Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՆԷԾՔ


Ո՞ւր էր… համակ կըրակ դարձած վառէի…

Քեզ բոցերովս այրէի՜…

Ու կըլնէի՜ լոյս մարմինդ տաք տաք մոխիր,

Այսպէս՝ գէթ մէջս հալուէիր։

***

Կամ դառնայի ես բոցակէզ արեգակ

Սեւցնէի դէմքդ ճերմակ,

Ճառագայթներս շեշտ աչքերուդ նետէի,

Լոյսն ու բոցը մարէի…։

***

Եւ կամ ախտ մը յամր ու մաշող ըլլայի,

Կուրծքիդ տակ պինդ գամուէի՜,

Տարիներով քեզ կըրծէի՜ ես անյագ

Դարձընէի քեզ կըմախք…։

***

Երեսիդ վառ վարդերն թօշնած տեսնէի,

Ու հաճոյքէս դողայի՜,

Եւ կորսուած գեղ, հըրապոյր, պատիւ, յարգ,

Ա՜խ, իյնայի՜ր ոտքիս տակ…։

***

Ճակտիդ վրայ՝ մազերուդ տեղ ոլորուն,

Իցի՜ւ իժերն դնեն բոյն,

Ու տեսնէի՜ օձեր կախուած գըլխէդ վար

Եւ սոսկումէ՜դ կըտրած քար…։

***

Արիւն լայիր, ու միս մինակ երերուն

Թափառէի՜ր օրն ի բուն,

Չունենայիր բնաւ հոգի մ՚քեզ սիրող,

Եւ ոչ իսկ սիրտ մ՚գթացող։

***

Շուրջըդ թափուր, իսպա՜ռ լըքուած քու խոնարհ

Պաշտողներէդ անհամար,

Ա՜խ նետէի՜ր անունս հովուն ու ծովուն

Եւ յիշէի՜ր սէրս անհուն։

***

Ու տեսէի՜ քեզ, ամենէ՜ն մերժըւած

Ինձմէ սակայն միշտ սիրուած,

Ուրիշներուն՝ հրէշ, ինձ համար հըրեշտակ

Ա՜խ ըլլայիր իմս մինակ…։

***

Եւ մոռցըւած ամենէն՝ զիս սիրէիր,

Ու ինձ միայն խօսէիր.

Կեանքիս մռայլ գիշերն տեսնէ՛ր արշալոյս

Ու երեսիս՝ ժպտէր յոյս…։