Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ


ՈՍԿԱՆ-ՆԱԶԱՐԻ Յիշատակին

Ըսե՞նք մենք ալ, բարեկա՛մ, քեզ համար բանաստեղծին հետ. «Վարդ էր, ապրեցաւ վարդերու նման՝ առտու մը միայն…»։

Չէ՛. ատիկա մեզի չկրնար մխիթարել, եւ արցունքները կը կաթկթին դագաղիդ վրայ աղի՜ աղի՜, տա՜ք տա՜ք։

Քեզ սիրող ընկերներդ պինդ կը գրկեն քեզ, կրակէ համբոյրներ կը հրդեհեն ճակատդ, այտերդ, աչքերդ, շրթունքներդ. ոչինչ… դուն դագաղիդ մէջ կը պառկի՜ս անզգայ…։

***

Դագաղդ ճերմակ էր, ճերմակ ծաղիկներ թափեր էին դագաղիդ վրայ. մտածումներուդ պէս գեղեցիկ, զգացումներուդ պէս անբիծ, հոգիիդ պէս անուշաբոյր…։

Տխո՜ւր հեգնութիւն քաղաքակրթութեան…։

Ծաղիկը՝ երջանիկ ու նորածիլ կեանքի այդ զուարթ խորհրդանշանը, մահուան՝ այսինքն փճացած, վերջացած կեանքի մօտ…։ Ծաղիկներ՝ որ նորապսակ հարսին ճակատը կը պճնեն, խնճոյքի, ուրախութեան օրերու սեղանները կը զարդարեն. դարձեալ ծաղիկներ՝ որ մահը կը գրկեն…։

Դէս դէն, ցանցառ մոմերու տժգոյն ցոլքերը կը մարին դագաղիդ ճերմակին վրայ. խռպոտ ձայներ մահուան ցուրտ երգը կ՚երգեն եւ թախիծն ու կսկիծը հոգիս կը խանձե՜ն… եւ ոսկորներուս մինչեւ ծուծը կը դողա՛մ…։

Կը նայիմ դագաղիդ ու կ՚ըսեմ. «Ի՞նչ եղար, Ոսկա՛ն, անհուն հոգի մը ունէիր, հրաբուխ սիրտ մը կ՚այրուէր կուրծքիդ տակ. ի՞նչ եղաւ ան… ուրեմն ոչի՞նչ ոչի՞նչ… ոչի՞նչ…»։

***

Դագաղիդ խուփը բացին. տեսա՜յ քեզի… «Որքա՜ն գեղեցկացուցեր էր քեզի մահը». տեսա՜յ անհունութեան պէս խորունկ նայուածքդ. կրած գերմարդկային տառապանքներդ այնքա՜ն կենդանի, այնքա՜ն վշտագին արտայայտող վերջին սե՜ւ նայուածքդ, որ մտաւ հոգւոյս մէջ ու կը մնայ…։ Նա կը հետեւի մտածումներո՛ւս, խորհուրդներո՛ւս, վշտերո՛ւս, ուրախութիւններո՛ւս. նա կը հետեւի ինծի ամէ՛ն տեղ ուր որ երթամ. ամե՛ն տեղ, ուր որ կենամ…։

Տեսա՞ծ էք խաչին վրայ Մեծ Մարդասէրին դէպի երկինք վերցուցած չարչարուողի ցաւագին բայց վսեմ նայուածքը՝ ուր արցունքը կը լճանայ… տեսաք ուրեմն Ոսկանը՝ իւր դագաղին մէջ…։

***

Բարեկա՛մ, աչքերդ բաց քաջաբար մահուան գալուստը դիտեցիր. ուզելով ցոյց տալ կարծես թէ չես վախնար իրմէն…։

Ա՜հ… մենք այդ գիտէինք, բայց մահը չէր գիտեր…որքա՜ն սքանչացաւ արդեօք վրադ…։

Ինչպէս քաջ կեցար մի՛շտ կեանքի ամենադառն եւ ամենատխուր պարագաներուն մէջ, այնպէս ալ քաջ մնացիր մահուան դէմ։

Հետաքրքրիր՝ խուզարկու աչքերդ խոշոր բացած ուզեցիր տեսնել թէ ի՞նչ կայ մահէն անդին, երբ նա քեզ մօտ իր ահաւոր գաղտնիքներէն կը մերկանար…։

Ամէն բանէ առաջ, մենք գիտենք, քու պաշտած հայութեան անորոշ բաղդը, մութ ապագան ուզեցիր որոշ տեսնել, երբ մահը կը պատռէր վերջապէս անծանօթին քօղը քու բա՜ց աչքերուդ առջեւ…։

Ի՞նչ տեսար արդեօք, բարեկա՛մ շուտով պիտի ծագի՞ ազատութեան արշալոյսը մեզի համար…։

Չարչարուողի այն վսեմ ու աղւոր նայուածքիդ մինչեւ խորերը ընկղմեցի իմ աչքերս ալ. բայց ափսո՜ս… չկրցի թափանցել գաղտնիքին…։

***

Սուրբ նպատակի՜ զոհ… ազնի՜ւ հոգի որ ազնիւ ապրեցար, մաքո՜ւր սիրտ որ մաքուր մնացիր. քու անձդ ի սպառ մոռցած, քայլ առ քայլ հետեւեցար թշուառ հայ ժողովրդի բաղդին, անոր խնդութիւններովը խնդացիր, անոր տառապանքներովը տառապեցար, անոր արցունքներովը լացիր…։

Մէկ ձեռքդ սուր՝ սաստեցի՛ր, դողացուցի՛ր, պատժեցի՛ր. միւս ձեռքդ գրիչ՝ ձաղկեցիր, հարուածեցիր ու վարձատրեցի՛ր…։

Ատեցիր մահու չափ, բայց սիրեցիր նաեւ հոգւով չափ…։

Զրկանքները չտկարացուցին ամո՜ւր հոգիդ. տանջանքները չթուլացուցին երկաթէ կամքդ. դուն չինկար բնա՛ւ. մարդիկ չկրցին քեզ ձգել, միայն մահը տապալեց քեզ. հսկա՜յ կաղնի…։

Եւ մենք, քեզ հասկցող ու քու վրադ հիացող բարեկամներդ, դագաղիդ մօտ տեսանք անհուն զոհաբերութեան ու գերմարդկային չարչարանքի լուսապսակը՝ որ ճակտիդ շուրջը կը շողար եւ մեր աչքերը շլացա՜ն…։

 

***

Նպատակիդ չհասած մեռար. աչքերդ բաց անթարթ նայելով հեռուն՝ ուր պաշտեցեալ հայրենիք մը կը մխայ… հեռուն՝ ուր տանջուած մայրդ արիւն կուլայ, կ՚այրի կը մրկի քու կարօտով…։

Բայց ի՞նչ փոյթ… դու չէի՛ր այն հոգիներէն՝ որ տանջանքէ ետքը ուզեն փնտռել իրենց ինկած վայելքի բաժինը։

Դուն քեզի համար ընտրեր էիր միա՛յն տանջանքը. անուշը՝ ուրիշներուն՝ իսկ լեղին՝ քեզի, եւ այդ տանջանքներու գինով, ամբողջ ժողովրդի մը, ապագայի մէջ ըլլա՛յ հեռաւոր ճաշակելիք անհուն վայելքը երեւակայելով միայն երջանիկ էին արդէն, եւ այդ կը բաւէր քու մեծ հոգւոյդ…։

Երիտասարդ՝ դեռ գարնան վարդը ճակտիդ՝ թառամեցար շուտով. սակայն դուն շա՜տ ապրեցար, բարեկա՛մ…։

Ան որ իրեն համար միայն կ՚ապրի, միշտ քիչ կ՚ապրի, նոյն իսկ որ դարերով կեանք ունենայ. իսկ դուն այդ քանի մը տարուայ կեանքիդ մէջ միթէ վայրկեան մը քեզի համար ապրեցա՞ր…։

***

Ճերմակ դագաղիդ մօտ, այս մտածումները ունեցայ. ուզեցի ես ալ ճերմակ ծաղիկներ թափթփել վրադ. բայց «Ծաղիկը պաղ եւ անզգայ է»։

Ես քու վրադ կը թափեմ հոգւոյս ու սրտիս խորերէն բրդած այս հառաչանքներն ու արցունքները. օ՜հ թէ զգայի՜ր ատոնց տաքութիւնը գերեզմանիդ խորէն։