Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.
ՔԷՍԱՊ

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔ. Քէսապի շուրջի այս ութը գիւղերը, ամէնքն ալ զուտ հայաբնակ, 10էն 20ական վայրկեան միայն հեռաւորութիւն ունին Քէսապէն, բացառութիւն ըլլալով միայն Գարատուրան, որ 2 ժամ հեռու է։ Եւ արդէն, բաց ի վերջինէն, միւս ամէնքը կերպով մը Քէսապի թաղերը կը նկատուին ու իրենց կրօնական պարտականութիւնները կատարելու համար Քէսապ կուգան, թէեւ ամէնքն ալ հիմա նախնական դպրոցներ ունին իրենց մէջ։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Քէսապ, իր ութը գիղերով, ունի 1248 տունէ բաղկացած բնակչութիւն մը, որուն 428ը Բողոքական, 77ը Կաթոլիկ եւ մնացածը Լուսաւորչական են։

Սոյն բնակչութիւնը կը բաժնուի այս կերպով.

Քէսապ

 

= 680 տուն

 

(230ը Բողոքական 45ը Կաթոլիկ)

Գարատուրան

 

= 215 տուն

 

(40ը Բողոքական 13ը Կաթոլիկ)

Էքիզ-Օլուգ

 

= 80 տուն

 

(80ն ալ Բողոքական Կաթոլիկ)

Քիւլքէնէ

 

= 75 տուն

 

(35ը Բողոքական Կաթոլիկ)

Չագալճըգ

 

= 17 տուն

 

(9ը Բողոքական Կաթոլիկ)

Չինարճըգ

 

= 35 տուն

 

(3ը Բողոքական Կաթոլիկ)

Տիւզ-Աղաճ

 

= 20 տուն

 

(5ը Բողոքական Կաթոլիկ)

Էսկի-Էօրէն

 

= 50 տուն

 

(4ը Բողոքական 11ը Կաթոլիկ)

Գայաճըգ

 

= 76 տուն

 

(22ը Բողոքական Կաթոլիկ)

Գումար

 

1248 որուն

 

428ը Բողոքական 77ը Կաթոլիկ

 

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Քէսապի վրայ յարձակում եղած է. բայց որովհետեւ անոնք փախած են մինչեւ Լազգիյէ, այդ պահուն մարդու կորուստը շատ եղած է ու կը բաղկանայ միայն փախչելու անկարող քանի մը ծերերէ։ Ուրիշ Քէսապցիներ սպաննուած են Անտիոք եւ այլ արկածեալ տեղեր գտնուելով։

Յարձակող խուժանը սակայն թալանած ու այրած է 522 տուն, 62 խանութ եւ 2 եկեղեցի (մին բողոք. եւ միւսը հայ-կաթոլիկ)։ Այս տուներուն 67ը շրջակայ գիւղերէն են ու մնացեալ 455ը եւ խանութներուն ամբողջութիւնը Քէսապին մէջէն։

Կառավարութիւնը, շինուած կանոնաւոր տետրակի մը վրայ, եւ ուրիշ տեղերու հետ բաղդատելով շատ լայնամիտ ըսուելու արժանի գնահատումի մը հետեւելով վճարած է այրած տուներուն փոխարժէքը եւ գրեթէ ամէնքը վերաշինուած են։ Տուներու փոխարժէքէն դուրս իբրեւ հացագին ալ բաւական նպաստ բաշխուած է Քէսապի մէջ, կառավարութեան կողմէ։ Միացեալին բացած վարժարանն ալ որ շատ գոհացուցիչ վիճակի մէջ է այլապէս ու բարոյական գնահատելի բարիք մըն է, Քէսապցիներու կրած վնասներուն փոխարէն։ Եւ եթէ ասոնք ինքզինքնին ուզէին արդարօրէն բաղդատութեան դնել ուրիշ արկածեալ վայրերու այս օրուան վիճակին հետ՝ տարակոյս չկար որ պիտի ընդունէին թէ բաղդաւոր գտնուած են, եթէ ներելի է այս բառը գործածել Կիլիկեան աղէտէն որ եւ է կերպով, առաւել կամ նուազ, վնասուած տեղի մը համար։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Քէսապցիներու նկարագրին ցայտուն կէտը թուեցաւ ինծի՝ ճկունութիւն ու ճարպիկութիւն, որ, բացառութիւնները յարգելով, մինչեւ անձնասիրութեան վերին սահմանները հասնող, շեշտուած հանգամանք մը ունի ինքզինքնին, միայն ինքզինքնին հոգալու բաղձանքը, ուրիշներուն վիճակը բնաւ չի խորհելու չափ զօրաւոր է ասոնց մէջ։

ՄՏԱՒՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿ. –Ցայտուն տարբերութիւն մը չունի Սիւէտիոյ հայ գիւղերէն։ Առողջապահութեան, եւ մանաւանդ մաքրութեան պակասը աւելի խորունկ կերպով զգալի է հոս դժբաղդաբար։ Միայն թէ՝ իրենց հիմակուան դպրոցը ուրիշ տեղերէ աւելի յոյս կը ներշնչէ, մօտաւոր ապագայի մէջ լաւագույն սերունդ մը հասցնելու։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Քէսապին ալ հասոյթի գլխաւոր աղբիւրը կը կազմէ շերամաբուծութիւնը։ Միջին հաշուով տարեկան 5էն 6000 ոսկինոց թաց խոզակ կ’արտածուի։ Երկրորդ աստիճանի վրայ կուգայ ծխախոտի մշակութիւնը, որ 10-11 տարի առաջ տարեկան 3-4000 ոսկիի արտածման կը հասնէր։ Սակայն, Րէժիին հանած խոջընդոտներուն պատճառաւ, 7-8 տարիէ ի վեր գրեթէ բոլորովին մեկդի ձգել ստիպուած էին գիւղացիները սոյն հասոյթի աղբիւրը։ Ազատութենէն ի վեր դարձեալ սկսուած է մշակութեան, անցեալ տարի 1000 ոսկիի չափ արտածուած է եւ տարուէ տարի աւելնալով նախկին վիճակին պիտի հասնի։ Վկայուած շերամաբոյծ չկայ հոս, բայց փորձառութեամբ շատ վարպետ են իրենք։ Ցորենի մշակութիւնը հազիւ ¼ը կը հայթայթէ իրենց պէտք եղած պարէնին եւ ¾ը դուրսէն կը ճարեն։ Պտուղ եւ բանջարեղէն իրենց բաւելու չափ են միայն։ Կ’արտածուի նաեւ մաս մը դափնիի իւղ, որ կը ծառայէ ընտիր օճառի պատրաստութեան, ասոր քանակը տարուէ տարի կը տարբերի, 500էն մինչեւ 2000 ոսկի։

Տեղական ձեռարուեստ գրեթէ չկայ. հին ատեն բաւական ճերմակ կտաւ կը բանին եղեր, բայց հիմա, Եւրոպայի մրցումին առջեւ տեղի տուած են եւ հազիւ 8-10 տէզկեահ մնացած է, ասոնք ալ շրջակայ թուրքերուն համար վարձքով բանող։ Բաւական թիւով այրեր կան (50-60) Եէմէնիճիութեամբ ապրող։

ԲԱՑՈՒԵԼԻՔ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ. Սիւէտիոյ գիւղերուն համար այս մասին ըրած խորհրդածութիւններս կը պատշաճին նաեւ Քէսապի։ Եւ արդարութիւնը կը պահանջէ ըսել որ, Քէսապի այս օրուան տնտեսական դրութիւնը՝ Սիւէտիոյ գիւղերուն չափ ալ զգալի չըներ բացառիկ օգնութեան մը պէտքը այս տեղին համար։ Հետեւաբար անտեղի կը գտնեմ Քէսապցիներուն այն գանգատը, թէ անիրաւութիւն մը եղած է իրենց հանդէպ, իբր թէ միայն իրենց յատկացուելիք 3000 լիրային 1700ը Անտիոքի եւ Սիւէտիոյ գիւղերուն տրամադրելով։ Ընդհակառակը, ես աւելի նպաստաւորուած կը գտնեմ Քէսապը, որովհետեւ եթէ նկատողութեան առնենք որ այդ գումարը այրիներու համար է (թող ըլլայ դէպքէն թէ բնական), կը տեսնենք որ երբ իրենց գիւղերով միասին 104 այրիին՝ 1300 ոսկի կը յատկացուի, նոյն համեմատութեամբ Սիւէտիոյ եւ Անտիոքի 212 այրիներուն 2600 ոսկի պէտք էր իյնար, մէկդի ձգելով այն պարագան որ Անտիոքի այրիներուն գրեթէ ամէնքն ալ դէպքէն այրիացած են, մինչդեռ Քէսապցիներուն կէսէն աւելին՝ բնական այրիներ։

Եղած լմնցած կարգադրութեան մը առարկութիւն ընելու համար չէ՛, այլ Քէսապցիներու կողմէ Շահէ վրդ. ին վերագրել ուզուած անիրաւութեան մը անտեղութիւնը բացատրելու սահմանուած թիւերու այս պերճախօսութենէն ետքը, կը դառնամ աշխատանոցի խնդրոյն։

Քէսապցիներուն փափաքն էր գուլպայագործութիւն, սակայն բնականաբար ընդդիմացայ ատոր, քանի որ Սիւէտիոյ գիւղերուն հետ միեւնոյ շրջանակին  մէջ պիտի սպառին իրենց արտադրութիւնները, եւ հարկ չկայ որ միեւնոյն ապրանքին վրայ տեսակ մը մրցումի մտնեն իրարու հետ։ Ուստի յարմարագոյնը նկատուեցաւ մանուսայագործութիւնը։ Սկսելու համար բաւական պիտի ըլլայ 10 տէզկեահ, որոնց ամէն մէկուն 4 ոսկի հաստատութեան ծախք եւ վեր ի վերոյ 5 ոսկիի չափ նախնական նիւթի համար դրամագլուխ հարկ է։ Բայց որովհետեւ կիներէն մէկ մասը, աշխատութեան ծանրութեան պատճառաւ, չի պիտի կրնայ մանուսա գործել, յարմար նկատուեցաւ հաստատել Քրօշէի ճիւղ մը եւս, որուն համար շատ պզտիկ դրամագլուխ մը կ’ուզէ։ Հալէպի մասնաժողովին անդամներէն Պ. Յովհաննէս Նիկողոսեան որ ինծի հետ շրջեցաւ այդ տեղերը ինք Քրօշէի գործով զբաղած ըլլալուն կրնայ այդ մասին ամէն տեսակ դիւրութիւն տալ։

Մանուսայի վարպետը կարելի է գտնել Հալէպէն։

Իսկ իբրեւ քարտուղար, հաշուակալ եւ մթերապահ մէկը կարելի է գտնել տեղւոյն վրայ, համեստ թոշակով մը։ Քէսապցիները կը յայտարարեն թէ իրենք վարձելու յարմար շէնք մը չունին աշխատանոցի համար. ու բաղձանք կը յայտնեն 200 ոսկիի մօտ ծախքով մը՝ տարբեր նպատակի համար սկսուած ու կիսաւարտ մնացած շէնք մը լրացնել եւ այս գործին յատկացնել։ Այդ մասին հարկ եղած մանրամասնութիւնները նամակով կը ներկայացնեմ։