերին ազդեցութիւնը դեռ երկար տարիներ պիտի կրէ գիւղը անշուշտ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն այրիացած մէկ կին կայ միայն։

 

ՎԱԳԸՖ

Վեց գիւղերուն ամենէն փոքրն է, ձորին մէջ, Խըտըր-Պէյին գրեթէ մէկ մասը, եւ արդէն անկէ բաժանուած երկու տարի առաջ։ Վագըֆի մեծագոյն ապրուստի աղբիւրը կը կազմեն նարինջի եւ կիտրոնի ծառերը։ Սակայն, վերջին բացառիկ կերպով խիստ ձմեռը ամբողջովին փճացուցած է զանոնք, արմատէն չորցնելով եւ ահագին դժբաղդութիւն մը բերելով գիւղին գլխուն, դժբաղդութիւն մը որուն դարմանումը առ նուազն 8-10 տարուան կարօտ է, նոր ծառեր տնկելով։ Նոյնպէս ձիթենիները, թէեւ ամբողջովին փճացած չեն միւսներուն նման, բայց մեծապէս վնասուած են ցուրտէն։ Այս պատճառաւ հիմա տնտեսապէս ամէնէն գէշ դրութեան մէջ այս գիւղը կը գտնուի։ Հոս ալ ձեռարուեստ գրեթէ չկայ. բայց, ապրուստի ուրիշ միջոցէ զրկուելով, ստիպուած են իրենք ալ կամաց կամաց հետամտիլ իրենց դրացի գիւղերուն մէջ գտնուած ձեռարուեստներուն։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն այրիացած 2 կիներ միայն կան։

ՊԻԹԵԱՍ

Դիրքով ամէնէն բարձր եւ ջրառատը այս գիւղն է։ Իրենց գլխաւոր ապրուստի միջոցը աղքատներունը մանաւանդ ածուխ շինելն է։ Կան նաեւ փայտէ դգալ շինողներ, եւ պզտիկ մաս մըն ալ աւելի բարեկեցիկ մասը մետաքսէ թաշկինակ ու քէֆիէ կը բանի։ Իսկ շերամաբուծութիւնը, թաց խոզակ ծախելու ձեւով, այս բոլոր գիւղերուն յատուկ է արդէն, առաւել կամ նուազ։ Պիթեասի բարձր դիրքին շնորհիւ ծառերը չեն վնասուած հոս, բայց նարնջենի չկայ արդէն։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն այրիացած 4 կիներ կան։

 

ՀԱՃԻ-ՀԱՊԻՊԼԻ

Պիթեասէն քիչ մը վարօք, ամէնէն մեծն է Սիւէտիոյ հայ գիւղերուն։ Ամէնէն ալ բարեկեցիկը կարելի է ըսել բաղդատաբար, նոյն իսկ շէնքերու շինուածքէն դատելով։ Մետաքս բանելու գործը ամէնէն աւելի այս գիւղին մէջ զարգացած է եւ մեծ թիւով դէզկեահներ կան։ Պզտիկ մաս մըն ալ դգալ շինողներ կան։ Սկսած են դպրոցի գեղեցիկ ու քարաշէն շէնքի մը շինութեան, բայց իմա դուրսէն օգնութեան պէտք ունին աւարտելու համար։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն այրիացած կիները 8 հատ են։

 

ԽԸՏԸՐ-ՊԷՅ

Ձորակին մէջ, Վագըֆէն ¼ ժամ վեր եւ Եօղուն-Օլուգէն նոյնքան վար, զինքը կտրող անցնող գետակին երկու կողմերուն վրայ է Խըտըր-Պէյ։ Հոս ալ նարինջի, դափնիի եւ ձէթի ծառերը մեծապէս վնասուած են ցուրտէն, բայց, բաղդատաբար նարինջին, վերջին երկու ծառերը աւելի շուտ կը հասնին եւ 1-2 տարուան մէջ կը դարմանուի վնասը։ Իբր ձեռարուեստ սանտր շինելու գործը կայ, բայց շատ քիչ տարածուած։ Թթաստան եւ պարտէզ կը կազմեն իրենց ապրուստի միջոցները։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 7 կիներ այրիացած են հոս։

 

ԵՕՂՈՒՆ-ՕԼՈՒԳ

Բլուրին վրայ, ձորակէն անցնող գետակէն հեռու շինուած ըլլալով, ջուրի նեղութիւն ունի այս գիւղը. մէկ պզտիկ աղբերակ միայն կայ։ Սանտրագործութիւնը, որ գրեթէ միայն այս գիւղին յատուկ է, շատ տարածուած է հոս։ Այրերու գործ մըն է այդ, եւ քանի մը տեղացի վաճառականներ փայտէ շինուած սանտրերը գնելով կ’արտածեն Եգիպտոս։ Ցանցառ կերպով մետաքս բանելու դեզկեահներ ալ կան։ Ամենէն աւելի Եօղուն-Օլուգցիները հետամուտ եղած են նաեւ ջորեպանութեան, եւ դրացի հայ գիւղերուն մեծ մասին ապրանքները ասոնք կը փոխադրեն, այդ պատճառաւ ալ ամենէն աւելի Եօղուն-Օլուգ անձի կորուստ ունեցած է դէպքերէն, որովհետեւ դուրսը սպաննուողներէն շատերը ջորեպաններ եղած են։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն այրիացած 30 կին կայ հոս։

 

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Սիւէտիոյ գիւղերուն մէջ ամէն բանէ աւելի աչքի զարնող ու գոհունակութիւն պատճառող պարագան այն է որ այստեղ Հայութիւնը, նոյն իսկ հին Ռէժիմի ատեն, ուրիշ տեղերու պէս ճնշուած, կեղեքուած, գլխուն զարնուած չէ։ Գլխաւորաբար իրենց դիրքին ու ամփոփ զանգուած մը կազմող թիւին պատճառաւ, քիչ թէ շատ կրցած են տէր ըլլալ մարդկային բնական ու տարրական իրաւունքներուն։

ՄՏԱՒՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿ. Նոյն գոհունակութիւնով կարելի չէ դիտել սակայն իրենց մտաւոր մակարդակը, որ շատ նախնական ու յետամնաց վիճակի մէջ է դժբաղդաբար, պահած ըլլալով նահապետական սովորութիւններու սակաւաթիւ լաւ կողմերուն հետ նաեւ անոնց անթիւ գէշ կողմերը։ Առողջապահական կանոններու տարրական գիտակցութիւնը կը պակսի, եւ ատոր համար դեռ 10 տարի առաջ այս կողմերուն անծանօթ թոքախտը բաւական աւերներ գործելու վրայ է հիմա, մասնաւորաբար Եօղուն-Օլուգի մէջ։ Չափահասներուն 90% նոյն իսկ ստորագրութիւնը չի կրնար դնել, թէեւ բնականէն աչքառու կերպով ուշիմ, խելացի ու զարգանալու ատակ են։ Միացեալը հիմա դպրոց մը ունի Քէպուսիոյ մէջ, եւ երբ միւս գիւղերուն ալ քիչ մը օգնութիւն ըլլայ կրթական տեսակէտով, տասնեակ մը տարիներ ետքը բոլորովին բարեշրջուած նոր սերունդ մը կրնայ հասնիլ ապահովաբար։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Այս գիւղերուն հասոյթի մեծագոյն աղբիւրը շերամաբուծութիւնն է, ինչպես դիտուեցաւ։ Պրուսայի վարժարանէն վկայուած քանի մը երիտասարդներ կան՝ որոնք օգտակար եղած են։ Տարեկան մօտաւորապէս 10, 000 օխա թարմ խոզակ կ’արտադրեն այս 6 գիւղերը. օխան միջին հաշուով 20 ղրշ. էն ենթադրելով, ատիկա տարեկան 200, 000 ղրշ. ի գումար մը կը բերէ գիւղացիներուն գրպանը։ Անկէ ետքը կուգայ սանտրագործութիւնը, որ գրեթէ միայն Եօղուն-Օլուգի յատուկ է. տարեկան առ նուազն 1, 000, 000 փայտէ սանտր դուրս կ’ելլէ, որ, միջին հաշուով 100 հատը 10 ղրշ. էն, կ’արժէ 100, 000 ղրշ. ։ Պեթեսաէն 2-300 լիրայի ածուխ կ’արտածուի շրջակայ գիւղերը, մինչեւ Անտիոք։ Կ’արտածուի նաեւ նոյնիսկ մինչեւ Եգիպտոս շինուածափայտ, որուն քանակութիւնը կարելի չեղաւ ճշդել։ Վագըֆ եւ պզտիկ բաժինով մըն ալ Խըտըր-Պէյ, տարեկան 2000 լիրայի մօտ նարինջի արտածում կ’ընէին, ինչ որ երկար ատենուան մը համար դադրած է։ Պտուղ եւ բանջարեղէն իրենց կը բաւէ, բայց չարտածուիր։ Միեւնոյնն է պանիրի, կարագի, կաթի համար, որովհետեւ սահմանափակ թիւով ունին այծ, ոչխար ու կով եւ հազիւ իրենց պէտքերուն կը բաւէ։ Գալով ցորենի մշակութեան, գրեթէ գոյութիւն չունի, եւ այս կէտը ամէնէն մեծ անպատեհութիւնն է Սիւէտիոյ հայ գիւղերուն, քանի որ ստիպուած են հեռաւոր ու սեպ ճամբաներէ անցնելով, ջորիներու վրայ Անտիոքէն բերել իրենց պարենը։

ԲԱՑՈՒԵԼԻՔ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ. Եթէ Հալէպի կուսակալութենէն յատկացուած 3000 ոսկիէն 1700ը որոշապէս Անտիոքի եւ Սիւէտիոյ գիւղերուն յատկացուած չըլլար, առանց խղճի դէմ գործ մը ըրած ըլլալու պիտի կրնայի խորհուրդ տալ Պատ. կեդր. յանձնաժողովին որ Սիւէտիոյ գիւղերէն աւելի անմիջական եւ աւելի շեշտուած կարօտութիւն ունեցող տեղերու դարձնէ իր ուշադրութիւնը. որովհետեւ ճշմարտութիւնն այն է որ ծայրայեղ չքաւորութիւն մը չի տիրեր ասոնց մէջ, եւ շատ աննշան բացառութիւնով, (ինչ որ ամէն տեղ կրնայ գտնուիլ) ամենքն ալ, աւելի կամ նուազ դժուարութեամբ կը ճարեն իրենց հացը. անօթի չեն մնար վերջապէս։ Եւ արդէն, եթէ Հալէպի 1700 ոսկին չըլլար, պետական 5000 ոսկի նպաստէն այդ 6 գիւղերուն երկու տարուան բաժինը 100 ոսկին չի պիտի անցնէր, քանի որ միայն 52 հատ դէպքէն այրիացածներ կան անոնց մէջ։ Սակայն որովհետեւ Հալէպի այդ 3000էն 1700ը իրենց եւ Անտիոքի յատուկ է, հարկ կըլլայ՝ դէպքէն կամ բնական բոլոր կարօտ այրիներուն գործ տալիք աշխատանոց մը հիմնել։ Ասոր համար նախ ուսումնասիրեցի մետաքսի մանարանի մը խնդիրը, որու մասին նախապէս Հալէպի առաջնորդը գրած էր։ Եզրակացութիւնս այն է որ այդ գործին կարելի չէ միջամուխ ըլլալ երկու պատճառաւ. նախ, մանարան մը 4-5000 ոսկի կը պահանջէ, ինչ որ մեր այդ կողմերուն համար տրամադրուած դրամագլուխին քանի մը պատիկն է։ Բայց ենթադրենք պահ մը թէ պզտիկ չափի վրայ հիմնելու յաջողինք մանարանը. երկրորդ եւ ամենէն գլխաւոր անպատեհութիւնն այն է որ ոչ ոք օխային որոշ վարձքով մը խոզակ կը բերէ թել քաշել տալու համար. ընդհակառակը, մանարանը հիմնողը, իր հաշւոյն, ամէն եղանակին 3-4000 ոսկիի թաց խոզակ պիտի առնէ մէկ կողմ դնէ, որպէսզի ամբողջ տարին ատոնց թելը քաշել տայ գործաւորուհիներու եւ մետաքսը ծախէ։ Բայց մետաքսին գինը փոփոխական է եւ այդ 3-4000 ոսկիի մթերքը, գիները կոտրելով կրնայ վնաս ընել, ինչպէս շահ ալ։ Ուրեմն պարզ է թէ շահադիտական արկածալից ձեռնարկ մըն է ատիկա, որուն միջամուխ չի կրնար ըլլալ անշուշտ այրիներու դրամները մատակարարող յանձնաժողով մը։ Հետեւաբար հարկ էր ընտրել գործ մը որուն սորվիլը դիւրին ըլլար, արտադրութիւնը այդ կողմերուն մէջ սպառելու յարմար ու համեմատաբար քիչ դրամագլուխի կարօտէր, առանց մեծ վնաս մըն ալ պատճառելու հաւանականութեան։ Գուլպայագործութիւն եւ ֆանէլայագործութիւն ամէնէն յարմարները թուեցան եւ տեղացիներն ալ համամիտ գտնուեցան ատոր, ժողովի մը մէջ ուր ներկայ գտնուեցան վեց գիւղերէն 4 հատին (միւս երկուքն ալ հրաւիրուած բայց այրի չունենալնուն համար չէին եկած) 21 ներկայացուցիչները, ամէն յարանուանութենէ։ Ստուգեցի որ գուլպայագործութիւնը անհատապէս փորձողներ եղած են այս կողմերը, եւ կրցած են ապրուստ ճարել ատով։ Արդ, երբ նախնական նիւթը մեծաքանակ ու աւելի աժան գնելով ասանկ հաւաքական ձեռնարկ մը ըլլայ, առաւել եւս հաւանականութիւն կը ներկայացնէ յաջողութեան։ Այդ գիղերուն մէջ նոր արհեստի մը մուտ գործելուն ալ սատարուած կ’ըլլայ։ Իրենց աշխատութեան համեմատ 1½էն մինչեւ 4 ղրշ. օրավարձք կարելի է տալ այրիներուն։ Իսկ գուլպայի եւ ֆանէլայի սպառումը, շրջակայ գիւղերէն սկսելով, Սիւէտիա, Անտիոք ու մինչեւ Քիլիս, նոյն իսկ մինչեւ Հալէպ կարելի է տարածել. որքան շատ արտադրի՝ սպառել կարելի է, պայմանաւ որ տեսակը ընտիր ու գոհացուցիչ ըլլայ։

Աշխատանոցը եթէ միայն մէկ գիւղի մէջ հիմնուի, այրիներէն մէկ մասը պիտի գտնուի 1-1¼ ժամ հեռաւորութեան մէջ ու մանաւանդ ձմեռուան եղանակին կարելի չի պիտի ըլլայ ամէն օր երթեւեկել։ Այդ պատճառաւ ամէնէն նպատակայարմարը պիտի ըլլայ երկուքի բաժնել միշտ մէկ յանձնաժողովին հսկողութեան տակ եւ մէկը հիմնել Եօղուն-Օլուգ՝ ուրկէ 10 եւ 20 վայրկեան միայն հեռու են Խըտըր-Պէյ ու Վագըֆ. իսկ երկրորդը՝ Հաճի-Հապիպլի՝ ուրկէ նմանապէս 15 վայրկեան է Պիթեաս։ Այս կերպով առաջին շրջանակին՝ Եօղուն-Օլուգի՝ կ’իյնայ 60 աշխատող այրի, իսկ երկրորդին՝ Հաճի-Հապիպլիի՝ 36։ Երկու շրջանակներէն ալ դուրս կը մնայ միայն Քէպուսեա գիւղը. բայց հոն գտնուող 9 այրիներն ալ մէկը միայն դէպքէն այրիացած կրնան ի պահանջել հարկին գալ այս երկուքէն մէկուն մէջ հաստատուիլ, քանի որ տարբեր կարգադրութիւն մը կարելի չէ։

Այս երկու գիւղերուն մէջ աշխատանոցի համար վարձուելիք շէնքերուն իւրաքանչիւրը տարեկան 5-600 ղրշ. ով կարելի է գտնել։ Վարպետի համար ալ տեղւոյն վրայ կարգադրութիւն մը կարելի է ընել նպաստաւոր պայմաններով, որոնց մանրամասնութիւնը նամակով կը յայտնեմ։ Միեւնոյն բանը տեղւոյն յանձնաժողովին տրամադրութեան տակ դրուելիք գրագրին համար, որ թէ՛ հաշիւները երկու տեղին ալ թէ՛ գործուելիք ու գործուած ապրանքներուն մթերապահութիւնը կրնայ կատարել։

Խոհեմութիւն է անշուշտ պզտիկ չափով սկսիլ գործը, ու կանոնաւոր ճամբու մէջ դնելէ յետոյ աստիճանաբար մեծցնել։ Հետեւաբար յարմար կը դատեմ որ եւ Հալէպի մասնաժողովն ալ համամիտ է ինծի այս մասին Կեդր. Պատ. ժողովին տրամադրած 17 մեքենաներով սկսուի, ատոնցմէ Հաճի-Հապիպլի եւ 11ը Եօղուն-Օլուգ դրուելով։ Առ այժմ կը մնայ միայն ֆանէլայի համար մի քանի մեքենայ ճարել. ու եթէ ասոնց նախնական նիւթերուն համար Կեդր. Այրիախնամը կարգադրութիւն մը չէ ըրած ցարդ՝ ուղղակի ֆապրիքաներէն գնելու մասին՝ պէտք է հրահանգ տալ Հալէպի մասնաժողովին որ ինք հայթայթէ զանոնք։