Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՓԱՌՔ ՁԵԶ


Ո՜վ դուք, մտքի վիթխարի առիւծներ, կամքի ու կորովի աննման հսկաներ, սրտի եւ հոգիի աննկուն հերոսներ, մտի՜կ ըրէք… այսօր Ձեր փառքը կ՚օրհներգեն անոնք՝ որոնց կեա՛նք տուիք, մի՜տք տուիք, հաւա՜տք ներշնչեցիք եւ որոնց անապատ սրտերուն մէջ յո՜յսը ծաղկեցուցիք։

Դո՛ւք գերմարդկայնօրէն տանջանալից երկունք մը քրտնեցաք բոլոր այս սքանչելի եւ նուիրական բաները ստեղծելու համար էութեանը մէջ Ձեր ցեղին՝ զոր սիրեցիք ամե՛ն բանէ աւելի, Ձեր կեանքէն շա՜տ աւելի։

Արքայական գահի մը աստիճաններուն տակ ծնած, պալատական պերճանքներու եւ փարթամութեան մէջ սնած ու մեծցած, արհամարհանօք նայեցաք աշխարհային այդ փառքերուն ու պերճանքներուն, եւ երիտասարդ, ու այնքան հոյակապօրէն գեղեցիկ, նետեցիք Ձեր կուշտէն ազատորդիի սուրը, թօթափեցիք Ձեր ուսերէն իշխանավայել ճոխ զգեստները, կամովին փաթթուելու համար կոշտ քուրձերու մէջ, եւ զրկանքի ու տուայտանքի կեանք մը ապրելու ժողովուրդին գիրկը եւ ժողովուրդին համար, ո՜վ մարմնաւոր հրեշտակներ…։

Դո՜ւք եղաք մե՜ծ աւելի քան զՄովսէս, որովհետեւ եթէ Անիկայ առաջնորդեց իր ցեղը դէպի Աւետեաց Երկիրը, Դո՛ւք, ո՜վ երանելի հոգիներ, Դո՛ւք Ձեր ցեղը դէպի Անմահութիւն առաջնորդեցիք։

Մովսէս Սինա լեռնէն իջեցուց աստուածային պատգամները, Դո՛ւք, ո՜վ սքանչելի հոգիներ, Դո՛ւք Արարատի նուիրական բարձունքներէն իջեցուցիք այն սրբազան տախտակները, որոնք կը կրէին ցեղի մը բարձրացման, ցեղի մը կեանքին մշտնջենաւորման խորհրդաւոր եւ հրաշապատում նշանները, եւ որոնցմով Աստուծոյ շունչը նիւթականացուցիք եւ Աստուածային խօսքերը ա՛յնքան հրաշալիօրէն եւ ա՛յնքան հարազատօրէն ժողովրդականացուցիք։

Ձեր հզօր ու պերճ խօսքին հմայքէն տարուած, Վռամշապուհ մեծ արքան գահէն վար իջաւ սպասաւորելու համար Ձեր վառած Լոյսին. Հայոց աշխարհին երիտասարդները եւ պատանիները Ձեր շուրջը բոլորուեցան խանդավառ, հրաշալի մարմնացեալ Գաղափարը տարածելու համար Հայրենիքին ամենէն խուլ ու մութ անկիւններուն մէջն իսկ…։

Դո՛ւք աւելի վսեմ եղաք քան Երեմիան, որովհետեւ եթէ անիկայ հոյակապ ներշնչումով մը մարգարէացաւ իր ցեղին տառապանքները եւ գերազանցօրէն աղեկէզ շեշտերով ողբաց անոր ցաւերը, Դո՛ւք պաշտելի հոգիներ, Դո՛ւք աւելի՛ կորովի, աւելի՛ խիզախ, աւելի՛ ուժգնօրէն ներշնչուած Ձեր ցեղին սիրովը, անոր անզուգական լեզուին, անոր փարթամ գրականութեան գիտակցութիւնը պարգեւեցիք եւ անոր պապենական հնաւանդ եւ ուղղափառ եկեղեցիին սրբազան պաշտամունքը եւ Հաւատքին գերազանց ուժը եւ մխիթարութիւնը ներշնչեցիք, որով անիկայ զօրացած եւ ամրօրէն գօտեպնդուած, կրցաւ արիաբար դիմագրաւել իր գոյութեան սպառնացող հազար ու մէկ վտանգներուն, յաղթող հանդիսանալ այդ մշտակայ ահարկու կռիւին մէջ եւ ապրիլ մինչեւ այսօր…։

Դարերու ընթացքին մէջ երեւցող գիւտերէն ո՞րը արդեօք կրցած է ազգ մը, եւ այն ալ Հայուն պէս թշուառ, հալածական եւ տանջուած ազգ մը պահպանել եւ յաւէրժացնել…։

Ո՞ր գիւտը անաղարտ, զուտ եւ անխարդախ կրցած է պահել արիւնը երակներուն մէջ ցեղի մը՝ որուն սեւ ճակատագրականութեամբ մը վիճակուած է դարաւոր տառապանք, հուր, սուր եւ վերջապէս իրմէն աւելի զօրաւոր ցեղի մը մէջ ձուլուելու ահաւոր սպառնալիքը…։

Մեր ցեղէն շատ աւելի զօրաւոր ցեղեր, փառքի եւ իշխանութեան գագաթնակէտին հասած, հակառակ իրենց շատ խորունկ հմտութեան եւ իրենց շատ խորհրդաւոր թագուն գիտութիւններուն, այսօր ազգերուն մէջ չե՛ն ապրիր ա՛լ եւս, իսկ մենք դեռ կանք ու կը մնանք։

Այդ զօրաւոր ազգերուն անցեալ փառքերէն ու մեծութիւններէն անզգայ յուշարձաններ, հսկայ պաղ մարմարներ կը մնան միայն իբրեւ լուռ վկաներ։

Ձեզնէ, ո՜վ սրբասուն հոգիներ, Ձեզնէ կը մնայ ու պիտի մնայ մի՛շտ կենդանի, մի՛շտ բաբախուն, մի՛շտ խօսուն հրաշալի յիշատակարան մը, այն է՝ հայ տառերը, հայ լեզուն, հայ գրականութիւնը։

Ի՞նչ պիտի ըլլայինք առանց Ձեզի ո՜վ սքանչելիդ Մեսրոպ, եւ նոյնքա՛ն երանելիդ Սահակ…։

Պիտակ ժողովուրդ մը ճամբաներուն երկայնքը ինկած, օտարներէ որդեգրուած եւ օտարին կաթովը սնած ու մեծցած…։

Ո՛չ սեփական լեզու, ո՛չ սեփական գրականութիւն, ո՛չ սեփական եկեղեցի եւ ո՛չ սեփական գերեզման…։

Դուք եղաք այն հսկայ սիւները, որոնց վրայ կը բարձրանայ այսօր հայ լեզուին, հայ եկեղեցիին եւ հայ ազգութեան փառապանծ կենդանի կոթողը։

Փա՜ռք Ձեզ։