Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԵԼԻՄ ԱՂԱՆ
  (ՊԱՏԿԵՐ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)


Հեռուէն, շա՜տ հեռուէն, աւազի ու արեւի խորհրդաւոր աշխարհներէն անցեր եկեր էր մեր երկիրը այդ բարձրահասակ, խոր ու անուշ աչքերով ծերունին։

Փաթթուած իր արաբական պուրնուզին մէջ, պատուհանին առջեւ ծալլապատիկ նստած, նարկիլէին փողը բերնին, մտախոհ ու թախծալից, նա կը մարմնաւորէր իր անձին վրայ անապատի ժողովուրդներուն յատուկ այն մեղկ ու տխուր կերպարանքը, որ, չգիտեմ, ի՜նչ անուշ, երազուն ու բանաստեղծական բան մը ունի իր մէջ։

Իր ներքին-մարդը այդ չէր եղած սակայն. իր բոլոր կեանքը շարք մըն էր ահարկու կռիւներու եւ փառաւոր յաղթանակներու։

Հզօր ցեղապետ եւ ազդեցիկ իշխան, ահ ու սարսափն էր արաբական այն բոլոր վայրենի ցեղերուն՝ որոնք իրարու դէմ մղած մշտական գազանային կռիւներով արեան ու կոտորածի թատր մը դարձուցեր էին Արաբիան…։

Իր օրով արդարութիւնը գեղեցիկ բառ մը չէր լոկ։

Հաւատարիմ ու եռանդուն հետեւող Մեծ Մարգարէին քարոզած սկզբունքներուն, երբէք չէր ներեր ո եւ է անիրաւութեան, եւ երկա՜ր տարիներու արիւնէ ու արցունքէ ետքը՝ իր տէրութեան ընդարձակ սահմաններուն մէջ Խաղաղութիւնն ու Սէրը պայծառ եւ անուշ շողերով կը ճառագայթէին զրկուածներուն, տկարներուն ու դժբաղդներուն վրայ։

***

Եղաւ սակայն օր մը որ, Սէլիմ աղան կռիւներու ամենէն սոսկալին, ամենէն արիւնահեղը, եւ ամենէն եղերականը մղեց իր կեանքի այն տարիներուն մէջ՝ յորս անհունապէս գոհ, եւ իր ժողովուրդին երջանկութեամբը լիովին երջանիկ՝ կը հաւատար թէ արժանաւոր եւ արդար հանգիստ մը ա՛լ վերջապէս կը սկսէր իր ծերութեան օրերուն համար։

Այդ օրը ամբողջ Արաբիան դողաց…։

Դաշտերն ու անապատները արեամբ կարմրեցան…։

Օ՜… մէկէ աւելի բանաստեղծներ մելամաղձիկ ու խորհրդաւոր «եա լէյլի»ներու մէջ երգեցին այդ կռիւը, եւ մէկէ աւելի «մէտտահ»ներ արաբական նեղ ու տխուր սրճարաններու մէջ, ծխախոտի եւ հաշիշի ամպերով վերացած՝ պատմեցին հէքեաթը այդ տխո՜ւր անցքերուն…։

***

Սոսկ նախանձն էր պատճառ պատերազմին, նախանձն ու ատելութիւնը որ տարիներէ ի վեր կը կրծէին Սէլիմ աղայի վայրագ հակառակորդին՝ Սիտի-Իպրահիմի սեւ սիրտը։

Իր ցեղը կ՚ատէր զինքը, վասն զի բարբարոս եւ անգութ էր, բայց կը վախնար իրմէ, եւ կ՚ակնածէր, մանաւանդ անոր համար որ ցեղապետի տիտղոսին կը միացնէր եւ շէյխի նուիրական պաշտօնը։

Բնականէն նրբամիտ ու խորամանկ՝ Սիտի-Իպրահիմ կը պահէր ժողովուրդը կրօնական ծայրայեղ մոլեռանդութեան մէջ, վասն զի հոդ կը գտնէր իր ուժին գաղտնիքը, եւ ատով միայն հաստատուն եւ տեւական կը զգար իր իշխանութիւնը։

Ըմբռնելով միեւնոյն ժամանակ նկարագրին գերազանցութիւնն ու բարձրութիւնը Սէլիմ աղայի, որ կը պաշտուէր իր ժողովուրդէն իբրեւ հայր գորովագութ, եւ որը իր ներշնչած խորունկ ու անկեղծ սիրոյն մէջ միայն կը փնտռէր ուժ, մեծութիւն եւ փառք, Սիտի-Իպրահիմ կը տանջուէր հոգւով… վրէժխնդրութեան խօլ իղձեր կը բռնկէին կուրծքին տակ, մէկէ աւելի վայրագ խորհուրդներ կ՚որոճար, ծրագիրներ կը յղանար տապալելու համար իր վեհոգի թշնամին, յարմար առիթին կը սպասէր ատոնք իրագործելու համար, եւ առիթը ինքը ստեղծեց. այդ եղաւ պատերազմը…։

***

Կտրուած գլուխներ նիզակներու ծայր անցած իբրեւ յաղթութեան նշան, ջարդ ու փշուր եղած մարմիններ ցիրուցան դաշտերուն վրայ, ջախջախուած կուրծքերէ դուրս թափուած թոքեր ու սիրտեր արեւուն տակ. օ՜, սարսափելի՜ անգթութիւնը բարբարոս ժողովուրդներու…։

Արեան գետեր կը վազէին, ու գազան-մարդուն ծարաւը չէր յագենար…։

Կատաղելով կը տեսնէր դիւցազնական դիմադրութիւնը Սէլիմ աղայի պատերազմիկներուն, որոնց կ՚առաջնորդէր քաջարի Ալին, իր հակառակորդին անդրանիկ տղան, իր հօրը աչքին լոյսն ու բոլոր ցեղին պարծանքը… զայն սպաննե՜լ… այդ էր իր երազը, իր տենջանքը, եւ ատկէ աւելի դժոխային վրէժխնդրութիւն մը չէր կարելի երեւակայել, վասն զի Սէլիմ աղան այդ տղուն կեանքովը կ՚ապրէր, անո՜վ երջանիկ, անո՜վ հպարտ, հետեւաբար եւ զայն կորսնցնելով ջախջախուած կ՚ըլլար իր ծնողական սիրոյն եւ տոհմային հպարտութեանը մէջ…։

Գեղեցիկ, շատ գեղեցիկ էր այդ պատանին, կրակոտ, խոշոր աչքերով, հոյակապ հասակով, լայն կուրծքով, արի պատերազմիկ, արժանաւոր յաջորդ իր վեհանձն հօր։

Մէկէ աւելի շէյխեր կ՚անուանէին զայն Արաբիոյ ամենէն աղւոր ծաղիկը։

Եւ ահա, կռւոյն ամենատաք միջոցին, երբ Ալի մոռնալով խոհեմութեան յորդորները աւելի՜ եւ աւելի՜ կը մօտենար թշնամի բանակին, Սէլիմ աղա տեսաւ զայն, իր Բենիամինը, Արաբիոյ Ծաղիկը, ինկած անագորոյն թշնամիին ճիրաններուն տակ… ըմբռնեց այդ թանկագին գլխուն սպառնացող ահռելի վտանգը. մինչեւ ոսկորներուն ծուծը դողաց. եւ այդ հզօր մարդը ինքզինքը մոռնալով, իր հպատակներուն առջեւ ինկաւ գետին ու լացա՜ւ…։

Մէկ կողմէն ծնողական սէրը, միւս կողմէն տոհմային արժանապատուութիւնը եւ իշխանական հպարտութիւնը ամենէն բուռն պայքարը կը մղէին Սէլիմ աղայի սրտին մէջ։

Ծնողական սէրը յաղթանակը տարաւ սակայն, ու ոտքի տակ առնելով ե՛ւ արժանապատուութիւն, ե՛ւ հպարտութիւն, զիջողութեան եւ աղաչանքի թուղթ գրեց թշնամիներու է՛ն վատին, եւ շնորհ խնդրեց իր զաւակին համար…։

Հեռուն՝ իր արծուի նայուածքը յառած անքթիթ թշնամի բանակին, Սէլիմ աղա անձկութեամբ դողդղացող կուրծքովը կը սպասէր…։ Կե՞անք թէ մահ վճռուած էր արդեօք իր որդւոյն…։

Մէյ մ՚ալ ամրոցին վրայ երեւաց Սիտի-Իպրահիմի բարձր ու չոր հասակը՝ տնկուած մերկ ծառի մը պէս։

Պաղ քրտինք մը ողողեց Սէլիմ աղայի ճակատը։

Քանի մը վայրկեաններ եւս սահեցան դարերու չափ երկար… ու մէկէն թշնամի բանակը պարզեց կարմիր դրօշակ մը խորհրդաւոր գրերով ծածկուած, դա՛ հաշտութեան նշան էր…։

Սէլիմ աղա խնդութենէն գինով, յառաջ վազեց, թեւաբաց, իր որդին գրկելու տենջովը վառուած։

Սիտի-Իպրահիմ ամրոցին վրայ լուռ ու անշարժ կը կենար արձանի պէս…։

Զաւա՜կս… գոչեց Սէլիմ, տո՛ւր զաւակս…։

Սիտի-Իպրահիմ ծռեցաւ, պուրնուզի մէջ փաթթուած մարդկային կերպարանք մը վերցուց։

Ահա՛ զաւակդ, ըսաւ, եւ նետեց զայն անոր գիրկը…։

Անկման ցնցումէն, պուրնուզը բացուեր էր… տարաբաղդ հայրը քստմնեցաւ ու մազերը ցցուեցան գլխուն վրայ, իր որդւոյն խաշուած ու քրքրուած դիակը կը սեղմէր իր թեւերուն մէջ…։

Լի կատաղութեամբ ու յուսահատութեամբ աչքերը դէպի ամրոց վերցուց։

Սիտի-Իպրահիմ, յագեցած վրէժխնդրութեան գազանային գոհունակութեամբ, դիւական քրքիչով մը կը խնդար…։

Սէլիմ աղա ջղային տագնապ մը ունեցաւ եւ նուաղած ինկաւ Ալիի դիակին վրայ։

***

Հանդիսաւոր եղաւ թաղումը Ալիին… ամբողջ Արաբիան ոտքի վրայ էր, շէյխերու ամենէն յարգելիները կ՚առաջնորդէին դագաղին. սեւագլուխ եղերամայրերու գունդեր կ՚ողբային մահը Արաբիոյ Ծաղիկին, լաց ու կոծ մինչեւ երկինք կը բարձրանար, եւ արձագանգը կը կրկնուէր դաշտերուն ու անապատներուն խորերը…։

Սէլիմ աղա չլացաւ, այլ նա աւելի՛ ահարկու եղաւ քան դժոխքը. երդուընցաւ Ալլահին անունովը իսպառ ջնջել Սիտի-Իպրահիմի ցեղը, եւ իր երդումը պահեց, աւա՜ղ, գուցէ չափազանց խղճմտութեամբ…։

Արեան գետեր անգամ մըն ալ ողողեցին Արաբիան եւ այն ազնիւ ու բարի իշխանը վշտէն ու զայրոյթէն յիմար դարձած, Լէնկթիմուրի պէս վայրագ, արեան լոգանքներ ըրաւ, իր թշնամւոյն արիւնը խմեց, ձեռքերովը շօշափեց զայն, տարօրինակ գազանային հեշտութեամբ մը, կարմիր կաթիլները մի առ մի վազցնելով մատերուն ծայրերէն. այնքա՜ն ահարկու եղաւ ան իր ցաւին ու վրէժխնդրութեանը մէջ…։

***

Օրին մէկը Սուլթանը զինքը հրաւիրեց Պօլիս իր մայրաքաղաքը եւ անոր նուիրեց սքանչելի չէրքէզուհի մը։

Ժամանակէ մը ետքը՝ նա ունեցաւ իր այդ նոր ամուսնութենէն մանչ տղայ մը՝ զոր Թալաթ անուանեց։

Շուշանի պէս սպիտակ մօրմէ ու գիշերուան պէս սեւ հօրմէ ծնած այդ թխաթոյր գանգրահեր մանուկը հրեշտակի պէս գեղեցիկ էր սակայն։

Շատ անգամ Սէլիմ աղան, զայն առած իր ծունկերուն վրայ, կը խօսէր անոր իր երկրին խորհրդաւոր ու անուշ բարբառովը, եւ տղան առանց հասկնալու թէպէտ, մտիկ կ՚ընէր, հօրը դէմքին լուրջ ու տխուր արտայայտութենէն կարծես ազդուած։

Սէլիմ աղան կը պատմէր փոքրիկ Թալաթին՝ Ալիի եղերական մահը, եւ օրրանէն կը սովրեցնէր տղուն վրէժխնդիր ըլլալ իր եղբօր արեանը։

***

Չմխիթարուեցաւ երբէք ան իր ծերութեան օրերուն մէջ, ո՛չ իր Թալաթովը՝ զոր կը պաշտէր սակայն, եւ ոչ իր նորածին Ապտուլլահովը։

Կարօտ՝ հայրենի երկրին, ուր Ալիի մարմինը կը հանգչի, մտախոհ ու թախծալից, նարկիլէին փոցը բերնին, պատուհանին առջեւ ծալլապատիկ նստած, երազուն աչքերով կը նայի հեռո՜ւն, մտքովը սուրալով դէպի աւազի ու արեւի այն խորհրդաւոր աշխարհները՝ զորս բռնի թողեր եկեր էր մեր երկիրը, որը սառուցիկ ու տխուր կը գտնէր իր սգաւոր սրտին պէս…։