Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒՀԻՈՅ ՄԸ ԽՕՍՔԵՐԸ
ԿԱՄԵՑԷՔ ԵՒ ԱՇԽԱՏԵՑԷՔ


Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑԻ ՍԱՆՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ

Ձեր վարժարանական անդրանիկ քոյրերուն Եւրոպա մեկնած օրը խմբովին փութացիք մօտս, եւ անձկութեամբ դողդըղացող ձայնով մը հարցուցիք ինծի.

Հապա մենք… մե՜նք ի՞նչ պիտի ըլլանք…։

Ձեր այդ հարցումը, տղաքս, խորունկ ուրախութեամբ մը լեցուց հոգիս։

Ատիկայ կը նշանակէր թէ՝ դո՛ւք ըմբռներ էք կեանքի մէջ բան մը ըլլալու անհրաժեշտութիւնը. դո՛ւք հասկցեր էք մարդկութեան բուն կոչումը, անոր գոյութեան իրաւունքին նպատակը։

Ինձմէ յաճախ կը խնդրէք որ խօսիմ ձեզի. խօսիմ ի՛մ կեանքէս, ի՛մ փորձառութենէս։

Կ’ուզէք որ խորհուրդներ ու խրատներ տամ ձեր ապագային մասին, մէկ խօսքով կը փափաքիք որ ցոյց տամ ձեզ այն ճանապարհը՝ որմէ պիտի քալէք բան մը կարենալ ըլլալու համար։

Ու ես կըսեմ ձեզի. «Կամեցէ՛ք ու աշխատեցէք»։

Բան մը ըլլալու միակ ու տարամերժ ազդակը՝ կամքն է, աշխատութիւնն է ։

Դո՛ւք այսօր չէ՛ք մտածեր այնպէս՝ ինչպէս կը մտածէին գուցէ տարիներ առաջ ձեր վարժարանական երէց քոյրերը թէ՝ կնոջ ճակատագրուած ըլլալով ընտանեկան կեանքի ներքին զբաղումները եւ տնական հոգերը, աւելորդ է պատրաստուիլ տնտեսական պայքարներու եւ նիւթական հոգերու համար ալ։

Դո՛ւք ըմբռներ էք, տղա՛քս, թէ՝ ժամանակները կը փոխուին ու պիտի փոխուի՜ն…։

Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, մենք կ՚ապրինք երկաթէ գարու մը մէջ, ուր կեանքի պայմաններուն շրջանակը հետզհետէ կը նեղնայ, կը սեղմէ զմեզ իր պողպատէ օղակներուն մէջ։

Դուք կը տեսնէք ձեր սիրելի ու պատուական հայրերը, որոնք հազար չարչարանքներով, արիւն քրտինք թափելով հազիւ հազ ծայրը ծայրին կը բերեն։

Դուք կը տեսնէք այն զրկանքները, որոնց կամովին կ՚ենթարկուին, որպէս զի դուք վարժարան տեսնէք, ուսանիք, մարդ ըլլաք։

Եւ ձեր խիղճը միթէ չը՞մբոստանար, ձեր որդիական սէրը չի՞ տառապիր անոնց այդ չարաչար տաժանքը տեսնելով։

Ձեր փափուկ ու գթոտ սիրտերը միթէ չե՞ն բաբախեր անհուն սիրով ու ջերմեռանդ երախտագիտութեամբ հանդէպ ձեր հերոս հայրերուն, եւ այդ գերազանցօրէն վսեմ զոհողութիւններուն ու տառապանքներուն ի տես, միթէ դուք ալ չէ՞ք բաղձար եռանդուն եւ ազնուօրէն անհամբեր թափով մը նետուիլ աշխատութեան ասպարէզը, ջանալ, տքնիլ, բան մը ըլլալ ՝ պսակելու համար այդ գերագոյն անձնուիրութիւնները եւ թեթեւցնել բեռը անոր որ լուռ մարտիրոսութեամբ մը կը չարչարուի ձեր ապագայ օգտին ու երջանկութեանը, ձեր բարոյական եւ ուսումնական վիճակին կատարելագործմանը համար։

Ո՜վ իմ սիրելի տղաքս, սիրեցէ՛ք, շա՜տ սիրեցէք ձեր պատուական ծնողքը։

Սոսկացէ՛ք յիմարութեան վայրկեանի մը մէջ անխորհուրդ ու խօլ վարուելակերպով մը վիշտ պատճառելէ անոնց։

Սոսկացէ՛ք ձեր պատճառաւ անոնց թափած արցունքները տեսնելէ…։

Օ՜, ծնողքի մը արցունքները…։

Անոնք շա՜նթեր են… անոնք կրա՜կներ են որ կ՚այրեն, մոխիր կը դարձնեն ձեր կեանքը…։

Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, տարիներ ետքը երբ անոնք ալ ոչ եւս պիտի ըլլան, անքուն գիշերներու մէջ յաճախ ձեր աչքերուն առջեւէն պիտի անցնի անոնց տանջուած կերպարանքը…։

Ձեր ամենէն ուրախ ու երջանիկ վայրկենին՝ դուք պիտի տեսնէք ահռելիօրէն կենդանի, անոնց արցունքոտ աչքերը, եւ այդ սարսափելի տեսիլքը ձեզի պիտի հալածէ մինչեւ ձեր կեանքին վերջը ու ձեր ամէն մէկ վայրկենի կեանքը պիտի թունաւորէ։

Գիշերուան խորհրդաւոր լռութիւններուն մէջ դուք ընդոստ պիտի ցատկէք ձեր անկողիններէն լսել կարծելով ձեր սիրական հօր հառաչանքները եւ այնքա՜ն պաշտելի մօր պաղատանքները որոնց չի լսեցիք փորձութեան եւ յիմարութեան նոպայի մը մէջ, եւ այն ատեն արցունքներով պիտի ոգեկոչէք անոնց տրտում ստուերները, եւ ձեր ամբողջ կեանքը պիտի ուզէք տալ քաւելու համար յիմարութեան, չարութեան այդ վայրկեանը, բայց ափսո՜ս… ժամանակը անցա՜ծ պիտի ըլլայ…։

Քանի որ դեռ անոնք կ՚ապրին, քանի որ անոնք դեռ ձեր գրկերուն մէջն են, յիշեցէք միշտ, ամէն վայրկեան յիշեցէք թէ ի՜նչ անհուն գորովով ձեր մայրը իր կաթովը սնոյց ձեզ, թէ ինչքա՜ն գուրգուրանքով ձեր հայրը իր ճակտին քրտինքովը ջրեց ձեր կեանքին մատաղ տունկը, որպէս զի անիկայ ուռճանայ, ծլի ու ծաղկի։

Ջանացէ՛ք կեանքը անուշ ու երջանիկ դարձնել անոնց ձեր հնազանդ ու խոհուն վարուելակերպով, ձեր պարկեշտ եւ լուրջ կենցաղով։

Ջերմ սիրով եւ խորունկ յարգանքով շրջապատեցէք անոնց պաշտելի գոյութիւնները։

Ու երբ օր մը կեանքի օրէնքին համաձայն, անոնք ձեզնէ առաջ թողուն այս աշխարհը, ձեր անհուն վշտին մէջ գէթ կարենաք առանց խղճի սոսկալի խայթերու առանց զանոնք չարչրկած ըլլալու դառն եւ սարսափելի գիտակցութեան հանդարտօրէն լալ եւ ըսել.

Սիրակա՜ն մեռեալներ թո՛ղ անուշ ըլլայ ձեր քունը հողին տակ…։

Գիտեմ, իմ սիրակա՛ն տղաքս, գիտեմ թէ դուք ինչքա՜ն կը դողաք անոնց այդ թանկագին կեանքերուն վրայ։

Գիտեմ, թէ ի՜նչ անհամբերութեամբ  կը սպասէք այն երջանիկ օրուան, երբ դուք ալ ձեր կարգին, ձեր սեփական աշխատութեան առաջին քաղցր վաստակը պիտի կրնաք վերջապէս դնել ձեր ծերունի հօրը ձեռքերուն մէջ եւ ըսել անոր.

Ալ հերիք է, հայրիկ, դուն շա՛տ յոգնեցար, դուն շա՛տ աշխատեցար։

Կ’երեւակայեմ ի՜նչ ազնուական հպարտութեամբ պիտի ուռենան ձեր սրտերը երբ զրկանքներու, զոհողութիւններու, դատանքի բեռը ա՛լ եւս ինկած պիտի տեսնէք վերջապէս ձեր երիտասարդ ուսերուն վրայ։

Եւ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ե՛ս իրական ու կատարեալ երջանկութիւն, գերազանցօրէն քաղցր ու սուրբ հաճոյք այն օրը միայն ճանչցած եմ, երբ առաջին անգամ զգացած եմ ինքզինքս անկախ. աշխատող ձեռքերէս եւ աշխատող միտքէս սպասելով միայն իմ ամէն նիւթական պէտքերուս գոհացումը։

Իմ ընտրած ասպարէզիս ինձ տուած ոչ մէկ յաղթանակին, ոչ մէկ փառքին մէջ այնքան հպարտ ու զօրաւոր զգացած եմ ինքզինքս քան այն բաղդաւոր օրը ուր իմ ծերացած հօրս կրցեր եմ ըսել։

Ա՛լ հանգչէ՛ հայրի՛կ, դուն շա՜տ յոգնեցար…։

Ու երբէք պիտի չմոռնամ, հազար տարի ալ եթէ ինծի կարելի ըլլայ ապրիլ, այն սուրբ եւ աննման ուրախութիւնը որ ճառագայթեր է հոգւոյս մէջ երբ իմ պատուական հայրս զիս իր թեւերուն մէջ առնելով գորովագին համբոյրներու եւ սրտաբուղխ օրհնութիւններու ընդ մէջ մրմնջեր է ականջիս…։

Զաւակս, Աբրահամու օրհնութիւնը թո՛ղ ըլլայ տանդ վրայ. երկնքի աստղերուն եւ աւազի հատիկներուն չափ զաւակներ ունենաս…։

Եւ այդ օրհնութիւնը, հօրս այդ բաղձանքը իրականացած տեսայ ես, սիրական տղաքս, որովհետեւ յանձին ձեր, եւ յանձին ձեր հեռաւոր քոյրերուն, հարիւրներով զաւակներ ունեցայ իմ սիրոյս եւ խնամքներուս յանձնուած, որոնց փոխադարձ սէրը, գուրգուրանքը զիս մխիթարեցին եւ ինծի ուժ ու քաջութիւն տուին ցաւատանջ, յուսախաբութիւններով եւ վշտերով լեցուն կեանք մը տանելու համար…։

Եւ քանի որ երջանկութիւնը, մխիթարութիւնը, մոռացումը աշխատութեան մէջն է միայն, քանի որ ճշմարիտ ու սուրբ հաճոյքը իրեններուն օգնութեան հասնելու եւ անոնց քաղցր բեռը տանելու կարող ըլլալուն մէջն է դարձեալ, ես կ’ուզեմ որ, դո՛ւք, իմ սիրելիներս, դո՛ւք այդ երջանիկներէն ըլլաք։

Ուրախ եղի՛ք որ գրեթէ ամենքդ ալ նիւթական համեստ կացութեան տէր ծնողաց զաւակներ էք։

Դուք պիտի վայելէք անոնց օգնելու, անոնց բաղդը շինելու գերագոյն եւ անանց ուրախութիւնը։

Դուք պիտի փառաւորուիք ձեր անհատական յամառ աշխատութեամբն ու յարատեւ ջանքերով ձերինները երջանկացնելու եւ ձեր ընտանեկան քաղցր բոյնը բոլորովին նոր ու զուարթ վերականգնելու արդար եւ վսեմագոյն փառքով։

Ասիկայ ճշմարտապէս երկնային աննման հաճոյք մըն է, սիրելի՛ տղաքս, զոր Աստուած կը շնորհէ միայն աշխատողներուն եւ որմէ առ յաւէտ զրկուած են նիւթապէս յաջողուածները այս դժբաղդ աշխարհին մէջ։

Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, աշխատութենէ աւելի իրական եւ գերազանց սփոփանք չկա՛յ բնաւ։

Ձեր սրտերուն ամենէն արիւնոտ ժամանակներուն, դուք անոր գրկերուն մէջ պիտի գտնէք մոռացում եւ մխիթարութիւն։

Կեանքի մէջ ձեր կրելիք իւրաքանչիւր յուսախաբութեան, դուք անոր պիտի փարիք իբրեւ գերագոյն ապաւէնը, ձեր սրտին բովանդակ սիրովը, ձեր հոգւոյն բովանդակ կորովովը, եւ այն ատեն պիտի մոռնաք, տղաքս, անոնք որ ձեզ չարչարեցին եւ ձեր սրտերուն հետ խաղացին…։

Աշխատութեան մէջ հանգիստ ու խաղաղութիւն պիտի գտնեն ձեր փոթորկուած մտքերը, եւ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, երբ անցնիք ձեր գրասեղանին առջեւ, ձեր գրքերուն ու թուղթերուն հետ երես երեսի ու բերան բերնի, պիտի զգաք թէ՝ ձեր ճշմարիտ ու անկեղծ բարեկամներն են անոնք, որոնք կը խօսին ձեզի ճշմարտութեան լեզուն, առաքինութեան լեզուն եւ լուսաւորութեան լեզուն։

Դուք ամենքդ ալ ունիք կոչումներ, խելացի էք, ըմբռնող եւ արթուն, այդ կոչումները դուք ինքնին պիտի զարգացնէք ձեր մէջ յամառ աշխատութեամբ եւ զօրաւոր կամքով։

Ամեն բան դպրոցէն պիտի չսպասէք։

Մի՛ կարծէք որ դպրոցը թողնելէ ետքը՝ դուք ամենագէտներ էք արդէն, հետեւաբար եւ ասպարէզը բաց է ձեր առջեւ։

Դպրոցը ձեզի ճամբան ցոյց կուտայ. անիկայ լոկ ուղեցոյց մըն է։ Դուք պիտի յառաջդիմէք ինքնազարգացմամբ. պիտի աշխատիք, պիտի կարդաք ու պիտի մտածէք։

Ամենքդ մտքի մարդը պիտի չըլլաք անպատճառ. եւ մի՛ կարծէք որ բան մը ըլլալու համար, անպատճառ մտքի մարդը ըլլալու է։

Ձեր մէջ կան այնպիսիներ՝ որոնք պատուական արուեստագէտներ կրնան ըլլալ, վարժ դերձակուհիներ, նուրբ ասղանկարիչներ, ճաշակաւոր մօտիսթներ, որոնք պիտի կրնան վաղը արուեստանոցներ կառավարել, եւ իրենց համար փառաւոր ապագայ ապահովել։

Ուրիշներէն օգնութիւն մի՛ սպասէք, դուք ձեր ջանքերով, ձեր ճարպիկութեամբ, ձեր անձնական արժանիքներով միայն ճամբայ պիտի բանաք ձեզի համար։

Եթէ դուք ձեր մէջ չի գտնէք ուժ, կարողութիւն, արժանիք, դուրսէն հասած օգնութիւնը ոչ մէկ օգտակարութիւն կունենայ ձեզի համար։

Մի՛ ըսէք թէ բաղդս չի յաջողեցաւ։

Բաղդը՝ բառ մըն է լոկ։

Բաղդ չկա՛յ։

Կամեցէ՛ք միայն եւ աշխատեցէ՛ք։