Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

Համար 469                                                            18 Յունիս 1912

 

 

Ազնուաշուք Ատենապետ էֆէնտի

Պատուարժան Այրիախնամ Յանձնաժողովոյ

 

Խորհուրդս, իր քննիչներուն յայտագրէն տեղեկանալով որ Պատուարժան Յանձնաժողովիդ գործառնութիւնները եւ հաշիւները օրը օրին արձանագրուած են տումարաց մէջ, եւ ելմտական գործողութիւնք կատարուած են օրինակելի կանոնաւորութեամբ, իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ձեզ, այրիախնամ գործին մէջ Ձեր կողմէ ցոյց տրուած գնահատելի հոգածութեան եւ խստապահանջ մատակարարութեան համար։

Մնամք յարգանօք

Ի դիմաց Ազգ. Կեդր. Վարչ. Տնտես. Խորհրդոյ

Վ. Ատենադպիրի
Գէորգ Կիւրեղեան

Վ. Ատենապետի
Ս. Թէլլիեան