Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԻ ՇԱԲԱԹԸ


Չարչարանքի շաբաթը կ՚ապրինք ահա։

Մարմնացեալ Յոյսը կը խաբուի. Մարմնացեալ Սէրը կը մատնուի. Մարմնացեալ Հաւատքը կը խաչուի։

Եւ ահա Յարութիւնն է որ կուգայ յաղթապանծ. Յոյսի Յարութիւնը. Սիրոյ Յարութիւնը եւ Հաւատքի Յարութիւնը…։

Մեր Աստուծոյն Պատմութիւնն է այս. եւ քիչ մըն ալ մեր կեանքին պատմութիւնը։

Կը յուսանք, կը սիրենք, ու կը հաւատանք մեր անհատական կեանքին մէջ, մեր ընկերական կեանքին մէջ եւ մեր ազգային կեանքին մէջ։

Ու կըլլայ որ կը խաբուինք, կը մատնուինք ու կը խաչուինք…։

Անձկանօք կը սպասենք մենք մեր Յոյսին, մեր Սիրոյն մեր Հաւատքին Յարութեանը։

Աղերսագին կը կանչենք զայն մեր սրտին բովանդակ տենջանքովը, սպասումի անստոյգ եւ տանջող հատնումներովը։

Եւ անիկա կուշանա՜յ… կուշանա՜յ… կուշանա՜յ…։

Չի յուսահատինք սակայն։

***

Չարչարանքի շաբաթին պատմութիւնը հիանալի դաս մըն է անոնց համար՝ որոնք կեանքը կըմբռնեն ուրիշներու կեանքին մէջ, եւ որոնք այդ ուրիշներուն համար իրենց սրտին ու հոգիին խորը տաճարակրելով վսեմագոյն Անձնուիրութիւնը եւ գերազանց Հաւատքը, կապրին անոնց կեանքովը եւ կը մեռնին դարձեալ անոնց համար։

Երանի՜ անոր, որուն սիրտը չի խորտակուիր, որուն Յոյսը, Սէրը, Հաւատքը չի՛ մեռնիր մատնութեան առջեւ, ապերախտութեան եւ չարութեան խաչին վրայ։

Երանի՜ անոր, որուն սիրտը գիտէ վերածնիլ նոր յոյսերու հանդէպ, եւ որը ամէն անգամ իր խաչուած Հաւատքին դեռ նոր փակուած գերեզմանին վրայ մի՛շտ կանգուն, կը ժպտի նոր Սէրերու, նո՛ր Հաւատքներու արշալոյսին։

Ա՜խ… այդպիսիներուն համար ահա՛ Յարութիւնը կուգայ տիրական, հոյակապ ու փառաւոր։

Որովհետեւ անոնք յուսահատիլ չգիտցան…։

***

Վա՜յ անոր որ չըմբռներ կեանքը բաղդաւորեցնող, կեանքին իմաստ տուող, կեանքը լուսաւորող երկնային ճառագայթներուն, Հաւատքի, Յոյսի ու Սիրոյ աստուածային անյաղթելի ուժը։

Վա՜յ անոր որ սկեպտիկ կ’ապրի դաւանելով կեանքը իբրեւ հաճոյքի աղբիւր մը միայն եւ մարդկութիւնը սանդուղ մը՝ որուն վրայէն բարձրանալով կարելի է հասնիլ աշխարհային յաջողութիւններու, մեծութիւններու եւ փառքի գագաթնակէտին։

Ու երբ վերջապէս կը տիրանայ նպատակին, որուն կը տենջար իր կամքին ու կորովին բովանդակ թափովը, այն ատեն միայն կըմբռնէ իր սխալը, այն ատեն միայն կը զգայ թէ՝ դժբա՛ղդ է, դժբա՜ղդ՝ այդ մեծութիւններուն ու փառքերուն գիրկը եւ թէ՝ իր կեանքին մէջ կը մնայ ահռելի պարապ մը՝ որը ոչ մէկ բան կրնայ լեցնել…։

Ու Աստուածային Վարդապետը ապրեցաւ Ճշմարիտ երջանկութեան պայմանները ուսումնասիրելու համար։

Անիկայ չարչարուեցաւ ու մեռաւ Ճշմարիտ երջանկութեան գիտութիւնը մեզի աւանդելու, Իրական փառքի եւ մեծութեան գաղտնիքը մեզի ծանօթացնելու համար։

Այն է՝ Հաւատալ, Յուսալ ու Սիրել…։

***

Չի յուսահատինք ուրեմն եթէ իրապէս օգտուած ենք Աստուածային Վարդապետին աննման դասերէն։

Աննկուն եւ զօրաւոր կորով մը թող բարձր ու ամուր բռնէ մեր սրտերը ամէն անգամ որ նոր Յուդա մը կուգայ զմեզ մատնել համբուրելով, ամէ՛ն անգամ որ մեր գուրգուրանքն ու խնամքները վայելող Պետրոս մը կուրանայ մեր սէրը, ամէ՛ն անգամ որ Խաւարի զաւակներուն մութ դաւերը եւ վատ հալածանքները կուգան խանգարել փորձելու մեր անձնուէր ջանքերը եւ եռանդուն գործունէութիւնը։

Գողգոթան մեզի սարսափ թող չազդէ երբէք։

Սիրով կրենք փուշէ պսակը, արիութեամբ խմենք քացախէ ըմպելին, արժանաւորապէս տանինք մարտիրոսութեան փառքը, եւ Գաղափարը պիտի ապրի, Հաւատքը պիտի յաղթանակէ, եւ Յարութիւնը պիտի երեւի վերջապէս Յոյսի պայծառ եւ կապոյտ հորիզոնէն իր հրաշափառ լոյսովը կուրցնելով, իր ահեղ զօրութեամբը լեղապատառ փախցնելով Ճշմարտութեան քովէն ստոր հալածիչները եւ վատ մատնիչները։

Չի՛ յուսահատինք։

Ազնիւ ու ճշմարիտ գաղափարներու, աննկուն ու խորունկ հաւատքներու Յարութիւնը միշտ եւ ամէն ժամանակներու մէջ պիտի ճառագայթէ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան ծարաւի ժողովուրդներուն վրայ։

Անիկայ պիտի ապրի յաղթական սերունդներու հետ, եւ ժողովուրդներու ճակատագիրը առաջնորդող Բեթլեհեմի աստղը պիտի ըլլայ։

Չի՛ յուսահատինք։

Գեթսեմանի պարտէզին մէջ մեր անձկութեան արիւն քրտինքներէն ետքը։

Մեր երեսին նետուած թուքի եւ ապտակներու արիւնալի հետքերէն ետքը։

Խաչին վրայ մեր փառաւոր նահատակութենէն ետքը։

Մենք պիտի ապրինք յաւիտեան մեր ճշմարիտ եւ լուսաւոր դաւանանքներուն հաղորդակցութեամբը մեր սիրած սերունդներուն հետ, եւ մեր Աստուծոյն հետ՝ մենք անոնց մօտ պիտի ըլլանք մինչեւ ի կատարած աշխարհի…։