Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԻՆ ՏԱՐԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
(ՏՐԱՄԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ)


(Հին Տարին ծերուկ, կորաքամակ, տքալով կը յառաջանայ).

 

Պատասխանատուութեան ժամը հնչեց. երեք հարիւր վաթսուն եւ հինգ օրերու տակ կքած, կորաքամակ, գերեզմանիս դրանն առջեւ դողդոջուն, ահա՛ կուգամ իմ գործունէութեանս համարը տալու աշխարհի. ներողամիտ եղի՛ք, ո՜վ ժողովուրդներ…։

Եղաւ ժամանակ մը, ուր դեռատի եւ գեղեցիկ էի, կեանքով ու եռանդով զեղուն. իտէալներ ունէի, ժողովուրդներու երջանկութեան համար ծրագիրներ մտքիս մէջ կը մշակէի, ես ինծի կը խոստանայի իմ կեանքիս շրջանին մէջ կատարել գործը ժողովուրդներու յառաջդիմութեան…։ Կրցի՞ ծրագիրներս իրագործել, կրցի՞ իտէալներուս թռիչը հասցնել մինչեւ ցանկալի նպատակը… ո՜վ Աստուած իմ, որքա՜ն շուտ կ՚անցնի ժամանակը, եւ ինչքան դանդաղ յառաջ կ՚երթայ գործունէութիւնը. փափաքներ ունիս, ծրագիրներ ունիս, հազիւ կը սկսիս զանոնք գործադրութեան վիճակի մէջ դնելու, ահա՛ մահը կուգայ անողոք, կը պրկէ թեւերդ ու կ՚ըսէ. «ա՛լ բաւական է, եկո՜ւր գիրկս», «օ՜հ սպասէ՛ կը պաղատի՛մ, դեռ գործս չի վերջացուցի, դեռ պարտականութիւնս չի կատարեցի, » «Քալէ՜, քալէ՜…» «Օ՜հ թո՛ղ օր մը, օր մը միայն, սա՛ թշուառին արցունքն ալ սրբեմ, սա վիշտն ալ սփոփեմ, » «Քալէ՜, քալէ՜…»։

Եւ ահա՛ կը քաշէ զքեզ սիրած ասպարէզէդ դուրս, կը բաժնէ պաշտած գործէդ…։ (Կը մտածէ)։

Երկրէ երկիր պտտեցայ։ Այս ծերացած աչքերս շատ բաներ տեսան. մեծ վիշտեր ինչպէս նաեւ մե՛ծ ուրախութիւններ, մե՛ծ առաքինութիւններ ինչպէս նաեւ գետնաքարշ մոլութիւններ, մէկ կողմէն արցունք միւս կողմէն ժպիտ, մէկ կողմէն տառապանք միւս կողմէն վայելք. օ՜ շատ բաներ տեսան իմ այս ծերացած աչքերս… տեսան թէ՝ ինչպէս՛ մոլութիւնը յաղթանակեց առաքինութեան, թէ ինչպէս արցունքը խեղդեց ժպիտը, եւ սակայն առաքինին չի յուսահատեցաւ եւ լացողը դարձեալ ժպտեցաւ…։ Ո՜վ ահաւոր գաղտնիք կեանքին, ո՞վ պիտի մերկացնէ զքեզ երբէք մեր աչքերուն առջեւ… ո՞վ երբէք պիտի կարենայ լուծել զքեզ խորհրդաւո՜ր հանելուկ…։(Մտածկոտ)։

Երկինք ինծի շնորհեր էր ամենակարողութիւն, թէպէտ քիչ ատենուան համար, աւա՜ղ… ոմանց օգտակար եղայ կարծեմ, եւ անոնք կոչուեցան բաղդին շփացած զաւակները, եղաւ որ շատերէն անտարբերութեամբ երես դարձուցի եւ անոնք անբաղդ կոչուեցան… պէ՛տք է խոստովանիմ հոս, գերեզմանիս առջեւ իմ մեղքերս, որոնք մարդկային եղան, եւ գուցէ անկեղծութեանս մէջ ներողամտութիւն գտնեմ։ (Երկու ձեռքերը միացնելով)։ Ինծի մօտեցողներուն մէջ ընտրութիւն ըրի. անոնց՝ որոց համակրեցայ, անոնց որոնք խունկ ծխեցին իմ երիտասարդութեանս եւ գեղեցկութեանս առջեւ, անոնց՝ որ փառաբանեցին, գովեցին զիս, անոնց շռայլօրէն բարիքներս շնորհեցի. իսկ անոնք որ վէսօրէն մօտեցան եւ իբրեւ իրենց օրինաւոր բաժինը պահանջեցին ինձմէ աշխարհի տուած բարիքներէս, անոնք որ վերջապէս զիս շողոքորթել չգիտցան, օ՜ անոնց դէմ կարծեմ անգութ եղայ…։ (Երկու ձեռքերովը երեսը կը ծածկէ, քիչ մը ետքը գլուխը բարձրացնելով, աւելի եռանդով) բայց եւ այնպէս քաղաքակրթութեան զարկ տուի. գիւտերը կատարելագործելու ետեւէ եղայ, չէ՞ք տեսներ օդանաւերը. իմ օրովս մարդիկ թռչուններու պէս ահա կը սկսին թռչիլ երկնից երեսը… գրականութիւնը ծաղկեցուցի, վարժարանները շէնցուցի, գեղեցիկը սիրեցի, ջանացի ժողովուրդներու նիւթական վիճակը բարւոքելու։ Մարդիկ՛ որոնք աղքատ ու թշուառ էին, իմ շնորհիւս հարուստ ու երջանիկ եղան, հիւանդներ՝ որոնք անբուժելի էին, այսօր իմ շնորհիւս բուժուեցան. եւ սակայն… խիղճս կը տառապի. արդեօք առաքելութիւնը՝ զոր Աստուած ինծի վստահեր էր, արժանաւորապէս կատարեցի՞…։

(Նոր Տարին գեղեցիկ ու մատաղ ճերմակներ հագուած ձիթենիի ճիւղ մը ձեռքը եւ դափնիէ պսակ ճակտին կը մօտենայ, եւ ձեռքը երկնցնելով).

Կեցի՛ր… առաքելութիւնը, որուն համար Աստուած տուած է մեզ ամենակարողութիւն, աւելի՛ սուրբ, աւելի՛ վսեմ նպատակ մը ունի։ Անիկայ տուած է մեզի Սիրոյ եւ խաղաղութեան առաքելութիւնը. ի՜նչ փոյթ թէ մարդիկ առաւել կամ նուազ մտաւորական յառաջդիմութիւն ունեցան. ի՜նչ փոյթ թէ օդին մէջ կը թռչին, կամ ցամաքի վրայ կը սուրան. ի՜նչ փոյթ թէ հարուստ են եւ երջանիկ իրենց հասկցած կերպով. ի՜նչ փոյթ ասոնք եթէ զիրար չեն սիրեր, եթէ չի թագաւորեր խաղաղութիւնը ազգերու եւ ժողովուրդներու վրայ. ի՜նչ փոյթ մասնաւորներու երջանկութիւնը բաղդատմամբ ընդհանուրի թշուառութեան… ըսէ՛ ինծի, վերցուցի՞ր պատերազմները, վերցուցի՞ր կռիւը, քինախնդիր վէճերը, երկպառակութիւնը, զոր եղբայրը եղբօրմէն, ընկերը ընկերոջմէն, մարդը մարդէն կը բաժնեն, միացուցի՞ր վերջապէս իրարու ազգերը եւ ժողովուրդները իրարմէ բաժնող անդունդները. Սէրը, Եղբայրութիւնը, Հաւասարութիւնը տիրապետել տուի՞ր աշխարհի վրայ. պարտքդ կատարեցիր այն ատեն։ Աստուած տալով մեզ ամենակարողութիւն ժամանակի մը համար ազգերու եւ ժողովուրդներու ճակատագրին վրայ, ահաւոր հաշիւ ունի մեզնէ պահանջելիք, երբ մեր շրջանը կատարելէ ետքը՝ պիտէ երթանք իրեն ներկայանալու. եւ այն ատեն երբ մեր առաքելութեան մարդը չենք եղեր, այն ատեն պիտի ըսէ մեզի. «Ծառայ չար եւ անհաւատարիմ, ի՞նչ ըրիր տիրոջդ վստահութիւնն ու հաւատքը…»։

Այսօր մարդիկ նոյնքան վայրենի են դժբաղդաբար որչափ առաջ. քաղաքակրթութիւնը միայն նրբացուցած է իրենց վայրագ բնազդները, ա՛յսչափ. դարձեա՛լ պատերազմներ, դարձեա՛լ սպաննութիւններ, դարձեա՛լ արիւն, դարձեա՛լ արցունք, դարձեա՛լ կռիւ, դարձեա՛լ անհամաձայնութիւն։ (Աւելի եռանդով) Օ՜, ես պիտի նախընտրեմ Սէրը՝ որ կեանքը կը բանաստեղծէ խաղաղութիւնը՝ որ ցամքած հոգիները կը զովացնէ ու ցաւը կ’ամոքէ, անոնց յաղթանակին պիտի ծառայեցնեմ գլխաւորաբար Աստուծոյ ինձ տուած կարողութիւնները։ Կ’ուզեմ որ համայն աշխարհ խաղաղութեան ու Սիրոյ դրօշին տակ ամփոփուած իրապէս երջանիկ անցնէ այն մի քանի տարիները՝ զոր Արարիչը շնորհեր է մարդոց, մաքրելու համար իրենց անմահ հոգիները աշխարհային փորձութեանց բովին մէջ, որպէսզի օր մը արժանի ըլլան իրենց արարչին, ու երթան հանգչելու վերջապէս հոգիներու երջանիկ կայանը, հոն վայելելու համար Սիրոյ, խաղաղութեան հաւասարութեան իտէալին սքանչելի եւ ամենակատարեալ մարմնացումը։ Քիչ մը առաջ կը հարցնէիր, «ո՜վ ահաւոր գաղտնիք կեանքին, ո՞վ պիտի մերկացնէ զքեզ մեր աչքերուն առջեւ»։ Կեանքի գաղտնիքը Սիրոյ մէջ է, ո՜վ մայր, ո՜վ որ շատ կը սիրէ, անիկայ լուծած է կեանքի հանելուկը…։

(Ծերունին որ խոր լռութեամբ կը լսէր, ոտքի կ՚ելլէ եւ ծանր ծանր մօտենալով իր մէկ ձեռքը կը դնէ Նոր Տարիին ուսին վրայ) Ապրի՛ս, զաւակս, երնէկ քեզի, դուն ինձմէ լաւ ըմբռներ ես առաքելութեանդ նպատակը. դուն որ այնքան շատ կը սիրես ու պիտի սիրես աղօթէ՛ ինծի համար, որպէսզի Արարիչը՝ որուն կ’երթամ ահա ներկայանալու, գթած աչքերով նայի իմ վրայ, մնաս բարեաւ, զաւա՛կս, աղօթէ՛ ինծի համար։

(Ծերունին ծանր ծանր կը հեռանայ, մինչ Նոր Տարին ծունկի վրայ կ՚իջնէ ձեռքերը միացուցած եւ լռիկ կ՚աղօթէ անոր նայելով)։