Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԻՐԱՒՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԿԸ ԽՕՍԻ

Եւ ահա՛ այս աերակներուն մէջ… արիւնով ու արցունքով թրջուած սա ճամբաներուն անկիւնը մինակուկ նստած դառնութեան բաժակէն կը խմեմ…Եւ արցունքէն կուրցած աչուըներս, շուրջս ցրուած սա աւերակներուն մէջ, ի զուր անյագօրէն կը փնտռեն շէն քաղաք մը, գիւղ մը, աւան մը… Չէ՛… ալեւս չեմ կրնար գոնէ  պատրանքը ունենալ դեռ եւս ապրող Հայրենիքի մը… Ի՜նչ… մեռա՜ծ է Հայրենիքը…։

Չէ՞ք տեսներ սա հոգեւարքները, որ ոտքերուս տակ կը գալարուին ահռելի տանջանքներով… Համբուրեցէ՛ք անոնց ճակատները, անոնք ինկած են հայրենի հողին պաշտպանութեանը համար։

Ճէ՞ք տեսներ սա այլանդակուած մեռելները, չի յագեցած վրէժխնդրութեան մը դաժանութիւնը դեռ եւս պահելով իրենց ապակիացած նայուածքին մէջ… Գլուխնիդ բացէ՜ք անոնց առջեւ, վասնզի անոնք մեռած են Հայրենիքի պատիւն ու մեծութիւնը բարձրացնելու համար։

Չէ՞ք տեսներ սա այրիացած հարսները, որբացած կոյսերն ու մանուկները, որոնք մազերնին կը փետռտեն զարհուրելի հեծեծանքներով… Ծնրադրեցէ՛ք անոնց առջեւ, վասնզի անոնք՝ իրենց կորսնցուցած սիրելիներէն աւելի՝ Հայրենիքի բռնաբարուած պատւոյն ամօթը կուլան…։

Օ՜հ, արի՜ւն… արի՜ւն է ամեն տեղ… Կարմիր են ներկուեր հպարտ լեռներուս երբեմն կանաչ կողերը… կարմիր դաշտերուսաղւոր դալարիքը… Չէ՞ք տեսներ, կարմիր ալիքներ կը թաւալեն Եփրատի եւ Արաքսի երբեմն կապոյտ եւ յստակ ջուրերը։

Ու գիշերները երբ ամենքը կը քնանան, ու ես մթութեան մէջ մինակս կը հսկեմ դարերէ ի վեր անքուն աչուըներովս, հեռո՜ւն սա լեռներուն ետեւէն հսկայ ստուերներ կը մօտենան կը թափառին շուրջս, իրենց երկար փեւերը ճօճելով, իրենց տժգոյն գլուխները տրտմօրէն աջ ու ձախ շարժելով, եւ ականջիս կը փսփսան ցաւագին շեշտերով… Ո՞ւր են Հայկաշէն, Տիգրանակերտ, ո՞ւր են Արտաշատ, Անի, ո՞ւր են մեր պալատերը, ո՞ւր են մեր թագերը, ո՞ւր են մեր յաջորդները եւ ո՞ւր են մեր թոռները…։

Ու ես կը լռեմ, գլուխս կուրծքիս վրայ ծռած ու կուլամ. եւ անոնք իրենց երեսները սոսկալի վիշտով մը ծամածռած՝ տարտամ քայլերով կը հեռանան քովէս կամաց կամաց, ու անոնց հեռանալէն ետքն ալ լեռները երկար ատեն վտշագին կը կրկնեն անոնց ողբերուն ու լացին արձագանքը։

Ամե՛ն գիշեր, ամե՛ն գիշեր գերեզմաններէն դուրս կ՚ելլեն անհանգիստ ստուերները զաւակներուս եւ կուլան կը հեծեծեն ականջիս տակ…։

Բայց դո՛ւք ինձմէ աւելի երջանիկ էք, սիրակա՛ն ստուերներ, որ հանգչելու տեղ մը ունիք գոնէ, ըլլա՛յ այդ հողին տակ. եւ Ձեր արցունքները թափելու համար ունիք մայրական հարազատ գոգ մը, ըլլա՛յ ջախջախուած… Իսկ ե՛ս, Ձեր ծնող մայրը ո՞ւր դնեմ իմ խոնջ ու ծանրացած գլուխս, քարէ բարձր մ՚ալ չունիմ, եւ ո՞ւր թափեմ իմ արցունքներս, մա՜յր չունիմ. խորթ քոյրեր ամենքն ալ, որոնք իմ արցունքներս կը ծաղրեն եւ իմ հառաչանքներս համրելով կը զուարճանան…։

Դարե՜ր անցան գլխուս վրայէն, երբեմն թագով ու ծիրանիով զարդարուեցայ, յաճախ անմխիթար սեւերու մէջ փաթթուեցայ… Տեսայ զաւակներուս փառքն ու յաղթանակը, տեսա՛յ նաեւ անոնց անկումն ու մահը… Տեսա՛յ զանոնք իշխան ու թագաւոր, տեսա՛յ գերի ու աքսորական… Համբուրեցի երբեմն անոնց յաղթական երջանիկ ճակատները, եւ աքսորի ու գերութեան երկար տաժանելի հոգեւարքոը քրտնելու ատեն՝ իմ տեսիլքովս զանոնք ոգեւորեցի ու մխիթարեցի, ու վերջին վայրկեանին զիս տեսան ծռած անհուն գորովով մը իրենց դալկահար դէմքերուն վրայ, տեսան որ ես կ՚ապրիմ դեռ եւս, ու երջանիկ մեռան…։

Բեղմնաւոր եղաւ արգանդս, անթիւ հերոսներու մայրը եղայ, թէպէտ պարտուած, թշուառ ու հալածական… Ե՛ս ծնայ Հայկը, Արամը, Տիգրանները, Վարդանը։ Ե՛ս ծնայ Գրիգորը, Յուսիկը, Ներսէսը, Սահակը, Մեսրոպը… Ե՛ս ծնայ ժամանակակից Վահագներ, Ժիրայրը, Թորոսը, Սերոբը, Մխօն… Ե՛ս ծնայ ժամանակակից Ղեւոնդներ, Մատթէոսը եւ Հայրիկը…։

Ու եթէ ունեցայ չարաշուք զաւակներ, որոնք՝ իրենց ամօթալի վատութեամբ ճակատս կարմրցուցին, ունեցայ զաւակներ ալ, եւ ասոնք աւելի բազմաթիւ եղան, որոնք՝ իրենց հերոսական գործերով զիրենք ծնող մայրը փառաւորեցին…։

Եւ ասոնք բոլորը անցա՜ն… Յաղթութիւններ ու պարտութիւններ, երջանկութիւն ու դժբախտութիւն արագ արագ իրարու յաջորդեցին, չափազանց փոփոխական եղաւ բաղդս, բայց աւա՜ղ… դժբաղդութիւնը կարծես վերջնապէս տարաւ յաղթանակը եւ իմ սեւաւոր գլուխտ կայ ու կը մնայ դեռ եւս, ողբալու համար աւելի հսկայ աղէտքները զաւակներուս։

Տուղրեիլ եւ Ալփասլան, Ճէնկիզխաններ ու Ջալալէդդիններ, Լանկթիմուրներ, Շահաբբասներ եւ Համիտներ ծծեցին արիւնը կենսունակ երակներուս…։ Երկինք տեսաւ կատարուող անլուր ոճիրները եւ լուռ մնաց… Արեւը ծագեցաւ դարձեալ նոյն մեծափառ վայելչութեամբ, լուսինը իր միեւնոյն տժգոյն պայծառութեամբ լուսաւորեց մեծ եղեռնը, եւ աստղերը մի՛շտ ժպտուն անտարբեր հանդիսատեսը եղան ահաւոր տառապանքին, ու ես իզուր սպասեցի որ այդ կապոյտ առաստաղը փլչի անօրէնններու գլխուն, որ աստղերը մէյմէկ ահարկու շանթեր դարձած՝ մոխիր դարձանեն բարբարոսներու խուժանը։

Ըսի, դարերը կ՚անցնին, ժամանակները կը փոխուին, աւելի բաղդաւոր օրեր կը ծագին իմիններուս համար ալ։ Դարերը անցան, ժամանակները փոխուեցան, բայց հին պատմութիւնը նոր մնաց ու կը մնայ դարձեալ այսօր։

Իմ խրոխտ լեռնեցիներս, իմ կտրիճ զինւորներս ոտքի ելան բռնակալութեան ու ոճիրին դէմ ինքնապաշտպանութեան դրօշը պարզած եւ անգամ մըն ալ ցոյց տուին քաղաքակիրթ ու քաջութեամբ։ Արիութեան հրաշքներ գործեցին. բայց աղետալի ճակատագիրը զարկաւ անոնց գլխուն ալ, եւ ինչ որ հուրը եւ սուրը պիտի չրկրնար գուցէ ընել, ճակատագիրը ըրաւ։

Նոր Լանկթիմուրներ ու Շահաբասներ աւելի վայրագ եւ արիւնարբու սարսափելի տառապանքներու եւ արիւնհեղութիւններու ահաւոր դարագլուխ մը բացին… Աղետալի՜ անիծապա՜րտ պատերազմներ քանդեցին նորէն հազարաւոր օճախներ. որբերու անհամար երամներ անտէր գառնուկներու պէս ասդին անդին Հայրենիքի սեւ հողերուն վրայ մոլորական ցրուեցան դարձել, ու ես, թողած իմ զաւակներուս ողորմուկ դիակները ճամբաներուն երկայնքը, յաւիտենական սուգի ու վշտերու բեռը շալկած, հալածական ու կորաքամակ կը թափառիմ մոլորաքայլ օտար աշխարհներ, Սէր, Գութ, փշուր մը հաց մուրալու իմ որբերուս ու այրիներուս համար…։

Կը թափառիմ լքուած ու մինակ, եւ անողոք ճակատագիրը կը պօռայ ետեւէս, «քալէ՜… քալէ՜…» Օ՜հ թո՛ղ, քիչ մը հանգչիմ, ոտքերս արիւնեցան ճանապարհի փուշերէն, —«Քալէ՜… քալէ՜…» Թո՛ղ գոնէ քանի մը վայրկեան անկիւն մը կծկտուիմ ազատ արտասուելու համար…— «Քալէ՜… Քալէ՜…»։

Ու կը քալեմ, դարերէ ի վեր կը քալեմ, Հայաստանէն Ասորեստան, Ասորեստանէն Պարսկաստան, Պարսկաստանէն Տաճկաստան, Տաճկաստանէն Եւրոպա, Եւրոպայէն Ափրիկէ… Դարերէ ի վեր աշխարհիս չորս ծայրերը կը քալեմ գթութի՜ւն, գթութի՜ւն աղերսելու, իմ անցեալ մեծութիւններս ու փառքս անարժան ոտքերու տակ խոնարհեցնելով, արիւնով ծածկուած սգաւորի սեւ պատմուճանս ցեխերու մէջ քաշկռտելով կը քալեմ ու կը քալեմ…։

Եւ հիմա հո՛ս, Իզմիրի այս զուարթ ափերը ինկած, բազկատարած կը դիմեմ Ձեզի ալ ո՜վ իմ սիրական զաւակներս, օգնութեան հասէ՛ք Ձեր հիւանդ, Ձեր վիրաւոր եղբայրներուն… Անո՛նք արեան ճապազիքներուն մէջէն իրենց թեւերը Ձեզի երկնցուցած օգնութի՜ւն, օգնութի՜ւն կը պօռան… Չէ՞ք լսեր, մայրերու ու մանուկներու սրտապատառ ճիչերը, վիրաւորներու ցաւագին հառաչները, մեռնողներու վերջին հռնդիւնները, օգնութե՜ան հասէք…։

Ո՞վ գիտէ, գուցէ անոնք, այդ մատաղ որբերը, նոր սերունդը, օր մը իր աճիւններէն վերակենդանացնէ հոգեւարք Հայրենիքը ու ինծի չեմ ըսեր մոռցնէ, վասնզի մարդ չի կրնար մոռնալ իր աղիքներէն փրթած էակներուն չարչարանքներն ու բռնի մահը, ինծի կ՚ըսեմ, գուցէ օր մը մխիթարէ շուրջս պատող սա աւերակները վերաշինելով, սա ամայի վայրերը շէնցնելով եւ այսքան արիւնէ, արցունքէ, ցաւէ ու հառաչանքներէ ետքը, երջանիկ մանուկներու ուրախ թրվռոցը խառնուած թռչուններու անուշ դայլայլիկներուն, գան օրրելու իմ երկա՜ր խոնջէնքս. ու երբ գիշերը իմ զաւակներուս ստուերները գան դարձեալ ինխի հարցնելու «Ո՞ւր  են Հայկաշէն ու Տիգրանակերտ, ո՞ւր են Արտաշատ եւ Անի, ո՞ւր են մեր զաւակները, ո՞ւր են մեր թոռները», ես կարենամ ուրախութեա արցունքներով այս անգամ ցոյց տալ անոնց եւ ըսել. «Սիրակա՜ն ստուերներ, ահա՛ Հայկաշէն ու Տիգրանակերտ, ահա՛ Արտաշատ եւ Անի, ահա՛ Ձեր զաւակներն ու ահա՛ Ձեր թոռները։

Եւ այս անգամ լեռները պիտի կրկնեն անոնց ուրախութեան աւաչներուն արձագանքը։