ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ
ՀԱՅԿ
ՄԱՐՏԻԿԵԱՆԻ
ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
«Ունայնութիւն
ունայնութեանց,
ամենայն
ինչ
ընդունայն
է»։
Այս
յոռետես
ճշմարտութիւնը
կընդունիմ
կեանքի
վայելքներով
յղփացող
մեծատունին,
սին
պերճութիւններու
եւ
յիմար
մեծութիւններու
ետեւէ
հեւ
ի
հեւ
վազող
ունայնամիտին,
աշխարհային
փառքի
եւ
իշխանութեան
գագաթնակէտին
հասած
թագազարդ
գլուխներուն
համար,
որովհետեւ
անոնք
երկնքի
մէջ
տեղ
չունին,
կըսէ
Քրիստոս։
Իսկ
քեզի
համար,
Հա՛յկ,
դուն
որ
քու
քսանեւ
չորս
գարուններդ
տուիր
բոլորանուէր
տգիտութեան
եւ
խաւարի
դէմ
Լոյսին
մղած
դիւցազնական
պայքարին,
դո՛ւն
որ
քու
մաքուր
եւ
պայծառ
կեանքիդ
իբրեւ
գերազանց
նշանաբան
ընտրեցիր
քալել
միշտ
դէպի
Լոյսը,
դէպի
աւելի՛
Լոյսը,
դո՛ւն
որ
տարամերժօրէն
մտքի
ու
սրտի
բարձրացման
ու
զարգացման
հաւատացիր
իբրեւ
կեանքի
միակ
իսկական
նպատակը,
ո՛չ…
քեզի
համար
այս
ճշմարտութիւնը
չեմ
ընդունիր…
սիրտս
կըմբոստանայ
ատոր
դէմ.
այլապէս
պէտք
է
ուրանամ
իմ
Աստուածս,
պէտք
է
ուրանամ
Հոգւոյ
անմահութեան
հաւատքը,
անդր-գերեզմանային
կեանքի
մը
գոյութիւնը,
այլապէս
պէտք
է
որ
Քրիստոնեայ
չըլլամ
ալ
եւս…։
Քեզի
համար
չեմ
կրնար
ընդունիլ
թէ՝
մեռար.
այլ
կ՚սեմ,
դուն
կը
քնանաս
եւ
օր
մը
պիտի
արթննաս,
նորէն
մտածելու.
նորէ՛ն
գործելու
եւ
նորէ՛ն
ժպտելու
համար
մեզի,
ո՜վ,
սիրելի՜
սիրելի՜
բարեկա՛մ…։
Չէի
կրնար
երեւակայել
թէ՝
քանի
մը
օր
առաջ
«Խաղաղութեան
խօսքերս»
գրած
ատեն,
նոյն
այդ
խօսքերը
կրկնելու
պէտքը
պիտի
զգայի
այսօր
նաեւ
ա՛նոնց,
որ
քեզ
սիրեցին.
քու
սիրեցեալ
դժբաղդ
եղբօրդ,
քու
դպրոցական
սիրասուն
ընկերներուդ
եւ
ուսուցիչներուդ,
քու
պաշտօնակից
մտերիմներուդ
եւ
Անոր
ալ
որը
երէկ
իրիկուն
քու
մարմնոյդ
եւ
հոգւոյդ
հանգստեանը
համար
Հսկումի
սրտաբուղխ
աղօթքներուն
նախագահեց
եւ
հոգեւարք
ճակատդ
վերջին
անգամ
օրհնեց
ու
գըգուեց,
եւ
որուն
սիրտը,
գիտեմ,
ինչքա՜ն
կարիւնի
հիմա
մերիններուն
հետ
այսքա՛ն
արժանաւոր
եւ
այսքա՛ն
խոստմնալից
կեանքիդ
վաղահաս,
պիտի
ըսեմ,
եղերական
վախճանին
համար…։
Ափսո՜ս…
այդ
«Խաղաղութեան
խօսքեր»ը
ինքզինքիս
ալ
պէտք
է
կրկնեմ
հիմա,
ե՛ս
որ
քեզ
ճանչնալու
ուրախութի՛ւնը
ունեցայ
շուտով
զղջալու
համար
սակայն
թէ
ինչո՞ւ
ճանչցայ,
եւ
թէ
լաւագոյն
չէ՞ր
չի
տեսնել,
չի
ճանչնալ
բնաւ
կատարեալը,
պարկեշտը,
ազնուագոյնը,
քանի
որ
այսքա՛ն
շուտով
դիակ
մը
պիտի
մնար
անորմէ
մեր
աչքերուն
առջեւ
եւ
ցաւագին
յիշատակ
մը
մեր
սրտերուն
մէջ։
Այս
է
երեւի
ճակատագիրը
վճիտ
ու
պայծառ
կեանքին։
Աստուածային
Սէրը
չուզեր
որ
հոս,
այս
ողորմելի
աշխարհին
մէջ,
ապերախտութիւնը,
կեղծիքը,
ձանձրոյթը
քաշկռտէ
երկար
ատեններ
ընտրեալ
հոգին
եւ
կը
կանչէ
զանի
իր
գիրկը,
զայն
հանգստացնելու
համար
երանաւէտ
եւ
անվրդով
խաղաղութեան
մէջ։
Եւ
հիմայ
որ
բաժնուած
մահկանացու
մարմինէդ
հոգիդ
կը
թռչի
դէպի
երկնային
կայանները,
եկո՛ւր
Հա՛յկ,
եկո՛ւր
մեր
մօտը,
ներշնչէ՛
մեզի,
մխիթարէ՛
մեզի,
ըսէ՛
մեզի
թէ
ալ
հանգիստ
ես
ու
երջանիկ.
թէ
գտար
իրական
ճշմարտութիւնը
զոր
կը
փնտռէիր,
լուսաւոր
գիտութիւնը՝
որուն
կը
պապակէիր,
եւ
անխարդախ
Սէրը՝
որուն
կը
տենջայիր։
Ըսէ՛
մեզի
թէ՝
այս
բաժանումը
ժամանակաւոր
է.
եւ
թէ
ինչպէս
որ
պիտի
բաժնուէինք
օր
մը
անխռով
օտար
քաղաք
մը
մեկնելու
համար
իւրաքանչիւրս
մօտաւոր
ատենի
մը
մէջ
զիրար
տեսնելու
յոյսով,
այնպէս
եւ
ա՛յս
ալ
ճամբորդութիւն
մըն
է
դէպի
աւելի՛
երջանիկ,
աւելի՛
խաղաղ,
եւ
աւելի՛
գեղեցիկ
աշխարհ
մը,
ուր
մեզ
կանխեցիր
եւ
ուր
մենք
ալ
պիտի
գանք
օր
մը
քեզ
գտնելու
անպատճառ։
Այս
խորունկ
հաւատքով
զօրացած
ե՛ս
կ՚ըսեմ
քեզի
արցունքներուս
մէջէն.
Երթաս
բարո՜վ,
Հա՛յկ,
Ցտեսութիւն։