Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.
ՀԱԼԷՊ

Սիւէտիոյ, Քէսապի, Անտիոքի, Պէյլանի մէջ բացուելիք այս բոլոր աշխատանոցներուն յաջողութիւնը եւ լաւ մատակարարութիւնը կախում պիտի ունենան Հալէպի մասնաժողովին գործունէութենէն եւ աչալուրջ հսկողութենէն։ Ճանչցած ըլլալով Հալէպի հիմակուան մասնաժողովը կազմող տարրերը, վստահ եմ թէ ո՛չ բարի կամեցողութիւնը պիտի պակսի իրենց եւ ո՛չ ալ կարողութիւնը՝ վարելու համար իրենց խնամքին յանձնուած այս բարենպատակ գործը։ Բայց բեռը ծանր է. բոլոր այդ տեղերուն գործառնութիւնները, թղթակցութիւնները, հաշիւները պիտի կեդրոնանան Հալէպ ու հոնկէ պիտի հաղորդուին Պօլիս. տարբեր կարգադրութիւն կարելի չէ արդէն։ Կեդրոնէն գալիք քննիչներէն անջատաբար, տարին գոնէ մէկ անգամ, Հալէպի մասնաժողովէն մէկը պէտք է երթայ, տեղւոյն վրայ քննելու համար գործերը։

Առ այժմ Հալէպի մասնաժողովը, առաջնորդարանի քարտուղարին կամ ուսուցիչներէն մէկուն յաւելուածական պզտիկ թօշակ մը տալով բռնել պիտի տայ իր հաշիւները, արձանագրութիւնները։ Սակայն, երբ այդ նախատեսուած գործերը բացուին ուսկսին արդիւնք տալ, անհրաժեշտ պիտի դառնայ որ յանձնաժողովը, իր տրամադրութեան տակ միայն այս գործերով զբաղող մէկը ունենայ իբր քարտուղար եւ հաշուակալ։ Այլապէս, հակառակ իր բոլոր բարի կամեցողութեան, կը վախնամ որ մասնաժողովը, գործերու խճողումով, ձեռնթափ կ’ըլլայ, ու Հալէպի մասնաժողովին կողմէ այդպիսի պատահականութիւն մը կը խանգարէ իրեն կապուած բոլոր ճիւղերուն գործի ընթացքը։ Կեդր. Պատ. Այրիախնամին կիյնայ ուրեմն իր կողմէ ամէն կարելի միջոցներով դիւրացնել Հալէպի մասնաժողովին գործը [1] ։

 

Հալէպ 1/14 Հոկտեմբեր 1911

Քննիչ-պատուիրակ

Կեդր. Այրիախնամի

Ժ. ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ



[1] Տեղեկագրին այս առաջին մասին մէջ եղած առաջարկներուն ամէնքը ընդունուած են կեդր.   յանձնաժողովին կողմէ, բացի մէկէն, այն է Գըրըգ-Խանի մէջ թթաստան գնելու խնդիրը՝ որ սկզբունքով մերժուած է։