Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ


Աշխարհի սկիզբէն կար յեղափոխութիւնը։

Տիեզերքը իր սկզբնական անորոշ վիճակէն՝ լաւագոյն ու կատարեալ վիճակի մը վերածուելու համար հազարաւոր տարիներու աշխատութեամբը քրտնեցաւ։

Կենդանականութիւնն ու բուսականութիւնը սկիզբէն ճղճիմ ու տկար, անհամար տարիներու ընթացքին մէջ փոխեցին իրենց ձեւերն ու կազմութիւնները եւ հետզհետէ զօրացան ու գեղեցկացան։

Արդ, երբ բնութեան մէջ կը տեսնենք դէպի լաւագոյնը, դէպի կատարեալը ձգտելու ոգին, ինչո՞ւ մարդ արարածը, բնութեան ստեղծագործութեանց մէջ է՛ն կարողն ու մտացին, որ ֆիզիքական ու նիւթական կեանքէն զատ բարոյական կեանք մըն ալ կ՚ապրի, իր մէջ չի կրէ այդ նոյն ոգին, եւ լաւագոյն վիճակ մը ստեղծելու համար չէ գործածէ իր ուժերն ու կարողութիւնները. չէ՞ որ սերտ կապ մը կայ ֆիզիքական ու բարոյական կեանքին մէջ, ու եթէ ֆիզիքականը դէպի կատարեալը կը ձգտի՝ մտածող, խօսող ու զգացող էակին, այսինքն մարդուն մէջ ինչո՞ւ բարոյականն ալ չձգտի դէպի կատարեալը…։

Եւ եթէ ան ուզէր իսկ մնալ իր նախնական կեանքին մէջ, պիտի կարենա՞ր քանի որ բնութեան անդիմադրելի օրէնքներուն որոնց ենթակայ է ամենուն պէս ինքն ալ անոր մղիչ ոգւոյն հետ մտքի լոյսը կը ծագէր, գիտակցութեան ուժը կ՚արթննար իր ուղեղին մէջ, եւ զայն կը մղէր յառաջ, մի՛շտ յառաջ, անդիմադրելի ուժգնութեամբ։

Բնութեան մէջ կատարուող փոփոխութիւնները կը կոչենք յեղաշրջում, իսկ մարդ արարածին նիւթական ու բարոյական կեանքին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները՝ յեղափոխութիւն ։

Անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր մարդ արարածը դադրած էր սոսկ անասնական էակ մը ըլլալէ։

Եթէ աւանդութեան նայինք, պիտի տեսնենք որ նոյնիսկ առաջին մարդուն մէջ կար յեղափոխական ոգին։

Մեր նախահայրն ու նախամայրը Աստուծոյ բացարձակ պատուիրանին դէմ ապստամբելով կերան արգիլեալ պտուղը իրենց համար աւելի՝ բարձր կեանք մը ստեղծելու, այսինքն աստուածանալու համար։

Հայկ, Հայոց նահապետը, յեղափոխեցաւ ու յեղափոխեցուց իրենները՝ Բաբելոնեան հսկայ բռնաւորին դէմ, ազատ եւ անկախ կեանք մը ապրելու համար. ու եթէ թղթատենք հին եւ նոր ժամանակներու պատմութիւնները, ամէն մէկ էջին պիտի հանդիպինք յեղափոխական պայքարներու, զորս մարդիկ մղեր են լաւագոյն կեանք մը ձեռք բերելու համար։

Նախնական դարերէն սկսելով մինչեւ մեր օրերը յեղափոխութիւնը շատ մը վիճակներէ ու երեւոյթներէ անցաւ, նայելով ազգերու լուսաւորութեան ու զարգացման աստիճանին, իսկ ուր որ տգիտութիւնն ու խաւարը դեռ եւս կը տիրապետեն, մնաց ու կը մնայ բիրտ ուժը, որ է ժողովուրդներու յեղափոխութեան սկզբնական պատճառը. եւ այդ բիրտ ուժին դէմ դեռ եւս կը կռուին այն ամէն ժողովուրդները՝ որոնք դժբաղդութիւնը ունեցեր են իյնալու տգէտ, մոլեռանդ ու բռնաւոր կառավարութիւններու լուծին տակ. այս կառավարութիւններն իրենց փտած ու որդնոտած գոյութիւնը այդ հարստահարեալ ժողովուրդներու արիւնը խմելով կը ճգնին զօրացնել…։

Յեղափոխական կռիւը մղեցինք եւ մենք, Հայերս։

Չարչարուեցանք յուսահատօրէն անյաջող ու պարտուած, մինչ մեզի բաղդակից՝ բայց մեզնէ աւելի բաղդաւոր ազգեր տարին որոշ չափով յաղթանակներ։ Բաւական է յիշել Յոյներն ու Պուլկարները, Կրետէն ու Մակեդոնիան։

Քաղաքակրթուած ազգերու մէջ, ուր կեանքի, պատուոյ եւ ինչքի ապահովութիւնը, այսինքն նիւթական կեանքի ամէն անհրաժեշտ պայմաններուն վայելքը երկար ժամանակներէ ի վեր նուիրագործուած իրաւունք մը դարձեր էր, բարձրացան սակայն ուրիշ ոչ նուազ օրինաւոր եւ ստիպողական կռիւներ Հաւասարութեան, եղբայրութեան, սիրոյ, ազատ խօսքի եւ ազատ մամուլի որդեգրման կռիւները. վասն զի լուսամիտ համարուող կառավարութիւններու տուած պատուոյ, կեանքի եւ ինչքի ապահովութիւնը՝ լաւ տեսնողի մը համար իրօք սոսկ անուանական ու երեւութական հանգամանք մը ունէր. ատի փոշի փչել էր ազգերու աչքին՝ անոնց նշմարել չի տալու համար ոչ նուազ սոսկալի եւ թաքուն բռնակալութիւն մը, ուր պատուոյ, ինչքի եւ կեանքի բռնաբարութիւն մը նո՛յնքան եւ գուցէ աւելի սանձարձակ կը տիրապետէր՝ երկրին տիրող օրէնքներուն տակ հովանաւորուած ըլլալով։ Այս անգամ սուրը, հուրը՝ կամ բիրտ ուժը չէ՛ր նախճիրներ գործողը՝ ժողովուրդներու կեանքին մէջ, այլ գաբիթալիսթներու լկտի ու գազանական՝ շահագործումը գործաւորներու ֆիզիքական ուժերուն։

Արդարեւ, կա՞յ աւելի հակամարդկային վայրագ գործ քան աշխատցնել բիւրաւոր մարդիկ չարաչար, միլիոններ վաստկիլ անոնց քրտինքով եւ զանոնք այնքան քիչ վարձատրել, որ չի կարենան մարդավայել կեանք մը ապրիլ, եւ անօդ, անլոյս տեղեր շնթռկելով եւ չոր հաց ու պանիր հազիւ ուտելով կորսնցնեն իրենց մարմնական ուժն ու կորովը, մտքի ու հոգւոյ կենսունակութիւնը եւ դառնան կենդանի դիակներ… կամ թշուառութեան հետեւանօք թոքախտի ու նմանօրինակ հիւանդութիւններէ վարակուելով մեռնին երիտասարդ, անօգնական թողլով մանկամարդ այրիներ ու մանրիկ որբեր…։

Դժուարին չէ՛ երեւակայել թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ անոնց ալ ապագան… հանրակիներն ու դիւրամատոյց աղջիկները շատ անգամ գաբիթալիսթներու անխղճութեան զոհերը չե՞ն միթէ։

Իսկ անոնք որ հակառակ այնքան զրկանքներու եւ չարչարանքներու մինչեւ ծերութիւն կը հասնին, աշխատելու անկարող ըլլալուն պէս՝ կիյնան ճամբաներուն վրայ յոգնութենէ ճաթած գրաստներու նման, եւ կը տանին զիրենք կը նետեն հիւանդանոցի մը անկիւնը՝ ուր կը մեռնին ինչպէս որ ապրեր էին…։

Ուրեմն պարզ է որ սուրը չէ՛ միայն կեանքը գրաւողը, այլ սուրէն աւելի սոսկալի ու անվրէպ մահացնող զէնք մը կայ, այն է՝ անբաւական սնունդը եւ օդի ու լոյսի զրկանքը։

Բիրտ ուժը չէ՛ ստացուածքը քաշող տանողը, բայց անկէ ոչ նուազ լիրբ ու մերկապարանոց գողութիւն մը կայ օրէնքի պաշտպանութեան տակ, այն է՝ առանց օրինաւոր ու բաւականաչափ վարձատրութեան անխղճօրէն շահագործել աշխատաւորին ֆիզիքական ուժը, անոր միակ ինչքը։

Բռնի միջոցները չեն միայն կանանց եւ օրիորդներու պատիւը լղրճողները, բայց ասոնցմէ աւելի դառն անհրաժեշտութիւն մը փոսը կը գլտորէ զիրենք՝ այն է անօթութիւնը ։

Ի զուր Տիկին Հէնրի Պիչըր Սթօու իր գերազանց հանճարին եւ անյողդողդ կամքին ուժովը տապալեց գերեվաճառութեան հակաբնական օրէնքը. հիմա մարդիկ իրենք զիրենք, իրենց երիտասարդութիւնը կը ստիպուին կոր վաճառել պատառ մը հացի համար…։

Ինչքա՜ն սխալ հիմերու վրայ դրուած են ընկերական կազմակերպութիւնները։