Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

«ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ, ԴՈՒՔ ՉԷՔ ՀԱՏՆԻՐ»
Բ


Ամեն ազգերու մէջ ժողովուրդը միակ հաւատարիմ աւանդապահը եղած է ցեղային բարքերուն, կրօնքին ու լեզուին, ու վտանգը այն ժամանակ միայն իրական ու երկիւղալի հանգամանք մը կ՚առնէ երբ այլասերումը կ՚իյնայ ժողովուրդին մէջ։ Ահա՛ այդ պատճառաւ ամէն անոնք որ կոչուած են ցեղի մը ընդերքը կրծող վէրքին խորութիւնը չափելու, ամենէն առաջ ժողովուրդին մսին մէջ կը խօթեն նշդրակը քննելու համար թէ՝ ի՞նչ աստիճան վտանգաւոր է վէրքը, թէ սկսա՞ծ է արդեօք թարախոտիլ։

Վա՜յ այն ժողովուրդին եթէ իր այդ վէրքը փտախտի դարձած է արդէն, ա՛լ փրկութեան յոյս չկա՛յ անոր համար, անիկայ դատապարտուած է մեռնելու։

Օտարամոլութիւնը մեր ցեղային կենսունակութիւնը ծծող վամպիրը եղած է դարերէ ի վեր եւ պէտք է մաքառիլ ատոր դէմ, հաւաքական ճիգերով, գերմարդկային ջանքերով։

Մօտաւոր ժամանակներու մէջ եղան բրօբականտիստներ, որոնք փայլուն ու համոզիչ պերճախօսութեամբ տարփողեցին ցեղերու, ժողովուրդներու, լեզուներու ի մի ձուլուելու եւ մէկ ընդհանուր հսկայ զանգուածի մը մէջ խմորելու, նոյնանալու գաղափարը։

Ազգերու հետ եղբայրօրէն ապրիլ, համերաշխօրէն գործել, կարելի է, եթէ փոխադարձ անկեղծութեամբ ապահովուած ու նուիրագործուած ըլլայ այդ եղբայրակցութիւնը, բայց ձուլուիլ այս կամ այն ազգին հետ, որպէս թէ իրականացնելու համար գաղափար մը՝ որ ինչքան գեղեցիկ իր վերացականութեանը մէջ՝ նոյնքան ալ անիրականալի ու անգործնական է գէթ այս ժամանակներուն համար։

Թո՛ղ զօրաւոր ցեղերը փորձեն այդ, եւ առնեն առաջին քայլը, մեզի, ափ մը խեղճուկ հայերո՞ւս մնաց համամարդկային գաղափարի իրագործումը ապահովելը, վրայ տալով մեր ինքնայատուկ բարքերը, սովորութիւնները ու լեզուն…։

Թողո՞ւնք որ Տարվինի սկզբունքը իր յաղթանակը տանի մեր վրայ ալ, մեծը կլլէ պզտիկը, զօրաւորը ընկճէ տկարը։

Պզտիկ ու տկար ազգ մըն ենք մենք, իրա՛ւ, բայց կրնանք մաքառիլ եթէ ուզենք մեր գոյութեան սպառնացող պայմաններուն դէմ ինչքա՛ն ալ հզօր ըլլան անոնք բաւական է որ քչիկ մը արժանապատուութիւն ու բարոյական ուժ ունենանք։

Պահպանենք ամենաերկիւղած յարգանքով եւ ծայրայեղօրէն նախանձախնդիր ոգիով մեր ցեղային ամէն բարքերը, սովորութիւնները, աւանդութիւնները։

Պահպանենք մինչեւ անգամ մեր նախնեաց սիրած կերակուրները, աւանդական թանապուրն ու հարիսան, եթէ չկրցանք պահպանել մեր գաղթավայրերուն մէջ մեր ազգային նախշուն ու գեղեցիկ զգեստները, որոնք այնքա՜ն պիտի վայլէին ճկուն իրաններու, եւ փոխանակ այն անհեթեթութիւններուն՝ զոր կը կրենք մեր գլուխներուն վրայ, այն սիրուն ոսկեզարդ, վէտիվէտ գլխանոցները որոնք այնքան լաւ պիտի արժեցնէին կնոջական հարուստ ու գեղեցիկ մազերը։

Եթէ կ՚ուզենք որ մեր ցեղը ապրի, անոր կեանքը մշտնջենաւորելու համար ծայրայեղ միջոցներու առաջն իսկ պէտք չէ՛ ընկրկիլ։

Առողջ համոզումներու, առողջ գաղափարներու յառաջխաղացութեան մէջ՝ ծայրայեղութիւնները վսեմութիւններ կը ծնին, իսկ չափաւորութիւնները միջակութիւններ։

Մենք նոր սերունդէն կը սպասենք ամէն բան։

Արիւնաքամ հայութեան նուաղուն նայուածքը անհուն գուրգուրանքով յուսալից կը դառնայ հայ վարժարաններուն վրայ։

Անոնք մեր ցեղին մթին ապագան լուսաւորող լուսատու ջահերն են։

Անոնց վրայ պէտք է կեդրոնանան մեր ամենէն թանգ զոհաբերութիւնները, մեր ամենէն գուրգուրոտ խնամքները ամենէն լուրջ հոգածութիւնը եւ ամենէն խստապահանջ ուշադրութիւնը։

Պէտք է ծայրայեղօրէն պահպանողական սկզբունքներով վարել վարժարանները։

Անոնք պէտք է ըլլան տարամերժօրէն հայ վարժարաններ, ճշմարտօրէն հայ սերունդ տուող հայ վարժարաններ։

Պէտք է ամէն գնով փրկել զանոնք միջազգային բնաւորութենէ, միջազգային շունչէ։

Խանդավառ հոգիով մը պէտք է ներշնչել ուսանողութեան տարամերժ պաշտումը իր ցեղին, երկիւղած յարգանք ու պատկառանք դէպի իր կրօնքն իր եկեղեցին, իր ազգային աւանդութիւններն, եւ մոլեռանդ Սէր դէպի իր լեզուն եւ իր պատմութիւնը։

Յաճախ խօսիլ անոր իր հայրերուն արիւնոտ անցեալին վրայ, որպէս զի մոռացութեան չտան երբէք հայ տառապանքը, եւ վերյուշելով այդ անցեալը, ներկային մէջ ապրին ճշմարիտ հայ զգացումներով, վախնալով անպատուելէ այդ արիւնը, վախնալով անարժան զաւակները ըլլալէ այն մարտիրոսներուն՝ որոնց սրբազան արիւնէն ծագեցաւ այսօրուայ ազատութիւնը։

Օտար լեզուն սովրին միայն ու միայն իբրեւ միջոց զարգացման, իբրեւ նիւթական գործառնութիւններու լոկ աղբիւր։

Ո՛ եւ է փառք ու արժանիք չի փնտռեն երբէք ատոր մէջ, որովհետեւ հոտ՝ ունայնամտութենէ տարբեր բան մը չի սղմիր, մեծագոյն ամօթը համարեն օտար լեզուով խօսիլ հայ միջավայրերու մէջ, եւ գովելի նախանձախնդրութեամբ պանծացնեն իրենց մայրենի շքեղ ու գեղեցիկ բարբառը, որուն մօտէն ծանօթ օտար գիտնականներն անգամ հիացած են անոր ճոխութեան ու վսեմութեանը վրայ։

Որքա՜ն քիչ արժանի են հայ անուան ամէն անոնք որոնք խորթացած իրենց մայրենի քաղցր լեզուէն, թութակի պէս կ՚արձագանգեն լեզու մը՝ որը ոչ մեր սրտին կը խօսի եւ ոչ մեր ներքին զգացումներուն։

Հայ ապրինք ուրեմն մտքով ու սրտով։

Հայ ապրինք մեր բարքերով ու վարմունքով։

Հայ ապրինք մեր լեզուով ու գործքերով, եւ այն ատեն «չի վախնանք, մենք չենք հատնիր»։