Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԿՈՒ ՍԷՐ


Ատեն մը կար, ուր մեր սրտին մէջ կ՚ապրէր Սէր մը միայն.

Հուր աչքերու, վարդ այտերու, վառ ժպիտի սէրն էր այն.

Բանաստեղծը թունդ գինովցած Գեղեցկութեան գինիով,

Գոհար տողեր ճերմակ, մանրիկ ոտքերու տակ կը փռէր։

Ատեն մը կար, ուր մեր մտքին մէջ կը շողար մէկ պատկեր,

Որուն առջեւ երկրպագու՝ ժպտէինք կամ կուլայինք,

Ու շատ շատեր Սիրոյ այդ վառ խորանին վէմ-քարին տակ

Գարուն կեանքը ողջակիզած կը սպասէին ձմեռուան…։

Գարուն կեանքը կ՚անցնէր շուտով, մոռացումը կը հասնէր,

Հին Սէրերը կը դեղնէին հմայքին քով նորերուն,

Նոր խորշոմներ կը փըթթէին մարմար ճակատ գեղեցկին,

Տարիները կը ձիւնէին գանգուրներու վրայ սեւ,

Պերճ հասակներ կը ծռէին տարիներու բեռին տակ,

Սիրտը սակայն կը մնար նոր, մանուկ, աշխոյժ, կենդանի՜…։

***

Անցան օրեր, ու նոր Սէր մը տիրապետեց յաղթական,

Ճակատագրին պէս անողոք, Սէր մը հզօր մահուան պէս,

Ա՛լ այդ օրէն Գեղեցկութիւնն հմայքին հետ սուգ մտաւ,

Ո՛չ ոք ա՛լ եւս տժգունեցաւ սիրուած ձայնի մ՚հնչիւնէն,

Ոչ ոք ա՛լ եւս սարսռեցաւ հուր աչքերու նայուածքէն,

Բանաստեղծն իսկ լքեց կարծես Գեղեցիկը մոռցուած,

Իր քնարը լարեց փութով այն նոր Սէրը երգելու,

Անոր շունչին տակ հալեցաւ ինչ որ ազնիւ չէր մեր մէջ,

Անոր բոցին տակ այրեցան ամէն կիրքեր անմաքուր…

Օ՜ շղթայուած Ազատութիւն, քու խորանիդ առջեւ սուրբ

Մանուկ կեանքեր քուլայ քուլայ մխացին ու մոխրացա՜ն…

Շղթաներդ փշրուեցան, ոտքի ելար յաղթական,

Դուն տիրեցիր… բայց քու Սէրդ մեր սրտերը սպաննե՜ց…։