Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԴԱՍԱՏԻԱՐԱԿՈՒՀԻՈՅ ՄԸ ԽՕՍՔԵՐԸ
ՄԻ՛ ՎՀԱՏԻՔ


Ս. Հռիփսիմեանցի Սանուհիներուն

Կը կարծուի, տղաքս, թէ՝ «Աշխարհ» բառը, շինուած է «Աշխարել» բայէն, որը կը նշանակէ լալ, ըսել է մենք որ կ՚ապրինք աշխարհի մէջ, մեզի ճակատագրուած է լալ յաճախ…։

Մանուկը երբ կը ծնի, իր առաջի աղաղակը լաց է, իր առաջին տառապանքը՝ մօրը կաթէն կտրուելուն տառապանքն է, իր առաջին ցաւը՝ մօրը գրկէն բաժնուելով վարժարան երթալու ցաւն է. թէեւ ետքը՝ այդ վարժարանը պիտի ըլլայ իր ամենէն շատ սիրած յարկը, որմէ բաժնուիլն ալ իրեն պիտի պատճառէ մեծագոյն վիշտը։

Վերջապէս, տղաքս, քանի կեանքի մէջ կը յառաջանանք, մեր տարիքին, մեր ապրած միջավայրին ու մեր կեանքի պայմաններուն համեմատութեամբն ալ կ՚աւելնան մեր ցաւերն ու տառապանքները։

Ուրախութեան, երջանկութեան օրերը խուսափուկ ասուպի մը պէս կը թռչին, իրենց ետեւէն թողլով հրեղէն հետք մը, որը յիշատակն է եւ որուն մէջ մխիթարութիւն կը փնտռենք երբ նոր ցաւեր մեր սրտերը կը բզկտեն։

Չէի ուզեր այսպէս խօսելով կանուխէն տխրեցնել ձեր անհոգ ու զուարթ սրտերը, սակայն, տղաքս, պէտք է դուք հիմակուց գիտնաք թէ՝ կեանքը միշտ այսօրուայ կեանքը չի մնար եւ թէ՝ դուք այժմէն պիտի պատրաստուիք արի ըլլալու եւ կեանքի կռիւին համար զինուելու։

Կեանքի կռիւը ահաւոր է, անիկա լեցուն է է՛ն դառն անակնկալներով, է՛ն աներեւակայելի տանջանքներով, եւ ահա ատոնց դիմանալու, ատոնց դէմ կռուելու համար պէտք է որ դուք ըլլաք խիզախ, հպարտ եւ անվեհեր։

Անոնք որ կեանքի ահարկու կռիւէն դուրս կուգան յաղթական առանց բան մը վրայ տալու իրենց բարոյական կորովէն, իրենց կամքի ու սրտի տիրական ուժերէն, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, անոնք շատ աւելի մեծ են, շատ աւելի հերոսական, քան պատերազմի դաշտին վրայ դիւցազնօրէն մեռնող կտրիճները, որովհետեւ, տղաքս, երբեմն ամենէն վախկոտ ու տկար մարդն իսկ կրնայ կռուոյ բաց դաշտին վրայ պարագաներու եւ պայմաններու գերագըրգռութեան տակ վայրկենական մահ մը ընդգրկել քաջաբար, բայց ամէն օր տանջուիլ, ամէն օր դառնանալ, ամէն օր կռուիլ, եւ այդ յարատեւ կռիւէն դուրս գալ միշտ մաքուր եւ ազնուական սրտով, միշտ մեծ եւ վեհանձն հոգիով, ահա ատիկա ճշմարտապէս ընտրեալներու յատուկ գործ է. եւ անոնք որ այդ կեանքը կ՚ապրին անոնք ընտրեալ հոգիներ են, որոնք արժանի են մեր ամենուս յարգանքին ու պաշտամունքին։

Եւ քանի քանի նմանօրինակ հերոսներ ունինք արդեօք, որոնք այսօր գուցէ անծանօթ կը մնան, կամ յաւիտենական քունը կը քնանան աննշան անկիւն մը, հասարակաց փոսին մէջ առանց իբրեւ յիշատակարան գոնէ պարզ խաչքար մը ունենալու իրենց վրայ, ափսո՜ս…։

Մի՛ վհատիք սակայն։

Մի՛ վհատիք եթէ որբ էք, թշուառ, լքեալ, մենաւոր…։ Կամեցէ՛ք միայն, եւ ձեր կամքին ուժովը պիտի կրնաք ճամբայ բանալ ձեզի համար, նոյն իսկ բաղդին էն շփացած զաւակներուն քալած ճամբաներուն քովէն։

Մի՛ վհատիք, եթէ երբէք կորսնցնելով ձեր սիրելիները, զգաք ձեր սիրտը թափուր եւ տխուր չոր ու ամայի անապատի մը պէս։ Կամքի ու կորովի հզօր ճիգով մը թօթուեցէք ձեր վրայէն յուսահատութեան կապարէ ծանրութիւնը, յուսացէ՛ք, հաւատացէ՛ք սիրեցէ՛ք միշտ, ու սիրոյ նոր ծաղիկներ պիտի գան փթթիլ ձեր սրտերուն անապատին մէջ, եւ անիկայ պիտի դառնայ ջրարբի եւ զուարթ ովասիս մը։

Մի՛ վհատիք եթէ ձեր շատ սիրածներէն խաբուելու սոսկալի տանջանքը կրէք երբէք, չ՚ըլլայ որ մեռցնէք ձեր սիրտը. չըլլայ որ անիկայ գոցէք նոր սէրերու, նոր համակրութիւններու համար, որովհետեւ սիրելի տղաքս, մեծ անիրաւութիւն մը պիտի ըլլայ մեր կրած յուսախաբութիւններէն հետեւցնելով ամբողջ մարդկութիւնը դաւանիլ վատ ու դաւաճան, մինչ այդ մարդկութեան մէջ կան գերազանցօրէն ազնուական եւ առաքինի հոգիներ, որոնց պիտի կրնանք հանդիպիլ. եթէ փնտռենք։

Դժբաղդ կ՚ըլլաք, տղաքս, եթէ ապրիք միայն ձեր անձին համար. մարդ երջանկութիւնը ինքն իր մէջ ամփոփուելով չէ՛ որ կը գտնէ։ Ուրիշները սիրելուն, ուրիշներու նուիրուելուն, ուրիշներու օգնելուն մէջն է իրական երջանկութիւնը։

Եթէ երկինք տուած է մարդուն գերագոյն մեծութիւն մը, գերագոյն բարիք մը, որ կը մօտենայ աստուածային բարիքին աստուածային մեծութեան, ատիկայ՝ ինքզինքը կարենալ տալու, կարենալ նուիրուելու բարիքն է։

Կրնայ ըլլալ որ նիւթական գանձեր չունենաք տալու մարդկութեան սիրոյն ու օգտին համար, բայց մի՛ ցաւիք, դուք այնպիսի գանձ մը ունիք տալու եթէ ուզէք որուն առջեւ հողին հաւասար են աշխարհի է՛ն վիթխարի ոսկեղէն բուրգերը, այն է՛ ձեր սիրտը, ձեր կեանքը։

Մի՛ վհատիք, եթէ ձեր սէրը, ձեր անձնուիրութիւնը անցնին աննշմար, եթէ ձեր հոգեկան ամբողջ գանձերը առնուին անտես. դուք տղա՛քս, աւելի՛ սիրեցէք, աւելի՛ անձնուէր, աւելի՛ առաքինի եղիք եթէ կրնաք, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, մարդիկ որչափ ալ կոյր ըլլան օր մը անպատճառ կը ճանչնան զձեզ, գուցէ ձեզ կորսնցնելէ ետքը, ձեր մահուանէն ետքը, բայց կը ճանչնան վերջապէս, այն ատեն արցունքներով կը փնտռեն զձեզ եւ ձեր կենդանութեան ատեն զձեզ ճանչցած չըլլալնուն համար կը զղջան…։

Մի՛ վհատիք, թող ձեր կուրծքերը հզօր եւ անդրդուելի ժայռերու պէս բարձր կանգնին կեանքի քամիներուն եւ մրրիկներուն դէմ. այդ մրրիկը կ՚անցնի, քամիները զեփիւռի կը փոխուին, արեւը կը ծագի դարձեալ, բայց վա՜յ եթէ ձեր սրտերուն ժայռը խորտակուած ըլլայ…։

Մի՛ վհատիք երբէք. հպարտ եւ զօրաւոր եղիք ձեր արժանապատուութեան զգացումին մէջ, արհամարհեցէք ամէ՛ն փառք, ամէ՛ն պատիւ, ամէ՛ն սէր, եթէ ատոնք ձեզի պիտի տրուին ո՛ եւ է նուաստութեան մը գինովը։

Նախամեծար համարեցէք ամենէն համեստ վիճակը, բաւականէ որ բան մը չի կորսնցնէք ձեր նկարագրին բարձրութենէն, բաւական է որ մնաք հոգիով, սրտով ու մտքով մի՛շտ մեծ, մի՛շտ վսեմ, արժանի՝ ամենուն յարգանքին ու հիացման, եւ ճշմարիտ կըսեմ ձեզի, եթէ մէկն ալ ձեզի չի ճանչնայ, դուք ձեր անձը ճանչնալու գերագոյն ուրախութեամբն ու արդար հպարտութեամբը պիտի հրճուիք ու մխիթարուիք։

Մի՛ վհատիք, եթէ օր մը ըլլայ որ դուք մնաք անտուն, անտէր, եւ անօթի։ Ուրիշներու գթութեանը մի՛ դիմէք, ամօթ եւ նուաստութիւն համարեցէք ատիկայ ձեզի ցորչափ հիւանդ եւ անկարող չէք։ Ձեր անձին վստահեցէ՛ք, ձեր աշխատութեան կրթնեցէք, եւ այդ վիճակէն պիտի ազատիք։

Ծայրայեղ հպարտութիւնը ունեցէ՛ք ուրիշներուն ցոյց չտալու ձեր բարոյական ու նիւթական ցաւերը, տարէ՛ք զանոնք քաջաբար եւ ազնուօրէն։

Մի՛ գանգատիք ձեր վիճակէն, մի՛շտ հանդարտ եւ զուարթ երեւցիք, նոյն իսկ եթէ խռոված էք, ու վշտացած ձեր ներքին կեանքին մէջ։

Ձեր ներքին ցաւերը մի՛ յայտնէք օտարին, օր մը այդ խռովքներն ու ցաւերը կ՚անցնին ձեզի համար, ու դուք գուցէ կը մոռնաք, բայց օտարը միշտ կը յիշէ…։

Տեսաք ահա՛, տղաքս, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան ձեր զէնքերը կեանքի կռիւին համար։ Հաստատուն կամք, զգայուն եւ սիրող սիրտ, խիզախ անվեհեր հոգի, գործող միտք եւ աշխատող ձեռքեր։ Եթէ այս զէնքերով զինուած էք, մի՛ վհատիք բնաւ ու մի՛ վախնաք, դուք կեանքի մէջ յաջողուածներէն պիտի ըլլաք։