10.
ԱՔԱՍԻԱՆԵՐՈՒ
ՇՈՒՔԻՆ
ՏԱԿ
Ծաղիկներէն
յուշիկ
թերթեր
կը
թափէ
Բուրումներով
օծուն
հովիկն
իրիկուան,
Հոգիներուն
կ'իջնէ
երազ
մը
բուրեան,
Ի՜նչ
հեշտին
է
մըթնշաղն
այս
սատափէ:
Աքասիաներ,
գինով
լոյսէ
ու
տապէ,
Օրօրուելով
մաքուր
շունչ
մը
կը
հեւան.
Մինչ
կը
ձիւնէ
ծաղիկն
իրենց
հոտեւան`
Զոր
խօլաբար
հովը
գրկել
կը
շտապէ:
Ու
լոյսն
անոնց,
անխօս
հուրի՜
դիւթական,
Հըմայագեղ
ու
վարսքերով
արծաթէ,
Շատրըւանին
կ'իջնէ
գուռին
մէջ
կաթէ:
Ջուրը
ցայտքէն
ծաղիկ
ծաղիկ
կը
կաթէ.
Վըճիտ,
ինչպէս
լոյսէ
արցունքը
մանկան,
Նըւագն
անոր
կը
հեծեծէ
հեշտական:
Ծաղիկներէն
հովը
թերթեր
կը
թափէ…