ԿՆՈՋ
ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ.
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
ԵՒ
ԿԻՆԵՐԸ
Դ
Հայրենիքի
սէրը
դաւանանք
մըն
է,
կրօնք
մըն
է,
եւ
այն
միակ
կրօնքը՝
որուն
միշտ
կոյր
ու
մոլեռանդ
պաշտումով
մը
պիտի
երկրպագէ
մարդկութիւնը,
եւ
որուն
մէջ՝
դարերու
ընթացքը,
զարգացումը,
քաղաքակրթութիւնըբան
մը
չպիտի
կրնար
փոխել։
Անիկայ
պիտի
մնայ
յաւիտենական
նորը,
մի՛շտ
ճշմարիտը,
միշտ
ստիպողականը
եւ
միա՛կ
տիեզերականը,
եւ
այդ
սէրը
այնքա՛ն
բնականօրէն
է՛ն
նախնականն
է
ու
զօրաւորը
որ
կարելի
է
ըսել
թէ՝
ծնողական
սէրէն
ալ
առաջ
կ՚անցնի,
որովհետեւ
մենք
գիտենք
շատ
մարդիկ,
որոնք
մեռած
են
հայրենաբաղձութեան
ցաւէն,
բայց
չի
յիշուիր
բնաւ
մարդ
մ
որ
մեռած
ըլլայ
իր
ծնողքը
կորսնցուցած
ըլլալու
վիշտէն։
Հայրենասիրութեան
կրօնին
պաշտամունքին
մէջ
սակայն
քանի
կինը
հետզհետէ
տեղ
ու
դիրք
կը
բռնէ,
հաւատքը
աւելի՛
կ՚ամրապնդուի,
եւ
կրօնքը
կ՚աստուածանայ
ու
կը
մշտնջենաւորուի։
Եւ
ասի
թող
զարմանալի
չի
թուի,
վասնզի
մենք
պատմութենէն
գիտենք
որ
այն
ամեն
գաղափարները,
դաւանանքները,
շարժումներն
ու
զգացումները
որոնք
կնոջ
մասնակցութեամբն
ու
աջակցութեամբը
մէկ
խօսքով
կնոջ
շունչովն
են
ոգեւորուեր,
անո՛նք
միշտ
մե՛ծ,
հերոսական
ու
տիրական
եղեր
են։
Քրիստոնէական
կրօնը
պիտի
չգտնէր
ապահովաբար
այն
գրեթէ
տիեզերական
ընդունելութիւնը
եւ
պաշտումը,
եթէ
կին
մարտիրոսուհիներ
իրենց
դիւցազնական
արիութեամբը
չի
խանդավառէին
ժողովուրդը
եւ
իրենց
աննկուն
հաւատքով
անոր
չի
ներշնչէին
Հաւասարութեան,
Եղբայրութեան
ու
Սիրոյ
խորհուրդին
մեծութիւնն
ու
սրբութիւնը։
Եւ
դարձեալ
Քրիստոնէութիւնը
գուցէ
երկար
չապրէր,
եթէ
կին
մը,
սրբուհին
Հեղինէ
իր
ազդեցութեամբ
չի
յաջողէր
ձեռք
բերել
այդ
նոյն
կրօնքին
ազատ
պաշտաման
իրաւունքը։
Եւ
նոյնիսկ
ա՛յսօր
քրիստոնէութիւնը
իր
բացարձակ
հոգեւարքին
մէջը
կ՚ըլլար,
եթէ
կինը
չի
պահպանէր
զայն
նախանձոտ
գուրգուրանքով
ու
երկիւղածութեամբ
իր
ընտանեկան
յարկին
ու
ապրծ
միջավայրին
մէջ։
Կնոջ
ազդեցութիւնը,
—
լաւ
թէ
վատ—
ոչ
միայն
այսօր՝
ուր
կինը
յառաջդիմած,
զարգացած
եւ
իբրեւ
մարդէակ
իր
բնական
եւ
արդարացի
իրաւունքները
ձեռք
բերած
է,
այլ
նախնական
դարերու
մէջ
ալ
երբ
անիկայ
գերի,
ստրուկ
էր
նկատուած—
մի՛շտ
մեծ
ու
տիրական
եղեր
է
ընտանեկան
կեանքի
վրայ,
ընկերական
կեանքի
վրայ,
ինչպէս
նաեւ
իր
ապրած
միջավայրին
վրայ։
Մեր
նախամայրը
Եւա
իր
ազդեցութեամբ
կրցաւ
խախտել
Ադամի
կամքը
եւ
անոր
կերցնել
տալ
արգիլեալ
պտուղը,
եւ
Սառա,
Աբրահամու
կինը
կրցաւ
ազդել
իր
ամուսնոյն
վրայ
եւ
յաջողեցաւ
վռնտել
տալ
անոր
սիրելի
հարճը՝
Հագարը
եւ
որդին՝
Իսմայէլը։
Եսթեր
հրեայ
գերուհի
մը
կրցաւ
ազդել
զօրաւոր
Ասուերոսի
վրայ
եւ
իր
ցեղը
ազատել
անխուսափելի
աղէտքէն։
Ալանաց
գեղեցիկ
օրիորդը,
Սաթենիկ,
յաջողեցաւ
իր
անուշ
լեզուին
ազդեցութեամբ
համոզել
հպարտ
Արտաշէսը
որ
ազատէ
իր
եղբայրը
գերութենէ.
եւ
Խոսրովիդուխտ
հայ
իշխանուհին
կրցաւ
վերջապէս
համոզել
պալատական
իշխաններն
ու
նախարարները
որ
երթան
վիրապին
մէջ
փնտռեն
կենդանի
Ս.
Գրիգորը,
որուն
երեւումը
բոլորովին
յեղաշրջեց
այն
ատենուան
հայ
կեանքը։
Եւ
կիները
ըմբռնած
ըլլալու
էին
իրենց
այդ
խորունկ
եւ
անդիմադրելի
ազդեցութիւնը,
քանի
որ
իրենք
կ՚ոգեւորէին,
կը
խրախուսէին
իրենց
ամուսինները,
եղբայրները,
զաւակները
պատերազմի
ատեն։
Ո՞վ
չի
յիշեր
Սպարդացի
այն
դիւցազն
կիները,
որ
իրենց
սիրելիները
պատերազմի
ղրկած
պահուն
վահանը
ցոյց
տալով
կ՚ըսէին.
«Կա՛մ
տակը,
կա՛մ
վրան»։
Ո՞վ
չի
յափշտակուիր
յիշելով
Հռովմայեցի
այն
սքանչելի
մայրը,
Կուռնելիան,
որ
իր
զաւակները
ժողովուրդի
բարօրութեան
ու
երջանկութեան
համար
զոհուելու
ու
մեռնելու
յորդորած
ատեն
կ՚ըսէր
անոնց
թէ՝
իր
միակ
տենչալի
բաղձանքն
էր
գերեզմանին
վրայ
իբր
տապանագիր
ունենայ
միայն
«Կրաքեաններու
մայրը»։
Շա՜տ
համառօտ
ու
միեւնոյն
ժամանակ
շատ
պերճախօս
տապանագիր
մը,
որը
իր
մէջ
կը
բովանդակէ
հայրենիքի,
ցեղի
սիրոյն
գերազանց
բարձրութիւնը,
ու
միանգամայն
փառասիրութիւններու
ամենէն
ազնիւը
ու
ամենէն
սուրբը…։
Ո՞վ
չի
յիշեր
պատմութիւնը
ասպետական
դարերու,
ուր
ասպետը
իրական
կամ
նոյնիսկ
երեւակայական
գեղուհւոյ
մը
սիրովը
ոգեւորուած,
անոր
սիրոյն
արժանի
ըլլալու
համար
կ՚երթար
հերոսական
արկածներ
փնտռելու
եւ
շատ
անգամ
իրօք
հերոս
կը
դառնար
մի՛շտ
այդ
ներշնչող
ազդեցութեան
խթանին
տակ։
Ուրեմն
կինը
ամեն
դարերու
եւ
ամեն
ժամանակներու
մէջ
սիրեր
է
արին,
կարիճը,
եւ
անոր
դիւցազնական
գործերը
վարձատրեր
է
ամենէն
բարձր
շնորհներով։
Եւ
այսօր
նոյն
բանը
չէ՞,
դարձեալ…
Ո՞ր
սրտով
ու
հոգւով
ճշմարիտ
հայ
աղջիկը
իր
անտիական
հասակին
երազները
չոսկեզօծեր
հայ
կարիճին
իտէալ
պատկերով,
հայ
կտրիճը,
վեհ
եւ
սքանչելի
նկարագրով
մը
օժտուած,
որ
ամեն
զրկանք
ամեն
տառապանք
կը
տանի
անտրտունջ
հասնելու
համար
իրեն
պարտականութիւն
դաւանած
սուրբ
նպատակին…
Եւ
ո՞ր
լուրջ,
ճշմարտապէս
զարգացած
հայ
աղջիկը
զզուանօք
երես
չի
դարձներ
այն
փափկասուն
ինքնակոչ—կենցաղագէտ
երիտասարդներէն
որոնք
վարպետ
են
միայն
ճարպիկ
հաճոյախօսութիւններ
անոր
ականջներուն
մօտ
սահեցնելուն
մէջ…
Ծիծաղելի՜
խամաճիկներ,
որոնք
արժանիքը
կը
տեսնեն
միայն
իրենց
վայելուչ
սմօքինքներուն
եւ
կամ
մի
քանի
արուեստական
նրբացած
ծեքծեքումներուն
մէջ։
Եթէ
պատերազմը
գոյութեան
իրաւունքը
ունի
դեռ
ներկայ
ժամանակներուն
մէջ
ալ,
եթէ
արիւն
թափելը
դեռ
ներելի
կը
նկատուի
այսօր,
պատճառն
այն
է
որ
դեռ
կը
գտնուին
ազգեր
ու
ժողովուրդներ,
որոնք
ուրիշ
ազգերու
եւ
ցեղերու
հայրենիքը
կողոպտելու,
իւրացնելու
կը
ձգտին,
եւ
իրենց
շահերուն
համար
չեն
խղճահարուիր
ուրիշներուն
շահերը
զոհելու…։
Հայրենիքը
ամենուն
համար
ալ
նուիրական
ու
սուրբ
է,
եւ
անոր
փրկութեանն
ու
պաշտպանութեանը
համար
մղուած
կռիւը
միայն
արդարացի
է
եւ
օրինաւոր։
Պէտք
է
յարգել
ազգերու
այդ
իրաւունքը։
Եւ
ցորչափ
այդ
իրաւունքը
չի
յարգուի՝
կնոջ
ալ
պարտականութիւնն
է
մասնակցիլ
հայրենիքի
պաշտպանութեան
գործին,
ի՛նչ
միջոցներով
որ
կրնայ,
բարոյական
ու
միեւնոյն
ժամանակ
գործնական
դեր
առնելով
պատերազմներու
մէջ։
Դժբաղդաբար,
հակառակ
քաղաքակիրթ
կոչուած
այս
դարուն,
մենք
դեռ
կ՚ապրինք
բարբարոս
ժամանակ
մը,
ուր
իրաւունքը
եւ
արդարութիւնը
երեւի
թէ
արիւնով
պէտք
է
ձեռք
բերել։
Դեռ
հասած
չէ
երազուած
այն
բաղձալի
օրը՝
յորում
խաղաղութիւնը
միայն
պէտք
է
թագաւորէ
աշխարհի
վրայ,
եւ
ազգերու
եղբայրակցութիւնը
նուիրագործուի
համերաշխութեան
եւ
սիրոյ
օրէնքովը։
Դեռ
հասած
չէ՛
ժամանակը՝
յորում
աշխարհակալութեան
ձգտումները
մէկ
կողմ
թողած,
ժողովուրդներու
իրական
երջանկութեան
պայմաններուն
վրայ
միայն
խորհին
կառավարութիւնները։
Աշխարհակալութեան
ձգտումները
հին
բարբարոսական
դարերու
գործն
էր։
Այն
ատեն
ատոր
մէջ
փառք
կը
փնտռէին։
Այդ
նպատակին
համար
կռուիլը
ներելի
չէ՛
այսօր։
Ներելի
չէ՛
երբէք
երիտասարդ
կեանքերու
զոհաբերութիւնը
շահագործել
այնպիսի
տեսակէտի
մը
համար՝
որուն
ուղղակի
եւ
միակ
նպատակը
չէ՛
ժողովուրդներու
ապագա՛յ
երջանկութիւնը
եւ
բարօրութիւնը։
Ոչ
մէկ
քաղաքակիրթ
մարդ,
ոչ
մէկ
անկեղծ
եւ
ազնիւ
զինւոր
իր
արիւնը
պէտք
է
թափէ
իր
եղբօր
երջանկութենէն
ու
ազատութենէն
եւ
հայրենիքի
պաշտպանութենէն
դուրս՝
ուրիշ
ո՛
եւ
է
նպատակի
համար։
Ո՛չ
մէկ
զինւոր
իր
փառքը
պէտք
է
փնտռէ
ուրիշին
հայրենիքը
նուաճելու,
ուրիշները
չարչարելու,
մեռցնելու
տխո՜ւր
յաղթանակին
մէջ,
ամօթալի՜
յաղթանակ
արդարեւ,
գողութեան,
բռնութեան,
անիրաւութեան
սեւ
բիծովը
մրոտուած,
թէպէտ
ատեն
մը
դափնիէ
պսակներով
փառաւորուած
ըլլար
այն…։
Ներկայ
դարը
ալ
եւս
շատոնց
հեռու
եղած
ըլլալու
էր
մարմնական
ուժի,
ֆիզիքական
քաջագործութիւններու
դարը
ըլլալէ։
Բարոյական
եւ
մտաւորական
քաջութիւնը
միայն
արժանի
համարուած
ըլլալու
էր
այսօր
փառքի
եւ
մեծութեան։
Ֆիզիքական
կտրիճութենէ
աւելի՝
նկարագրի
կտրիճութիւնը
թագաւորելու
էր
այսօր։
Անցած
ըլլալու
էր
մէկ
խօսքով
պատերազմներու
ժամանակը։
Եթէ
քիչ
մը
հող
աւելի
ունենալու
համար
իրար
սպաննելը,
իրարու
արիւն
խմելը
բաւականութիւն
կը
պատճառէր
ատեն
մը,
այսօր՝
սարսափ
պատճառելու
էր
միայն։
Միթէ
խա՞ղ
նկատելու
է
մարդու
մը
մահը.
այդ
մարդը
իր
ետեւ
չի՞
թողուր
մայր
մը,
քոյր
մը,
կին
մը,
սիրելի
մը,
որոնց
սիրտը
պիտի
բզկտուի,
ապագան
պիտի
խորտակուի,
արեւը
պիտի
մարի…։
Կարդացէ՛ք
Օսիանի
երգերը։
Բարբարոսական
դարերու
մէջ
ապրող
Սկովտիացի
մեծ
բանաստեղծը
յափշտակութեամբ
կ՚երգէ
Բինգալի
մղած
պատերազմները
եւ
ամենավսեմ
շունչով
մը
կը
պանծացնէ
իյնող
հերոսներու
քաջագործութիւնները,
բայց
եւ
այնպէս
երբ
կը
նկարագրէ
ահաւոր
վիշտը
այն
տարաբաղդ
աղջիկներուն,
որոնք
իրենց
երկար,
գեղեցիկ
մազերը
հովուն
տուած,
գիշերանց
կ՚ելնեն
լեռները
թափառական,
պատերազմի
մէջ
իյնող
իրենց
սիրելիներուն
ստուերները
փնտռելու.
երբ
կը
հնչեցնէ
անոնց
աղեկէզ
ողբերը,
իր
քնարը
այնպիսի
մորմոքիչ
նօթեր
կ՚առնէ
որ
անկարելի
է
կարդալ
զանոնք
առանց
արցունքներու։
Կը
յիշեմ
որ
Օսիանի
մէկ
քերթուածը
ամբողջ
գիշեր
մը
տենդ
տուաւ
ինծի։
Ի՞նչու
ստեղծել
այս
տառապանքները,
ի՞նչու
մարդ
մը
դժբաղդացնել
ուրիշ
մարդու
մը
ձեռքով,
երբ
այդ
երկու
մարդիկը
զիրար
ատելու
ոչ
մէկ
պատճառ
ունին,
եւ
ո՞վ
գիտէ,
գուցէ
կեանքի
մէջ
եթէ
իրարու
հանդիպած
ըլլային,
ճակատագրուած
էին
զիրար
սիրելու։
Հասարակական
ապագայ
բարեշրջումներու
կարգին
կը
պատկանի
նաեւ
պատերազմի
բարձումը
եւ
ատոր
մէջ
կինը
ահագին
դեր
եւ
նշանակութիւն
ունի,
քանի
որ
ամենէն
աւելի
ինքն
է
տառապողը
պատերազմներու
հետեւանքէն,
քանի
որ
ի՛նքն
է
զինւորին
ծնունդ
տուողը
եւ
ինքն
է
զինւորը
պատերազմի
ղրկողը։
Անիկա
իրաւունք
ունի
իր
ձայնը
լսելի
ընել
տալու
կառավարութիւններու
մօտ,
խորհրդարաններու
մէջ,
եւ
նոյն
իսկ
մերժել
անօգուտ
մահուան
մը
ղրկելու
իր
աղիքներէն
փրթած
այդ
սիրասուն
էակները,
իր
սրտին
եւ
հոգիին
այնքա՜ն
թանկագին
մասունքները։
Տիկին
Հէնրի
Պիչըր
Սթօու,
ինքը
առանձին
վերցուց
գերեվաճառութեան
սոսկալի
առուտուրը
աշխարհի
վրայէն
իր
սքանչելի
«Աղբար
Թովմաս»ովը.
ինչո՞ւ
նոր
Տիկին
Սթօու
մը,
օժտուած
նոյնքան
հեղինակաւոր
եւ
հզօր
շունչով
մը
պիտի
չվերցնէ
պատերազմը,
քաղաքակիրթ
աշխարհի
այս
սարսափելի
չարիքը,
որը
դարերէ
ի
վեր
այնքան
երիտասարդ
կեանքեր
տուած
է
հուրին
ու
սուրին
բերանը
եւ
ստիպել
կառավարութիւնները
որ
յարգեն
իրարու
փոխադարձ
իրաւունքները,
եւ
ճշմարիտ
մեծութիւնն
ու
փառքը
փնտռեն
ոչ
թէ
ուրիշներու
ստրկութեան՝
այլ
իրենց
սեփական
ժողովուրդներուն
մտաւոր,
հոգեկան
ու
տնտեսական
յառաջդիմութեան
ու
բարգաւաճմանը
մէջ։